Ուրկէ՞ Կու գանք, Ո՞ւր Կ՝երթանք- Բ. Հրաբուխին Վնասներէն Ետդարձի Ուղիներ (Ս. Մահսէրէճեան)

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Նախորդ սիւնակին մէջ ընդհանուր ուրուագծումը կատարեցինք Հայաստանի այսօրուան վիճակին, որ կը կազմէ 20 Յունիսի ընտրութիւններու բեմին խորապատկերը: Աւելցնենք, որ ընտրութիւնները պէտք չէ դիտել իբրեւ այնպիսի հանգրուան, որ բոլոր լուծումներուն բանալիները պիտի բերէ հայութեան: Բաց աչքերով կը տեսնենք, չէ՞, որ Հայաստան ինկած է ռազմական ու քաղաքական (նաեւ շրջանային ծիրին մէջ) այնպիսի փոթորիկներու գիրկը, որոնք մեր կամքէն անկախ զարգացումներու խաղալիք դարձուցած են մեզ: Իսկ այդ զարգացումներուն գլխաւոր խորագիրը (ոչ միակը) համաթուրանականութեան հորիզոններն են, որոնց կողքին կան Արեւելք-Արեւմուտք նորացուած հակամարտութիւնները, սակայն նաեւ գործակցական որոշ գիծեր…:

ԱՅԼԱՆԴԱԿ ՎԻՃԱԿ

Նախ եւ առաջ, պէտք է նկատենք, որ մեր հայրենիքին մէջ այլանդակութիւնները մրցումի ելած են իրարու հետ: Ի մտի չունինք միայն այն,  որ երկիրը ահաւոր կորուստներու տարած, մեր գլխուն նոր վտանգներ կախող իշխանութիւնը տակաւին կը յաւակնի նոր «նուաճումներու» հասնիլ (ո՞ր ուղղութեամբ, յստակ է), կը պահէ հաւկուր  շահադէտներու համակրանքը, այլ մանաւանդ այն, որ երկրին ղեկը կը մնայ հրաժարեա՛լ վարչապետի մը եւ իր հրաժարեա՛լ կառավարութեան, նաեւ՝ ինքզինք լուծարքի ենթարկած Ազգային ժողովի՛ մը ձեռքին: Կարծէք է հրաժարական եւ լուծարք իմաստ չունենային, դէպքերը կը շարունակուին «բնական ձեւով»: Անշուշտ պիտի ըսուի, որ երկիրը անդամալուծութեան պէտք չէ մատնուի կառավարութեան եւ խորհրդարանին այժմու իրաւավիճակին դիմաց, սակայն ինչ որ տեղի կ’ունենայ՝ «ընթացիկ եւ անխուսափելի-անյետաձգելի գործեր»էն շա՜տ հեռուները կը տանի:

Մէկ խօսքով, Հայաստանի (եւ Արցախի) շուրջ ճակատագրական քայլերը, առաջարկներն, հողերու «փոխանակում»ի լուռ ու բացայայտ ծրագիրները հրապարակ կու գան, երբ իշխանութեան մակարդակին վրայ ստեղծուած  է իրողական պարապութեան ժամանակաշրջան մը: Սահմանադրագէտներ եւ օրէնսգէտներ կրնան հազար ու մէկ վէճի մէջ մտնել (այս գետնի վրայ մասնակի քննարկում կը կատարուի), հարց տալու՝ թէ նման վճռորոշ, ՀԱՅՐԵՆԻՔԻ ՏԱՐԱԾՔԻՆ եւ ՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ճակատագիրներուն հետ կապ ունեցող տնօրինումներ ինչպէ՞ս կրնան յառաջ տարուիլ հրաժարական տուածներու եւ լուծարքի ենթարկուածներու կողմէ, ահաւոր ժառանգութիւն ձգելու համար յաջորդներուն: Ողբերգութեան մէկ այլ ծալքն ալ հոն է, որ Հայաստանի իշխանաւորները «ամէն բան բնական է»ի հաւաստիքներ կու տան հայութեան եւ մեր կացութեան հետեւող բարեկամին ու թշնամիին, երբ թշնամանքը մնայուն վարքագիծի վերածած Ատրպէյճանն ալ կ’ըսէ, թէ Հայաստանի հետ սահմանները խաղաղ են, յետոյ, օր մըն ալ… հայկական կողմը կ’ամբաստանէ, թէ կրակած է Նախիջեւանի ուղղութեամբ, այլապէս քողարկեալ «պատգամ» մը հասցնելով մեր խուլ-կոյրերուն, չըսելու համար «օրակարգ իրականացնող»ներուն: Արդեօք պատմութեան մէջ քանի՞ երկիր կրնանք գտնել, ուր պարտութիւն կերտած հրաժարեալներ խաղան երկրին ճակատագիրին հետ: Քանի՞ երկրի մէջ ղեկավարի դիրք ունեցողը ա՛յսքան ինքնահերքում կրնայ ընել եւ հաշտ աչքով դիտուիլ ժողովուրդին կողմէ (օր մը խօսք կ’ըլլայ խաղաղասիրութեան եւ հարցերը քաղաքական ուղիներով լուծելու մասին, յաջորդ օրը վեր կ’առնուին թշնամիին բացայայտ գրգռութիւնները եւ «եթէ խաղաղ միջոցներուն չընդառաջեն, կրնանք ուժի դիմել» մը կ’արձակուի… կապարազերծ փամփուշտի պէս):

