Բրիտանացի Խորհրդարանական Ռուփա Հաք Հայոց Ցեղասպանութիւնը Ճանչնալու Կոչ Ըրած է Կառավարութեան

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

Մեծ Բրիտանիոյ խորհրդարանի անդամ Ռուփա Հաք Հայոց Ցեղասպանութիւնը
ճանչնալու կոչ ըրած է կառավարութեան: Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ Միացեալ Թագաւորութեան Հայ Դատի գրասենեակէն։

Միացեալ Թագաւորութեան օրէնսդիր մարմնի ներկայացուցիչը Մեծ Բրիտանիոյ արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան ղեկավար Տոմինիգ Ռաապին կոչ ըրած է ճանչնալու Հայոց Ցեղասպանութիւնը։

«Արդէն ժամանակն է, որ Միացեալ Թագաւորութեան կառավարութիւնը միանայ աւելի քան 30 պետութիւններու, ներառեալ՝ Միացեալ Նահանգներուն եւ պաշտօնապէս ճանչնայ 1915-1923 թուականներուն Օսմանեան կայսրութեան կողմէ հայերու դէմ իրականացուած ցեղասպանութիւնը»,- նշած է օրէնսդիր մարմնի ներկայացուցիչը:

«Միացեալ Թագաւորութեան արտաքին գործոց նախարար Տոմինիգ Ռաապին կոչ կ՝ընեմ ճանչնալու Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Ան յայտարարած է, որ դիրքորոշումը անփոփոխ կը մնայ, սակայն, կարծես թէ, լռելեայն կ՝ընդունի, որ ատիկա ցեղասպանութիւն եղած է»,- ընդգծած է Հաք: