Ընկերվարական Երիտասարդներու Միջազգային Միութիւնը Ճանչցաւ Արցախի Անկախութիւնը

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

ՀՅԴ-Ի ԱՆԴԱՄ ՍԱՐԻՆԷ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ ԸՆՏՐՈՒԵՑԱՒ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՆ ՓՈԽՆԱԽԱԳԱՀ

18-19 Յունիսին տեղի ունեցաւ Ընկերվարական Երիտասարդներու Միջազգային միութեան առցանց ձեւաչափով բարձրագոյն ժողովը (IUSY World Congress), որ կը գումարուի 2 տարին անգամ մը: Ժողովին մասնակցեցան շուրջ 60 երկիրներու կազմակերպութիւններու պատուիրակութիւններ: Բարձրագոյն այս ժողովին ընթացքին ղեկավար մարմինը կը ներկայացնէ իր աշխատանքին մասին զեկոյցը, կը ճշդուի կազմակերպութեան ապագայ ընելիքները, կ՛ընտրուի նաեւ նոր ղեկավար մարմին: ՀՅԴ Երիտասարդականին կողմէ  ժողովին մասնակցեցան Արշակ Մեսրոպեան, Մելինէ Մաթոսեան եւ Սարինէ Աբրահամեան: Ժողովին կարեւոր տեղ գրաւեցին զանազան բանաձեւերու ներկայացումը եւ որդեգրումը: ՀՅԴ Երիտասարդականի ջանքերով ընդունուեցաւ Արցախը միջազգայնօրէն ճանչնալու բանաձեւը, 82 կողմ եւ 18 ձեռնպահ քուէներով։ Ոչ մէկ կազմակերպութիւն դէմ քուէարկեց:

Ժողովին աւարտին տեղի ունեցաւ նոր նախագահներու ընտրութիւն, որուն իբրեւ արդիւնք ՀՅԴ Երիտասարդականի թեկնածու Սարինէ Աբրահամեան ընտրուեցաւ կազմակերպութեան փոխնախագահ:

Յիշեցնենք, որ Ընկերվարական Երիտասարդներու Միջազգային միութեան կ՛անդամակցին 145 ընկերվար-ժողովրդավար եւ աշխատաւորական կազմակերպութիւններ, առաւել քան 100 երկիրներէ: ՀՅԴ Երիտասարդականը միջազգային միութեան լիիրաւ անդամ է:

Ստորեւ բանաձեւին հայերէն թարգմանութիւնը․

«27 Սեպտեմբերին Ազրպէյճան լայնածաւալ պատերազմ սանձազերծեց Արցախի եւ Հայաստանին դէմ: Ազրպէյճան պատերազմ սկսաւ հակառակ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի կոչին` համաճարակին ընթացքին համաշխարհային զինադադար հաստատելու: Այս յարձակումները ուղղակիօրէն խախտեցին 1994-ին Հայաստանի, Արցախի, Ազրպէյճանի կողմէն ստորագրուած հրադադարի դրութիւնը: Թուրքիոյ աջակցութեամբ պատերազմը շարունակեց թէժանալ քաղաքացիական բնակավայրերու անխնայ ռմբակոծութիւններով՝ յարձակելով դպրոցներու, հիւանդանոցներու եւ եկեղեցիներու վրայ: Թուրքիա հրապարակաւ յայտարարեց իր աջակցութեան մասին եւ կը շարունակէ ռազմական օգնութիւն ցուցաբերել Ազրպէյճանին: Տարածաշրջանը անկայունացնող եւ տագնապալի իրավիճակ ստեղծելով՝ Թուրքիա նաեւ կազմակերպեց Սուրիայէն վարձկաններու մասնակցութիւնը եւ իր յատուկ ջոկատայիններուն միանալը Արցախի դէմ պատերազմին: Հետեւաբար կան հազարաւոր զոհեր`բազմաթիւ խաղաղ բնակիչներ: Արցախի բնակչութեան գրեթէ կէսը տեղահանուեցաւ եւ անցաւ Հայաստան` ապաստան գտնելու համար: Հայ գերիները ենթարկուեցան տանջանքներու. ոմանք սպաննուեցան: 9 Նոյեմբերին ստորագրուեցաւ եռակողմ համաձայնագիր մը Հայաստանի, Ազրպէյճանի եւ Ռուսիոյ միջեւ՝ բոլորովին անտեսելով Արցախի ժողովուրդին իրաւունքները եւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խումբը ` իբրեւ օրինական մարմին, որ իրաւասու է կարգաւորելու հակամարտութիւնը: Այս անարդար համաձայնագիրը ոչ միայն անտեսեց Արցախի ժողովուրդի իրաւունքները, այլ նաեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խումբը, որ իբրեւ օրինական հարթակ՝ հակամարտութիւնը լուծող իրաւասու մարմինն է:

«Նկատի ունենալով,  –  որ այս համաձայնագիրը չ՛ապահովեր Արցախի ժողովրդի իրաւունքները,  չ՛ապահովեր Արցախի Հանրապետութեան իրաւական կարգավիճակը, – չ՛առաջարկեր հակամարտութեան կայուն լուծում, – որ Եւրոպայի խորհուրդի ազգայնամոլութեան եւ անհանդուրժողականութեան դէմ եւրոպական յանձնաժողովի եւ ՄԱԿ-ի ցեղային խտրականութեան վերացման կոմիտէի (CERD) զեկոյցները կը վկայեն Ազրպէյճանի հայ բնակչութեան ազատ ապրելու անկարելիութեան մասին, – որ Լեռնային Ղարաբաղի հայ բնակչութեան անվտանգութիւնը եւ ազատութիւնը չ՛երաշխաւորուիր Ազրպէյճանի Հանրապետութեան կողմէ, – որ Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ աննախադէպ յարձակումը անդադար սպառնալիք կը հանդիսանայ Արցախի հայ բնակչութեան ինքնորոշման իրաւունքի իւրացման, – որ Ազրպէյճան կը ցուցադրէ ծայրայեղ հայատեացութեան վերաբերմունք՝ կառուցելով ցուցահանդէս, որմով երիտասարդութեան ծաղրանքով կը ներկայացուի հայութեան տառապանքները:

«ԸԵՄՄ-ը խստօրէն կը դատապարտէ Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ յարձակումները Արցախի եւ Հայաստանի վրայ, ինչպէս նաեւ կատարուած ռազմական յանցագործութիւնները խաղաղ բնակիչներու, զինուորներու եւ ռազմագերիներու դէմ, ԸԵՄՄ-ը խստօրէն կը դատապարտէ Թուրքիոյ ներգրաւուածութիւնը Արցախի հակամարտութեան, ԸԵՄՄ-ը խստօրէն կը դատապարտէ Թուրքիոյ կողմէ պատերազմին մասնակցած Սուրիոյ վարձկանները եւ ԸԵՄՄ-ը կոչ կ՛ուղղէ՝ միջազգայնօրէն ճանչնալու Արցախի Հանրապետութեան անկախութիւնը:

«Իբրեւ միջազգայնօրէն ճանչցուած յառաջադիմական կազմակերպութիւն, որ կ՛արժեւորէ մարդու իրաւունքները եւ դէմ է մարդկութեան դէմ բոլոր տեսակի յանցագործութիւններու՝ մենք կարեւոր կը համարենք, որ ԸԵՄՄ-ը, հաւատարիմ մնալով իր որդեգրած արժէքներուն՝ յստակ քայլեր ձեռնարկէ: Այդ իսկ պատճառով մենք կոչ կ՛ուղղենք ԸԵՄՄ-ին, որ նամակ յղէ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խումբին՝ իբրեւ միակ օրինական մարմինը, որ կրնայ վերահաստատել Արցախի հակամարտութեան խաղաղ բանակցութիւնները: Նամակ յղէ ՄԱԿին՝ յորդորելով Ազրպէյճանին՝ ազատ արձակել հայ ռազմագերիները եւ պատանդները հրադադարի պայմանագիրին համաձայն: Նամակ յղէ UNESCO-ին յորդորելով անհրաժեշտ քայլեր ձեռնարկեն պահպանելու հայկական մշակութային ժառանգութիւնը, որ կը գտնուի Ազրպէյճանի կողմէ բռնագրաւուած տարածքներուն մէջ»: