Հայաստան Ընտրապայքարի Մէջ – Ա. Երկու Գլխաւոր Ուղիներու Միջեւ Ընտրանք (Ս. Մահսէրէճեան)

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Քանի մը օրէն, 20 Յունիսին, Հայաստանի երեսփոխական ընտրութիւնները ցոյց պիտի տան, թէ Հայաստանի յաջորդ փուլը ի՞նչ ուղղութիւն պիտի ստանայ, թէեւ անմիջապէս արձանագրենք, որ պէտք չէ չափազանցեալ յոյսեր կապել անմիջական ապագային, որովհետեւ 44-օրեայ պատերազմին հետեւանքները աղէտալիօրէն ծանր են եւ անկէ վերականգնելու մարտահրաւէրը վեր է այս կամ այն ուժին կարողութիւններէն, բոլոր կարող ու հայրենիքին հաւատարիմ ձեռքերուն միացումն իսկ կը դիմակալէ հարցականներ:

Աւելի քան 10 օրէ ի վեր, երկիրը – անոր հետ նաեւ ամբողջ հայկական աշխարհը – ինկած է ընտրապայքարի պաշտօնական յորձանքին մէջ, յայտարարութիւններն ու խոստումները, սպառնալիքներ եւ զգուշացման կոչեր իրարու կը յաջորդեն, զիրար կը խաչաձեւեն, այնքան մը, որ քուէարկութեան պատրաստուողներէն մաս մը մատնուած է գլխապտոյտի, ուրիշներ արդէն շատ աւելի յստակ կերպով կը տեսնեն հորիզոնը, իսկ ոմանք ալ աչքերը փակած կը պահեն, սիրեն պատանդը մնալ 3 տարի առաջուան դրական խոստումներուն, այլ խօսքով, կը հաւատան, որ այժմու իշխանութիւնը կը մնայ փրկութեան լաստ, հակառակ անոր որ 44-օրեայ պատերազմը եկաւ վերջնականապէս խորտակելու այս իշխանութեան կապուած յոյսերը (որոնք տկարացած էին նախորդ երկու տարիներուն):

ՀԱՐԿԱԴԻՐ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆ

Խառնաշփոթ նման վիճակ իւրայատուկ չէ Հայաստանին. որեւէ երկրի մէջ ալ ընտրապայքարները բազմաճիւղ խաչմերուկներու դիմաց կը դնեն ընտրողները: Մեր պարագային իւրայատուկ երեւոյթները քանի մը հատ են. ամէնէն ուշագրաւը՝ ընտրապայքարն ու ընտրութիւնները ձեւով մը սարքուած-պարտադրուած են իշխանութեան կողմէ. փաստօրէն, գրեթէ բոլորն ալ, ընդդիմադիր թէ իշխանամէտ, սկզբնական շրջանին անյարմար կը նկատէին ստեղծուած պայմաններուն մէջ ընտրութիւն կազմակերպելը, յետոյ, հարկադրաբար ինկան իշխանութեան ստեղծած հոսանքին մէջ եւ հիմա կը լողան անոր ազդեցութեան տակ: Յետոյ, ընտրապայքար-ընտրութիւն տեղի կ’ունենան այնպիսի փուլի մը, երբ մեր հայրենիքէն լայն տարածքներ բռնագրաւուած են, ուրշներ կը գտնուին թշնամիի զէնքերու «հովանիին» տակ, 44-օրեայ պատերազմին բազում հետեւանքները այլապէս դաժան «հովանոցներ» տարածած են ընտրողներուն գլխավերեւը…: (Թշնամիի զէնքերու հովանիին տակ ընտրութեան երթալը հազուդէպ, բայց ոչ-աննախընթաց իրականութիւն է. օրինակի համար, Լիբանան 1982-ին նախագահ(ներ) ընտրեց, երբ իսրայէլեան բանակը գրաւած էր երկրին – ու մայրաքաղաքին – գրեթէ կէսը):

Ընտրութիւններու նախօրեակին, ո՛չ ոք յստակ պատկերացում մը ունի, թէ ի՞նչ պիտի ծնի քուատուփերէն: Իշխանաւորն ու անոր չուաններուն կառչած միաւորներ կը պնդեն, որ իրենք պիտի ըլլան շահաւորը, իսկ ընդդիմադիրները վստահ են, որ Նիկոլ Փաշինեանի ու խմբակին օրերը համրուած են, անոնց ժողովրդականութիւնը ժամէ ժամ (եւ ո՛չ թէ օրէ օր) անկումի մէջ է. անոնք վստահ են, որ Փաշինեանի ձախաւերութիւններուն եւ վնասարար ընթացքին իրազեկ ժողովուրդը իշխանութեան պիտի բերէ ազգին ու հայրենիքին ճակատագրով մտահոգ, վերականգնումի կարելիութիւններ բերող ուժերը, որոնք պիտի փորձեն գործակցական տարազի մը շուրջ համախմբուիլ, դարմանել ատելութեան մթնոլորտը, ձեւով մը վերականգնել այն միասնութիւնը՝ որ գոյացած է 27 Սեպտեմբերին պայթած պատերազմէն անմիջապէս ետք, յետոյ նաեւ՝ 10 Նոյեմբերի աղէտալի համաձայնագիրին յաջորդող օրերուն:

26 ԹԵԿԱՆԾՈՒ

Ընտրապայքարի հետեւանքով ստեղծուած խառնաշփոթ վիճակը ունի բազմաթիւ պատճառներ, որոնք կարելի է բաժնել ՆԵՐՔԻՆ եւ ԱՐՏԱՔԻՆ գործօններու խորագիրներուն տակ:

Ներքին ոլորտին մէջ, արձանագրենք քանի մը ակներեւ կէտ:

Ընտրապայքարի դաշտ մտած են 4 դաշինք եւ 22 կուսակցութիւն, այսինքն՝ կան ընդամէնը 26 թեկնածու: Ընտրական յանձնաժողովին ճշդած պայմանաժամին, արձանագրուած էին 27 թեկնածու, սակայն «սակարան»ին փակումէն անմիջապէս ետք, «Հայոց Արծիւներ» կուսակցութիւնը յետս կոչեց իր թեկնածուները, յայտարարելով, որ ներկայ պայմաններուն մէջ ընտրութեան երթալը տրամաբանական չէ:

Եթէ փորձ ընենք մտնելու իւրաքանչիւր թեկնածուի առաջադրանքներուն եւ խոստումներուն ոլորապտոյտին մէջ, մենք մեզ նետած կ’ըլլանք յունական դիցաբանութեան մէջ յիշատակուած Լաբիրինթոսին նորացուած պատկերին մէջ, առանց վստահ ըլլալու, թէ պիտի ունենանք հերոս Թեսէուսին հնարք ցոյց տուող Արիատնէ մը…: Ուրեմն, մնանք ընդհանուր գիծերու մէջ:

Ընտրապայքարի կը մասնակցին հին-աւանդական եւ նորաստեղծ կուսակցութիւններ, որոնցմէ մաս մը մտած են դաշինքներու մէջ, իսկ մեծ մասը բեմ եկած է առանձինն: Ինչպէս նշեցինք արդէն, ասոնք կը բաժնուին երկու գլխաւոր «դասակարգի». իշխանաւորն ու անոր կողքին կանգնողները, եւ առաջատար ընդդիմադիրներն ու անոնց կեցուածքներուն արձագանգողները: Ընտրապայքարի չեն մտած կարգ մը կուսակցութիւններ, որոնք անցեալին մաս կազմած են խորհրդարանին, հիմա ալ հոս-հոն կը մնան առաւել կամ նուազ չափով գործունեայ: Չմոռնանք նշելու, որ այս կամ այն կուսակցութենէն դուրս եկողներ հիմա կը լողան այլ կուսակցութեանց աւազաններուն մէջ:

Բաւական մեծ է թիւը այն կուսակցութեանց, որոնք կազմուած են 2018-ի «Թաւշեայ յեղափոխութենէն» ետք. նորածիններէն նկատառելի թիւ մը հրապարակ եկաւ 44-օրեայ պատերազմէն ետք, այս տարուան առաջին ամիսներուն: Շատեր կազմաւորուեցան ի նպաստ իշխանութեան աշխատանք տանելու եւ ընդդիմադիրներէն քուէ «գողնալու» նպատակով: Խաղը քիչ մը աւելի կը բարդանայ, եթէ աչքի առջեւ ունենանք կարգ մը կուսակցութիւններ, որոնք հրապարակաւ կը ներկայանան «ոչ հին, ոչ նոր, այլ երրորդ ընտրանք» դրօշին տակ, հրապարակաւ դէմ են Նիկոլ Փաշինեանի եւ «Իմ Քայլ»ին, սակայն թաքուն կերպով համակիր են անոնց, յուսալով, որ բաւարար քուէ շահելու պարագային, նոր խորհրդարանին մէջ անոնց հետ կրնան կազմել կառավարական ընկերակցութիւն (քոալիսոին): Անդին, կան նաեւ կուսակցութիւններ, որոնք 2018-էն ի վեր «քալեցին» Փաշինեանի հետ եւ յետոյ, անոր ինքնագլուխ եւ ձախաւեր-վնասարար ընթացքէն դժգոհ մնալով, հեռացան անկէ եւ հիմա կը ներկայանան ընդդիմադիրի դիրքով: Ամէնէն ուշագրաւներն են «Քաղաքացու որոշում»ը (որ «կողակից» էր «Իմ Քայլ»ին»), Դաւիթ Սանասարեան (որ սկզբնապէս «քալող» էր, յետոյ դարձաւ հետապնդման թիրախ) եւ մասնաւորապէս Արթուր Վանէցեան, որ Փաշինեանի դիմաց առաջին լուրջ «կարմիր քարտ» ցոյց տուողը եղաւ:

Ընտրապայքարին հետեւող մեկնաբաններ չեն վարանիր նշելու, որ եթէ իշխանութեան կողքին խաղալու նպատակով բեմ մտնողները կրնան քուէներ կորզել ընդդիմադիրներէն (յայտնի է, որ անոնցմէ շատեր պիտի չկարենան խորհրդարան մտնելու չափ բաւարար քուէ շահիլ), անդին, ընդդիմադիրներուն կողքին բեմ մտած կուսակցութիւններ եւս կրնան վնասել առաջատար ընդդիմադիրներուն, որովհետեւ իրենց կարգին կրնան ձեռք բերել մաս մը այն քուէներէն, որոնք այլապէս պիտի երթային գլխաւոր ընդդիմադիրներուն:

Ընդդիմադիրներու դաշտին մէջ, մէկ բան յստակ է ըստ բաւականին. գլխաւոր յաւակնորդներն են «Հայաստան» (Քոչարեանի գլխաւորութեամբ), «Պատիւ ունեմ» (Հանրապետականներու թեւը) դաշինքներն ու Գագիկ Ծառուկեանի «Բարգաւաճ Հայաստան»-ը, որոնք բացայայտ դարձուցած են, որ աներեւակայելի է Փաշինեանի հետ որեւէ ձեւի գործակցութիւն: Իսկ «Լուսաւոր Հայաստան»-ի ընդդիմադիրի կեցուածքին շուրջ կը մնան հարցականներ, որովհետեւ, հակառակ Փաշինեանի հետ կառավարական գործակցութիւն մերժող Էտմոն Մարուքեանի հաւաստիքներուն, դէտերը կը յիշեցնեն, որ այս կուսակցութիւնը բաւական հմտացած է… լարախաղացութեան մէջ:

Այս պատկերն է որ ընտրական բեմը կը պարուրէ անորոշութեան ամպերու մէջ, սակայն կարգ մը դէտեր կ’ըսեն, որ վաղը, երբ ընտրապայքարը մօտենայ վախճանական փուլին, կարգ մը թեկնածուներ կրնան յայտարարել, թէ կը քաշուին ընտրապայքարէ՝ ի նպաստ իշխանութեան կամ այս թէ այն ընդդիմադիր առաջատարին: Այս ալ մաս կը կազմէ ընտրական խաղերուն: Եթէ նման «քաշուիլ»-ներ արձանագրուին, կարելի պիտի ըլլայ աւելի յստակ նախատեսութիւններ կատարել արդիւնքին մասին:

ԱԽՏԱՎԱՐԱԿ ԵՐԵՒՈՅԹՆԵՐ

Քանի մը խօսք ալ՝ ընտրապայքարի վատառողջ մթնոլորտին մասին: (Նկատի չունինք համացանցային… աղբանոցը):

Ընտրապայքարի պաշտօնական ազդանշանէն առաջ իսկ, երբ ընտրապայքարը ճամբայ ելած էր բուռն թափով, հակադրութիւններու եւ ոխի տարածման մտրակը սկսած էր շաչել աւելի՛ հնչեղ կերպով: Այլամերժութիւնը բացորոշ դարձաւ մասնաւորաբար «թաւշեայ յեղափոխութեան դարաշրջան»-ին, երբ հրապարակ նետուեցան հինի-նորի, յեղափոխականի-հակայեղափոխականի, սեւի-սպիտակի եւ այլօրինակ պիտակաւորումներ:

Ընդդիմադիր ուժերը ընդհանրապէս կը փորձեն մնալ աւելի՛ չափաւորական, մինչդեռ հրաժարեալ վարչապետը հրապարակ եկած է սպառնալիքներու եւ վրէժխնդրութեան իրողական կոչերով: Ընտրապայքարի կիսուն, իշխանութեան սուինները ուղղուեցան նաեւ կրօնական հաստատութեան դէմ, երբ Էջմիածինէն արձակուեցաւ լուտանքային եւ սպառնական ընթացքէ ետ կենալու կոչ մը, ուղղուած՝ մասնաւորաբար իշխանական կողմին: Ընդդիմադիրներու դատողութեամբ, սա կը մատնէ երկու բան. նախ՝ հրաժարեալ վարչապետին մտային եւ հոգեկան աննախանձելի դրութիւնը, երկրորդ՝ «վերարտադրուելու» անյուսութիւնը, որ բացայայտ կը դառնայ օրէ օր:

Փաշինեանի անյուսութեան մասին հաւաստիքները հիմ կը գտնեն այլ իրականութիւններով: Նկատելի է, որ անոր ընտրական հաւաքներուն, ներկաներու թիւը տեղ-տեղ խղճալի է, մինչդեռ ընդդիմադիրներէն շատեր կը գտնեն աւելի մեծ թիւով ունկնդիրներ ու համակիրներ: Ընդդիմադիր լրատու աղբիւրներ կը հաւաստեն, որ Փաշինեան իշխանութեան «գործիքներ» կ’օգտագործէ, համակիրներ հաւաքեու համար: Օրինակ, Ուրբաթ, 11 Յունիսին հաղորդուեցաւ, որ Փաշինեան ընտրապայքարի գացած է բազմահարիւր ոստիկաններու (10 օթոպիւս ոստիկան) ընկերակցութեամբ, որոշ շրջաններու մէջ, բացայայտ կամ լուռ սպառնալիքներով եւ ճնշումներով քաղաքացիներ բերուած են հանրահաւաքի. դպրոցներու եւ կարգ մը գործարաններու պաշտօնեաներուն սպառնալիք ուղղուած է, թէ կրնան նպաստէ կամ գործէ զրկուիլ՝ եթէ Փաշինեանի ընտրահաւաքին չերթան, աշակերտներ պարտադրաբար հաւաքի բերուած են, ընդդիմադիր պաշտօնակատարներ գործէ կ’արձակուին եւ այլն: Յիշեցում կը կատարուի, որ հրաժարեալ վարչապետը վերջին ամիսներուն անուղղակի ընտրակաշառքի դիմած է (օրինակ՝ ոստիկաններու, բանակայիններու, ուսուցիչներու եւ այլոց ամսականի յաւելումներ խոստանալով ու սա կը դիտուի իբրեւ պարգեւավճարի նոր ձեւ մը…): Փոխադարձաբար, իշխանութեան աղբիւրները կը պնդեն, թէ ընդդիմադիրներ բացայայտօրէն ընտակաշառք բաժնելու ձեռնարկած են, կան մեղադրեալներ, ձերբակալեալներ…: Այս երեսները արձանագրենք առանց երկար մեկնաբանութեան, այլ միայն նշելով, որ նման անբաղձալի վիճակներ աննախընթաց չեն, ո՛չ Հայաստանի, ո՛չ ալ Երրորդ Աշխարհի կամ մինչեւ իսկ զարգացած երկիրներու մէջ:

ԳԵՐԻՆԵՐՈՒ «ԽԱՂԱՔԱՐՏ»-Ը

Այս ու նմանօրինակ տեղեկութիւններու մթնոլորտին եւ «հովանիին» տակ է որ տեղի կ’ունենայ ընտրապայքարը: Ինչպէս նախատեսելի էր, տաք նիւթերն են պատերազմն ու հետեւանքները, գերիներու անհորիզոն տագնապը: Ընդդիմադիր կարգ մը աղբիւրներ կ’երթան մինչեւ հոն, թէ Ատրպէյճան 12 Յունիսին ազատ արձակեց 15 գերի՝ նպաստելու համար… Փաշինեանի ընտրապայքարին, վաղը ուրիշներ ալ կրնան ազատ արձակուիլ, որովհետեւ Ալիդւ հրաժարեալ վարչապետը գտած է իր ծրագիրներուն լաւագոյնս յարմարող ղեկ-ա-վարը: Տաք նիւթեր են Սիւնիքէն մինչեւ Տաւուշ՝ ազերիական թափանցումներն ու անոնց նկատմամբ ընդհանրապէս «մատը մատին չզարնելու» իշխանութիւններուն կրաւորականութիւնը (կրակոց-հակակրակոցներն ալ «խաղին մաս կը կազմէ»՝ կ’ըսուի), տնտեսութեան ու դիւանագիտական անկումային վիճակները եւ… մասամբ նորին: Արցախը բացակայ չէ, սակայն յստակ է, որ ըստ բաւականին լուսանցքայնացուած է շատերու կողմէ, անոր հողերուն մեծ մասին կորուստը ընդունուած է իբրեւ կատարուած իրողութիւն. միայն կարգ մը ընդդիմադիրներ կը խոստանան շրջել յետ-պատերազմեան աղէտալի ընթացքը: Այս տուեալներուն մէջ, ընդդիմադիրները օր աւուր կոչ կ’ուղղեն քուէարկողներուն, մասնաւորաբար անոնց, որոնք կը մտածեն չմասնակցիլ քուէարակութեան, թէ՝ այս հանգրուանին, կրաւորականութիւնը անընդունելի է, երբ երկրին ու ՊԵՏՈՒԹԵԱՆ (եւ ո՛չ միայն իշխանութեան) ճակատագիրներն են գրաւի դրուած, հետեւաբար, պէտք է մասնակցիլ ընտրութիւններուն եւ քուէ տալ այն ուժերուն, որոնք յոյս ունին – եւ յոյս կը ներշնչեն – որ կարելի է սկսիլ երկրի փրկութեան, իսկ հրաժարեալ վարչապետին եւ կողքին քալողներուն վերադարձը պիտի նշանակէ կորուստներու երթին շարունակումը:

Մէկ խօսքով, երկիրը 20 Յունիսին պիտի գտնուի երկու գլխաւոր ուղիներու միջեւ ընտանք մը կատարելու հրաւէրին դիմաց:

Այս բոլորէն անդին, մերթ ընթ մերթ կ’արծարծուին նաեւ շրջանային եւ միջազգային զարգացումներուն բերած ազդեցութիւնները: Սակայն սա արդէն առանձին քննարկելի ոլորտ մըն է: (Յաջորդիւ):