Ես Վստահ Եմ, Որ Պիտի Գան Ազգային Ապստամբութեան Օրերը. Դաւիթ Վանեան

Հայաստան, Յօդուածներ – Զրոյցներ

Գրող-հրապարակախօս Դաւիթ Վանեան վստահ է, որ մեր ժողովուրդին մէջ գոյացած բեւեռացումը պէտք է վերացնել, հարկաւոր է լուծում գտնել ու հասնել ներազգային համերաշխութեան։ Գանատայի «Հորիզոն» շաբաթաթերթի հետ զրոյցի ընթացքին ըսած է Վանեան։

«Իւրաքանչիւր մարդու մտքին մէջ կան կուտակուած բազմաթիւ հարցեր, որոնք կապուած են վերջին տարիներուն, ոմանց պարագային ալ՝ նախկին իշխանութիւններուն հանդէպ ունեցած վերաբերմունքով։ Կան նաեւ արհեստածին երեւոյթներ, որոնք կարծես ներմուծուած են Հայաստան, որպէսզի յառաջացնեն տարաբնոյթ բեւեռացումներ՝ արցախցի-հայաստանցի, սփիւռքի մէջ ապրող հայ- Հայաստանի մէջ ապրող հայ, հին-նոր, սեւ-սպիտակ․ ասոնց՝ որոնց հեղինակը այսօրեայ իշխանութիւնն է եւ անձամբ Նիկոլ Փաշինեանը։ Այս բոլոր խնդիրները լուծումներ կը պահանջեն»,- նշած է դաշնակցական գրող-հրապարակախօսը։

Ան ընդգծած է՝ թէեւ մենք մոնոէթնիկ ազգ ենք եւ արցախեան առաջին պատերազմի ընթացքին ազատուեցանք բազմաթիւ խնդիրներէ ու կրցանք յաղթել, բայց վերջին՝ 44-օրեայ պատերազմը՝ մեր պարտութեան պատերազմը, ցոյց տուաւ,  որ կան չլուծուած բազմաթիւ խնդիրներ։ Գրող-հրապարակախօսը յիշեցուցած է՝ իւրաքանչիւր քաղաքացի պարտաւոր է այս կուտակուած հարցերուն քարերը մեր փէշերէն թափել եւ հասկնալ, որ մենք շատ քիչ՝ ընդամէնը չորս տարի ժամանակ ունինք․ բոլորս պէտք է մէկս միւսին ընդառաջ երթանք, քանի որ ասիկա ըլլալու, գոյատեւման հարց է։

«Մենք պիտի հասկնանք, որ ուժեղ Հայաստանի գոյութիւնը Թուրքիան կ՝ընկալէ իբրեւ իր վերացումի հիմնական, հաստատուն, միակ պատճառ։ Ուժեղ Հայաստանը Թուրքիոյ յետաձգուած մահն է, ու Թուրքիան ասիկա կ՝ընկալէ, ուստի ամէն ինչ պիտի ընէ, որպէսզի մենք չըլլանք։ Թուրքիան ու Ազրպէյճանը բանակցութիւններու պիտի չի դիմեն, ու, եթէ խաղաղութեան պայմանագիր ալ ուզեն ստորագրել, ատիկա ընդամէնը դրուագային հարց պիտի ըլլայ։ Անոնք կը հասկնան, որ անհատական մրցակցային հարցով իրենք կը զիջին հայուն, եւ պարարտ հող ըլլալու պարագային հայերը արագ պիտի կազմակերպուին ու դառնան ուժեղ ու անմիջական պետութիւն։ Թուրքիան ու Ազրպէյճանը ամէն ինչ պիտի ընեն ատիկա խոչընդոտելու համար»,- նշած է Դաւիթ Վանեան։

Հարց կը յառաջանայ, իսկ ստեղծուած իրավիճակին մէջ ի՞նչ պիտի ըլլայ մտաւորականներու եւ վերնախաւի առաքելութիւնը։

«Մենք՝ իբրեւ քաղաքական հայացքներ ունեցող մարդիկ, իբրեւ մտաւորական մարդիկ, պարտաւոր ենք երթալ դէպի գիւղացին,  քաղաքացին, սահմանամերձ գօտին, բանուորը, շինականը, ուսուցիչը։ Պէտք է գիտնանք անոնց հասարակական խնդիրներուն մասին։ Մենք պէտք է մեր կուսակցութիւններուն տեսլականը շրջենք դէպի քաղաքացին, դէպի մարդը, քաղաքականութեան կեդրոնին պէտք է մարդը ըլլայ։ Ի վերջոյ, գոնէ երեսուն տարի անց, մենք պէտք է հասկնանք ատիկա․ քաղաքականութիւնը վերացական սահմաններու, ապահովութեան խնդիրներու լուծման համար չէ, այլ մարդու ապահովութեան, մարդու մասին հոգալու համար։ Մարդը երջանիկ ապրելու իրաւունք ունի, ու բոլոր քաղաքական ուժերուն նպատակը այդ երջանկութեան ապահովումը պէտք է ըլլայ»,- ընդգծած է Դաւիթ  Վանեան։