ՑՈՒՑԱԿՆԵՐ

Մայիսեան տօնի նախօրեակին, յստակ եղաւ, որ 27 կուսակցութիւն եւ դաշինք կը մտնեն ընտրական կրկէս, յստակացուցած են թեկնածուներու ցուցակները: Գլխաւոր եւ երկրորդական ախոյեաններն ալ  (չխօսինք խրտուիլակներու մասին) ըստ բաւականին յստակացած են:

Սպասելով ընտրարշաւի պաշտօնական արձակումին, խառնարանը նոր տուայտանքներ կ’ապրի քանի մը գիծերու վրայ: Իշխանութիւնն ու զինք փառաբանող լրատու պատուհանները հաւաստիք կու տան, թէ պիտի յաջողին պահել երկրին ղեկը, իրականացնել խոստումները (այս մասին չենք ուզեր երկար խօսիլ, այլ արձանագրենք միայն, որ յուսատու խոստումներուն անկատար մնալէն անդին, հող, կեանքեր եւ տնտեսութիւն կորսնցուցած ենք, նահանջներ արձանագրած ենք միջազգային բեմին վրայ): Արդեօք այդ խոստումներուն իրականացումը պիտի ըլլայ «գաղտնապահութեան» եւ «ամէն բանի համար բաց հաշիւ պիտի տանք»-ի նո՞յն ընթացքով: Ինչո՞ւ ոչ, երբ սուտի «աւանդութիւնը» հաճելի թմբիր կը պարգեւէ ոմանց:

Ընդդիմադիր ճակատը (որ քանի մը շերտի բաժնուած է) ինքնավստահ է, որ այս իշխանութեան «օրերը հաշուըուած» են, 21 Յունիսին, Հայաստանի մէջ պիտի բացուի վերականգնումի, «կռնակը շտկելու» եւ աշխարհի բեմին վրայ Հայաստանի տեղն ու դերը վերահաստատելու էջը: Տարբեր ընդդիմադիրները մէկ յայտարարի վրայ բերող գլխաւոր գիծը այն է, որ «Թաւշեայ յեղափոխութիւն» հռչակողներու ստապատիր եւ անվաղորդայն «քայլարշաւը» պէտք է վերջ գտնէ:

«ԳԱՐՈՒՆ»Ի ՏԱՐԲԵՐԱԿԸ

Վերջին երեք տարիները, բայց մանաւանդ 44-օրեայ պատերազմն ու հետեւանքները կասկած չեն ձգած, որ Հայաստան, Արցախով եւ աշխարհասփիւռ հայութեամբ, մատնուած է «Արաբական գարուն»ի մէկ տարբերակին (եւ երբեք ալ կարեւոր չէ, թէ «քալողները» այս վիճակին հասցուցին գիտա՞կցաբար, համբակութեա՞ն հետեւանքով, թէ՞ դաւադրական ծրագիրներ մեղսակցութեան տրամադրութեամբ…): «Արաբական գարուն»ին ենթակայ եղող երկիրները կրեցին մեծ ու փոքր վնասներ, մէկ քանին կը շարունակեն արիւնիլ ու քանդուիլ (չմոռնանք այդ բոլորին մէջ Թուրքիոյ իւրայատուկ դերը): Մեր «գարուն»ը նման է ամէնէն ծանր աղէտներու մատնուածներուն: Անձերէն շատ աւելի անդին, հայրենիքն ու ազգն են վնասուողները: (Իշխանութեան կարգ մը մասնակիցներ արդէն «պրծած են»):

Ինչպէս արձանագրեցին արդէն, մեր արդար ու չափազանցեալ բանավէճերը երբ իրողապէս պառակտումի տարած են մեզ (հոս ալ չանտեսենք «քալողներու պետ»ին բաժանարար դերակատարութիւնը), անդին, Թուրքիոյ ծրագիրներուն գործակատար Ատրպէյճանը ի՛ր ծրագիրները կը շարունակէ անշեղ կերպով,  իսկ մեր ճակատին վրայ, բանակին վերակազմակերպումը, սահմաններու պաշտպանական քայլերն ու ընդհանրապէս երկրի անվտանգութեան միջոցառումները դրուած են… սառնարան:

ՎԵՐԱԿԱՆԳՆՈՒՄԸ՝ ՄԱՐՏԱՀՐԱՒԷՐ ԲՈԼՈՐԻՆ

Եթէ հրաժարեալ վարչապետն ու գործակիցները արդէն քարոզարշաւի սկսած են «Հայաստանի մէջ ապագայ կայ» նշանաբանով (ո՞վ կ’ըսէ թէ չկայ: Իսկ մօտիկ անցեալը քանդողէն նման խօսք՝ միայն սնամէջ յոխորտանք է), ընդդիմադիրները, իրենց կարգին, հրապարակ կու գան աւելի՛ շօշափելի ծրագիրներով ու խոստումներով: Հիմա, ժողովուրդը կը սպասէ, որ յառաջիկայ շաբաթներուն շօշափելի հիմեր եւ նախաքայլեր բերեն:

