Նաֆթալի Պենեթ` Իսրայէլի Վարչապետ

Աշխարհ

Իսրայէլի վարչապետ դարձած է «Եամինա» կուսակցութեան առաջնորդ Նաֆթալի Պենեթը:

Քնեսեթի պաշտօնական կայքը կը տեղեկացնէ, որ Իսրայէլի նոր կառավարութիւնը ստացած է Քնեսեթի վստահութեան քուէն. 60 պատգամաւոր կողմ քուէարկած է, 59-ը` դէմ:

Յառաջիկայ երկու տարիներուն երկրի վարչապետի պաշտօնը պիտի զբաղեցնէ Նաֆթալի Պենեթ, որմէ ետք, ըստ համախառն կուսակցութեան համաձայնագիրին, վարչապետի պաշտօնը պիտի ստանձնէ Եայիր Լափիտ: