Ազրպէյճանի Մէջ 13 Հայ Ռազմագերի 6 Տարուան Ազատազրկման Դատապարտուած է

Աշխարհ, Հայաստան

Պաքուի վերաքննիչ դատարանի վարչական շէնքին մէջ աւարտած է 13 հայ ռազմագերիներու քրէական գործով դատաքննութիւնը:

Վկայակոչելով Trend-ը՝ Artsakhpress.am-ը կը տեղեկացնէ, թէ դատարանը շինծու մեղադրանքներով անոնցմէ իւրաքանչիւրը դատապարտած է 6 տարուան ազատազրկման ընդհանուր վարչաձեւի բանտի մէջ, իսկ պատիժը կրելէ ետք՝ անոնք անմիջապէս կը վտարուին երկրէն:

Դատարանի առաջ կանգնած են Հայկազ Կորիւնի Յովհաննիսեան, Վարազդատ Անուշաւանի Մանուկեան, Դաւիթ Ստեփանի Ստեփանեան, Լեւոն Աշոտի Թոսունեան, Արթուր Էդուարդի Պաղտասարեան, Սերոբ Սուրէնի Աւագեան, Վարազդատ Յարութիւնեան, Ժորա Վանոյի Մանուկեան, Հրայր Հրաչի Գերաբեան, Նարեկ Գասպարեան, Գրիգոր Կիւրեղեան, Աշոտ Արտակի Գէորգեան, Մարթին Մուշեղի Աղրամանեան: