«Հայաստան» Դաշինքը Երախտագիտութիւն Կը Յայտնէ Իր Աջակիցներուն. Յայտարարութիւն

Հայաստան

«Հայաստան» դաշինքը իր երախտագիտութիւնը կը յայտնէ 2021թ. Յունիս 20-ի ՀՀ ԱԺ ընտրութիւններուն դաշինքին աջակցած եւ իր օգտին քուէարկած Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիներուն: Ատիկա վստահութիւն կը ներշնչէ, որ երկրի մասին մտահոգ մեր հարիւր հազարաւոր քաղաքացիներ ոչ միայն տեսան հայ ժողովուրդին առջեւ ծառացած գոյութենական սպառնալիքները, այլ նաեւ իրենց հաւանութիւնը տուին «Հայաստան» դաշինքի կողմէն առաջարկած լուծումներուն:

«Հայաստան» դաշինքը կը վերահաստատէ իր մօտեցումը, որ խորհրդարանական ընտրութիւններուն արդիւնքները խիստ վիճահարոյց են եւ վստահութիւն չեն ներշնչեր: Մենք ունինք լուրջ հիմքեր, այս ընտրութիւնները ոչ օրինական համարելու եւ յայտարարելու, որ այսպիսի արդիւնքներով ԱԺ-ն չ՝արտացոլեր ուժերու իրական յարաբերակցութիւնը: Մեր դիտարկումները եւ դաշինքի նախընտրական շտաբներէն եկած տեղեկատւութիւնը կը փաստեն, որ խախտումները սկսած են ընտրութեան օրէն շատ աւելի շուտ: Իսկ բուն ընտրութեան օրը բազմաթիւ տեղամասերէն մեր վստահուած անձերու ահազանգերուն նախնական ամփոփումը կը վկայէ, որ խօսքը ընտրութեան արդիւնքներու համակարգուած եւ նախապէս ծրագրաւորուած կեղծարարութեան մասին է:

Մասնաւորապէս.

1. Ձեւաւորուեցաւ ոչ մրցակցային ընտրական միջավայր, գործող իշխանութեան կողմէ զանգուածաբար օգտագործուեցան վարչական միջոցները, ձեռնարկուեցան ընտրական ահաբեկման առերեւոյթ գործողութիւններ:

2. Ընտրահաշուարկը սկսելուն պէս բազմաթիւ տեղամասերու մէջ տեղի ունեցան ելեկտրականութեան անջատումներ: Խօսքը կը վերաբերի մարզերու ամբողջական, առանձին համայնքներու մասին՝ Արմաւիր, Լոռի, Շիրակ, Արագածոտն եւ այլն:

3. Բազմաթիւ տեղամասերու մէջ արձանագրուեցան այդ բնակավայրերուն օտար մեծ թիւով քաղաքացիներու առկայութիւն եւ քուէարկութիւն, որ հիմք կու տայ ենթադրելու, որ գործած է շրջիկ խումբերու կեղծարարութեան համակարգ:

4. Անհերքելի իրողութիւն է բանակի անթաքոյց ուղղորդուած քուէարկութիւնը, որ իշխանութեան համար ապահոված է մեծաքանակ ձայներ:

5. Առկայ է խոր կասկած, որ գործած է ընտրութիւններու ծրագրային ապահովման կեղծարարութիւն, որ ի սկզբանէ կը բացառէ առարկայական արդիւնքներու հնարաւորութիւնը:

6. Առանձին համայնքներու մէջ իշխանութեան կողմէ քողարկուած ընտրակաշառքի դէպքերուն մասին ահազանգեր կան:

«Հայաստան» դաշինքը պիտի օգտագործէ ընտրութեան արդիւնքները վիճարկելու ողջ գործիքակազմը՝ պիտի դիմէ Սահմանադրական դատարան: Դաշինքը կը սկսի քաղաքական խորհրդատւութիւններ ընտրութիւններուն մասնակցած այլ ուժերու հետ միասնական ՍԴ դիմելու հնարաւորութիւնը քննարկելու համար:

«Հայաստան» դաշինք