Լիզպոնն Ու Տարածքներու Վերականգնման Հրամայականը («Ազդակ»)

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Խմբագրական

Լիզպոնի խոյանքին ամբողջ խորհուրդը, իմաստն ու նպատակը պատմական իրաւունքներու վերականգնման սկզբունքին կը վերաբերէր: Գործողութիւնը իրականացուցած իւրաքանչիւր հերոս իր պատգամին մէջ առանցքային նշանակութեամբ կ՛անդրադառնար հայկական հողերու ազատագրման հրամայականին:

Յեղափոխական աւանդներու վերադարձի վարքագիծով բնութագրուող այս ինքնազոհութիւնը կը քանդէր արդէն իսկ ճարճատուած լռութեան պատը եւ միջազգային հնչեղութիւն կ՛ապահովէր Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման անտեղիտալի պահանջատիրութեան:

Արագ ուսումնասիրութիւն մը կրնայ ընդգծել, որ յետլիզպոնեան ժամանակահատուածը ինչպէ՛ս յատկանշուեցաւ տեղեկատուական, քաղաքական, պետական եւ միջազգային մակարդակներու վրայ Ցեղասպանութեան ճանաչման արծարծումով:

Հայրենիքի վերանկախացումը ազդանշող հռչակագիրին կը ներառուէր լիզպոնեան աւանդը` համայն հայութեան ազգային իղձերու նկատառումն ու պատմական իրաւունքներու վերականգնումի գաղափարը:

Լիզպոնեան պատգամը կ՛ամրագրուէր Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Համահայկական հռչակագիրին մէջ` Սեւրի եւ Իրաւարար վճիռի ուղենշային հանգամանքի շեշտադրումով:

Լիզպոնեան ուղերձներու պետական որդեգրումի նախադրեալներ էին այս բոլորը, որոնք կը համալրուէին իւրաքանչիւր ապրիլ 24-ի բարձրագոյն մակարդակներէ հնչած, հայրենազրկման միտքը բանաձեւող պաշտօնական յայտարարութիւններով:

Այս բոլորը կ՛ուրուագծէին այն բոլոր իրաւադրոյթները, որոնք ըստ էութեան իբրեւ կոչ ու գաղափար գոյութիւն ունէին Լիզպոնի հերոսներու պատգամներուն մէջ եւ որոնք կը լսուէին Լիզպոնի թրքական դեսպանատան մէջ որոտացած պայթումներու արձագանգներուն մէջ:

Լիզպոնի պայքարը տեղափոխուած էր այնուհետեւ արցախեան մարտադաշտ եւ հայ-ազրպէյճանական շփման գիծեր: Առընթեր` Հայաստանի Հանրապետութիւն-Ազրպէյճան պետական սահման: Այնուհետեւ Սիւնիք, տաւուշեան շրջաններ եւ Երասխ:

Կը շարունակուէին տարածքային խնդիրները: Եւ եթէ 44-օրեայ պատերազմի նախորդող տարիներուն իբրեւ ազգ կը պատրաստուէինք մեր հայեացքները ուղղելու դէպի Արեւմտահայաստան, դէպի պատմական իրաւունքներու վերականգնում, պատերազմէն ետք արդէն նոր կորուստները վերականգնելու կամ նոր կորուստներ չտալու պայքարն է, որ կը մղուի:

Հիմա լիզպոնեան արձագանգները կը շեշտեն Արցախի տարածքային ամբողջականութեան վերականգնման եւ Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանները անառիկ պահելու հրամայականը:

Տարածքներու վերականգնման համար ամէն ինչ զոհելու  անտեղիտալիութիւնը Լիզպոնէն Արցախ ջնջեց ամէն տեսակի տարբերութիւն, երբ հայկական դիրքերը թշնամիին չյանձնելու համար իրենք զիրենք պայթեցուցին նաեւ հայոց բանակի զինուորները:

Հայոց տարածքային իրաւունքներու պահպանման եւ վերականգնման համար այս պայքարը տակաւին ճամբայ ունի կտրելիք: Լիզպոնեան դասը ամէն բանէ առաջ այդ իրաւունքներու վերականգնման հրամայականն է: Տարածքներու աշխարհագրութիւնը ընդարձակ է: Արցախէն Նախիջեւան, մինչեւ Արեւմտահայաստան: Բոլորն ալ ներառուած են Լիզպոնի տարածքային աշխարհագրութեան մէջ:

Իսկ գործողութեան բնոյթն ու անձնուիրութեան գերագոյն օրինակը կը համոզեն, որ պիտի նուաճուի այդ աշխարհագրութիւնը: