Թուրք Պաշտօնեան Սպառնացած է Հայաստանին

Աշխարհ, Հայաստան

Թուրքիոյ իշխող «Արդարութիւն եւ զարգացում» կուսակցութեան մամուլի խօսնակ Օմէր Չելիքը Հայաստանի հասցէին սպառնալիքներ ընդգրկող գրառում ըրած է Twitter-ի իր էջին։

Ըստ Ermenihaber.am-ի՝ ան մասնաւորապէս գրած է․ «Հայաստանի՝ Քելբաջարի մէջ (Քարվաճառ) իրականացած յարձակման հետեւանքով զոհուած է Ազրպէյճանի զինուոր։ Խստագոյնս կը դատապարտենք այդ յարձակումը։ Հայաստանը կը շարունակէ իր յարձակողական քաղաքականութիւնը, որ տարածաշրջանի խաղաղութեան համար սպառնալիք է։ Այդ յարձակողական քաղաքականութեան համար պատասխանատու են նաեւ Հայաստանը քաջալերողները»։

Թուրք պաշտօնեան յիշեցուցած է, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանը ուշադրութիւն հրաւիրած էր տարածաշրջանի երկիրներուն հետ ձեւաւորուելիք ծրագիրի կարեւորութեան վրայ։

«Ըսած էր (Էրտողանը), որ Հայաստանը կը ներգրաւուի այդ ծրագիրին մէջ, եթէ հրաժարի իր յարձակողական պահուածքէն։ Հայաստանը պէտք չէ վատնէ այս պատմական հնարաւորութիւնը։ Հայաստանը պէտք է լաւ հասկնայ մեր նախագահի եւ Ազրպէյճանի նախագահի ուղերձները։ Հակառակ պարագային պիտի առերեսուի նոր խնդիրներու հետ»,- սպառնացած է Չելիքը։