Արդարացիօրէն պէտք է արձանագրել՝ Հայաստանի մէջ պատերազմի օրերուն եւ անկէ ետք մտաւորականներուն մեծ մասը ուղղակի կրաւորական կեցուածք ընդունեց, մինչդեռ պէտք է  իբրեւ ուղղորդող ուժ՝  ազգի կողքին ըլլար, եւ վերջապէս արդեօ՞ք այս մարդոց կարելի է եւ արժէ մտաւորական կոչել։

Անդրադառնալով վերոնշեալ հարցին՝ Դաւիթ Վանեան պատասխանած է․ «Զրկանքները, Եղեռնը, բոլշեւիզմի մամլիչը, Հայրենական պատերազմը (որուն հայ ժողովուրդը 600 հազար մասնակից տուած է, որմէ 314 հազարը զոհուած կամ անհետ կորսուած է), երկրաշարժը, Արցախեան պատերազմները, բլոկադան, արտագաղթը թոյլ չեն տուած, որ մենք ձեւաւորենք մեր քաղաքական ազնուագոյն վերնախաւը։ Չեմ ըսեր տասը հազար, տասը մտաւորական կամ տասը արուեստի գործիչ չունի՞նք, որոնք պիտի ըլլային հայ ժողովուրդի խղճի մարմնացումը, որոնց պիտի մատնանշենք, ինչպէս ժամանակին, կ՝ըսէինք՝ ահա՛ Համօ Սահեանը ըսաւ այս բանը, ես ատիկա պիտի ընեմ, կամ Սօս Սարգսեանը այսօր ելոյթ ունեցաւ, վաղունէ ուրիշ կերպով պիտի ընենք այսինչ քայլը․ կը հասկնա՞ք․ հիները հինցած են, նորերը չկան։

Միւս պատճառն ալ այն է, որ մենք յաղթանակած երկիր էինք, յաղթանակի պարադիգմայով ապրող, իսկ պարտուելէն ետք միացաւ պարտուող, կռացած հայու պարադիգման․ ես քննադատական խօսք չեմ ըսեր․ ասիկա ապրելակերպ է, գոյաբանական ձեւ է։ Այսպէս մենք  600 տարի կամ հազար տարի, եթէ Կիլիկիան Հայաստանը չհաշուենք, կրցած ենք առանց պետութեան գոյատեւել։ Ատիկա մեր արեան ու բնազդին մէջ է։ Երբ մարդը կը տեսնէ, որ պետութիւնը թոյլ է, ղեկավարն ալ խեղկատակ, մարդը այդպիսին կը դառնայ։ Իսկ երրորդ պատճառը խորհրդային միութենէն ժառանգութիւն մնացած մտաւորականի կերպարն է։ ԽՍՀՄ-ի մէջ մտաւորականները ամէն ինչ կը քննարկէին միայն խոհանոցներու մէջ, քանի որ ազատութիւն չկար, ազատ խօսքը չէր խրախուսուեր․ ասոնք սովորութիւններ են, որոնք մնացած են մեր մէջ․․․»,- նշած է Դաւիթ Վանեան։

Հարցին՝ իսկ հնարաւո՞ր է, որ մեր ազգը յառաջիկային ոտքի ելլէ ու փորձէ ձերբազատուիլ այս իշխանութենէն՝ հասկնալով, որ այս իշխանութեան հետ դէպի  կործանում կ՝երթանք, Դաւիթ Վանեան պատասխանած է՝  այս իշխանութեան հետ հնարաւոր չէ առաջ ընթանալ, աւելին՝  մենք շատ ծանր վիճակի մէջ ենք, կը քալենք անդունդի եզրով։ Գրող-հրապարակախօսին կարծիքով՝  այս իշխանութենէն ձերբազատելու ցանկութիւն, իհարկէ, պիտի յառաջանայ․ հարցը այն է, թէ ինչպէս պիտի վարուին կուսակցութիւնները։

«Երբ Նոյեմբեր 9-ին ստորագրուեցաւ այս յայտարարութիւնը, ժողովուրդը պատրաստ էլ յօշոտելու ասոնց, բայց ամէն ինչ քաղաքական օրինապաշտութեան  դաշտ տանելով ու ժողովուրդը ազգային ապստամբութեան իրաւունքէն զրկելով՝ մենք սեփական ժողովուրդը մատնեցինք այս վիճակին։ Վաղ, թէ ուշ պիտի ըլլան այդպիսի իրավիճակներ, եւ այն կուսակցութիւնները, որոնք իրենց կը համարեն ընդդիմութիւն, պարտաւոր են փոխելու իրենց գործունէութեան ձեւը։ Ես վստահ եմ, որ պիտի գան ազգային ապստամբութեան օրերը։ Նիկոլ Փաշինեանը պիտի հասկնայ, որ իր նման մէկը ուրիշ քաղաքէ մը կու գայ ու կը փոխէ իշխանութիւնը»,- եզրափակած է Դաւիթ Վանեան։

Հարցազրոյցը վարած է Յասմիկ Բալէեան

Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ ԵՌԱԳՈՅՆ-ը