Ազրպէյճանի Կրակոցներուն Պատճառով Սոթքի Հանքավայրի Աշխատանքը Դադրեցուած է. ՄԻՊ

Աշխարհ, Հայաստան

ՀՀ մարդու իրաւունքներու պաշտպանի աշխատակազմը, այսօր, առաւօտ կանուխ, քաղաքացիական բնակիչներէն ահազանգեր ստացած է, որ ազրպէյճանական զինուած ուժերը կրակոցներ կ՝արձակեն ՀՀ Գեղարքունիքի մարզի Գեղամասար համայնքի Սոթք գիւղի հարեւանութեամբ։ Այս մասին յայտարարութեամբ հանդէս եկած է Հայաստանի մարդու իրաւունքներու պաշտպան Արման Թաթոյեան։

«Պարզուած է, որ կրակոցները արձակուած են Գեղարքունիքի մարզի Գեղամասար համայնքին մէջ գտնուող Սոթքի լեռնանցքի հողմակներու տարածքին վրայ տեղակայուած ազրպէյճանական զինուած ուժերու դիրքերէն եւ ընդհատումներով շարունակուած են տեւական ժամանակ:

Կրակոցները եղած են տարբեր տրամաչափի զինատեսակներէ, հայկական զինուած ուժերու դիրքերէն բացի արձակուած են Սոթքի հանքավայրին ուղղութեամբ։ Կրակոցները պարզ լսելի եղած են նաեւ Սոթք գիւղին եւ Գեղամասար համայնքի այլ մասերու մէջ:

Ահազանգեր ստացուած են նաեւ այն մասին, որ ազրպէյճանական զինուած ուժերու կրակոցներու, անոնց հրահրած լարուած իրավիճակին պատճառով տարհանուած են Սոթքի հանքավայրի աշխատակիցները:

Այն փաստը, որ «Գեոպրոմայնինգ Գոլդ» ընկերութիւնը գիշերը կրակոցներուն պատճառով ստիպուած եղած է դադրեցնելու հանքավայրի աշխատանքը, կը վկայէ ազրպէյճանական զինուած ուժերուն կողմէ ընկերութեան օրինական ձեռնարկատիրական գործունէութիւնը խոչընդոտելու, աշխատակիցներու իրաւունքները կոպտօրէն խախտելու, մարդոց կեանքին համար իրական վտանգի մասին:

Մարդու իրաւունքներու պաշտպանը յատուկ կ՝արձանագրէ, որ հողմակներու այն տարածքը, ուր ազրպէյճանական զինուած ուժերը կրակած են, ՀՀ կառավարութեան 2000թ. Դեկտեմբերի որոշումով «Պետական սահմանի մասին» ՀՀ օրէնքին հիման վրայ տրամադրուած է ՀՀ-ի մէջ իրաւական գրանցում ունեցող ընկերութեան եւ այդ ընկերութեան հետ կնքած 30 տարի ժամկէտով վարձակալութեան պայմանագիր՝ ապահովելով գոյքային իրաւունքներու պետական գրանցումը:

Այսինքն՝ հողատարածքը իրաւական հիմքով կը պատկանի ՀՀ-ի մէջ գրանցում ունեցող ընկերութեան օրինական տիրապետութեան, անիկա տրամադրուած է ելեկտրական ուժանիւթի արտադրութեան համար հողմային ելեկտրակայան կառուցելու եւ շահագործելու նպատակով։ Նշուած 200 հա հողատարածքէն 75 հա-ի վրայ ընկերութիւնը կառուցած է 2 հողմակ:

Այդ տարածք ազրպէյճանական զինուած ուժերը ապօրինաբար ներխուժած են 2020թ. Նոյեմբեր 25-ին ու ատով ընկերութեան պատճառած են շուրջ 5,000,000 ԱՄՆ տոլարի վնաս: Այս մասին Մարդու իրաւունքներու պաշտպանը յատուկ յայտարարութեամբ հանդէս եկած է 2021թ. Փետրուար 5-ին։

Այսօր Մարդու իրաւունքներու պաշտպանը ստացած է ահազանգեր նաեւ այն մասին, որ ազրպէյճանական զինուած ուժերը Յուլիս 26-ին ՝ առաւօտեան ժամը 04:00-ի սահմաններուն՝ կրակոցներ արձակած են նաեւ Գեղարքունիքի մարզի Վերին Շորժա գիւղի սարատեղի կոչուող քաղաքացիական բնակավայրին հարեւանութեամբ:

Մարդու իրաւունքներու պաշտպանի աշխատակազմը ահազանգեր ստացած է նաեւ, որ ազրպէյճանական զինուած ուժերը, Գեղարքունիքէն բացի, Յուլիս 26-ին` ժամը 11:30-ի սահմաններուն, կրակոցներ արձակած են նաեւ ՀՀ Արարատի մարզի Երասխ համայնքի հարեւանութեամբ: Լսելի եղած են նաեւ գիւղին մէջ: Կրակոցները վերսկսած են նաեւ ժամը 15:30-էն եւ մինչ այս պահը կը շարունակուին:

ՀՀ Գեղարքունիքի եւ Արարատի մարզերու նշուած համայնքներու անմիջական հարեւանութեամբ ազրպէյճանական կրակոցներուն փաստերը ակնյայտ կ՝ապացուցեն, որ ՀՀ սահմանային, մասնաւորապէս` Գեղարքունիքի, Սիւնիքի եւ վերջին օրերուն նաեւ Արարատի (օրինակ` Երասխ գիւղ) մարզերու բոլոր այն հատուածներուն մէջ, ուր քաղաքացիական բնակավայրերու հարեւանութեամբ ներկայ են ազրպէյճանական զինուած ծառայողներ, անոնց պահուածքը նոյնն է` կրակոցներ, կենդանիներու գողութիւններ, խոտքաղի ու բերքահաւաքի խոչընդոտներ, սպառնալիքներ եւ այլն:

Նկարագրուած կրակոցները մէկ անգամ եւս կ՝ապացուցեն, որ ազրպէյճանական զինուած ուժերու ինքնին ներկայութիւնը ՀՀ քացաքացիական բնակավայրերու հարեւանութեամբ, Սիւնիքի համայնքներուն միջեւ ճանապարհներուն առաջնահերթ ՀՀ բնակիչներու կեանքի իրաւունքի խախտում է:

Անոնց արարքները կը խախտեն ՀՀ բնակիչներու սեփականութեան, ազատ տեղաշարժի, անասնապահութեամբ զբաղելու եւ ընտանիքի եկամուտը վաստակելու եւ միւս կենսական իրաւունքները: Անոնք կ՝ոտնահարեն քաղաքացիական բնակիչներու անդորրն ու բնականոն կեանքը:

Գեղարքունիքի եւ Արարատի մարզերուն մէջ Յուլիս 26-ի ազրպէյճանական կրակոցներու փաստերը պաշտօնապէս հաստատած է նաեւ ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութիւնը»,- ըսուած է յայտարարութեան մէջ։