Երկրին ամբողջական վերականգնումը ազնիւ մարտահրաւէրի դիմաց դրած է ԲՈԼՈՐԸ: Ահագին ԳՈՐԾ կայ ընելիք. իշխանափոխութիւնը պիտի ըլլայ (կրնայ ըլլալ) միայն մեկնարկը: Ի՛նչ ալ որ ըլլան Հայաստանի շահերուն իսկական պաշտպանութեան դրօշը բարձրացնողներուն կեցուածքները, անոնց միջեւ տարբերութիւնները, մարտահրաւէրը կը հարկադրէ բոլոր ուժերուն միացումը, կազմելու համար լեռնացած բեռները բարձելու կարող՝ ԳՈՐԾԱԿՑԱԿԱՆ կառավարական կազմ մը (քոալիսիոն):

Անշուշտ շատ կանուխ է (թէեւ իրականութեան մէջ ուշ է) խօսելու համար կառավարական գործակցական կազմի մը մասին (կազմ մը՝ որ համախմբէ բոլոր կարողութիւններն ու կարողականութիւնները), սակայն յստակ է, որ յաջորդ լեռէն մուկ պէտք չէ ծնի: Հորիզոնին վրայ կ’երեւին դրական նշաններ:

Բաղձալի եւ ատակ-գործունեայ իշխանութիւն մը ձեւաւորելու համար, պէտք է վերադառնալ այն տարազին, որ 10 Նոյեմբերէն անմիջապէս ետք հրապարակ բերուեցաւ «Ազգային փրկութեան շարժում»ին կողմէ: Այդ օրերուն, գլխաւոր առաջարկը այն էր, որ ձախողած եւ պարտուած, անկումներու տարած խմբակը անյապաղ պէտք է հեռացուի, կազմուի բոլոր կարող ու ատակ ձեռքերը մարմնաւորող՝ փոխանցման կառավարութիւն մը, որ ձեռնարկէ երկրին վերականգնումին (առանց մոռնալու այս վիճակին հասցնողները արդար հաշուետուութեան ենթարկելու, արդարադատութիւնը գործի լծելու պահանջը), եւ աւելի՛ նպաստաւոր պայմաններ ստեղծէ՝ արդար եւ երկրի իսկական ծիածանը մարմնաւորող խորհրդարանի մը կազմութեան: Այդ առաջադրանքը չիրականացաւ բազմաթիւ պատճառներով, սակայն այժմու դաժան պայմանները ցոյց կու տան, որ այդ մտածումը ժամանակավրէպ չէ, անմիջական ապագային պէտք է նայիլ ա՛յդ տրամաբանութեամբ: Այլ խօսքով, ընդունինք կամ ոչ, 20 Յունիսէն ետք կազմուելիք կառավարութիւնը պիտի ըլլայ ԻՍԿԱԿԱՆ ՓՈԽԱՆՑՄԱՆ իշխանութիւն մը:

Աւելորդ է երկար ցանկեր կազմել, թէ ինչպիսի՞ աշխատանքներու տակ պիտի «թաղուի» նոր կառավարութիւնը: Արձանագրենք քանի մը կարեւոր կէտ, որոնցմէ իւրաքանչիւրը (ընթերցողս կրնայ դիւրութեամբ եզրակացնել թէ) ունի իր ենթաբաժինները:

Ամէն բանէ առաջ, կայ երկրին ու ժողովուրդին անվտանգութեան ապահովումը: Զուգահեռաբար, հրամայական է վերջին 3 տարիներուն խորացած բաժանուածութեան եւ ատելութեան մթնոլորտին բարեշրջումը (չմոռնանք, որ 2018-էն առաջ ալ պատկերը գունաւոր չէր…): Կայ նաեւ բանակին վերակազմութիւնն ու ատակ հրամանատարութեան մը հսկողութեամբ վերակազմակերպումը, վերահզօրացումը, արդիականացումը: Նման հրամայականի դիմաց են ոստիկան ուժերն ու ապահովութեան սպասարկութիւնները: Ո՛չ մէկ կասկած, որ Հայաստան չէ սնանկացած:

Արցախն ու անոր սահմաններուն, իրաւավիճակին եւ իրաւունքներուն վերականգնումը նոյնքան հրատապ են եւ հրամայական: Այսօրուան իշխանութիւնը յաւակնեցաւ «զեռօ կէտ»է սկսիլ բանակցութիւնները, հիմա տեսանք որ զեռոյէն քանի՛ աստիճան վար ինկած ենք: Խորհրդային տարիներու ու անոնց յաջորդած շրջանի իրականութիւնները վերջնականապէս մսխուած պէտք չէ նկատել, սակայն նաեւ նոր «դարաշրջան»ին պէտք է մօտենալ այն նախանձախնդրութեամբ, որ Արցախն ու Հայաստանը լոկ մեծերու հաշուարկներուն խաղալիքը պէտք չէ ըլլան (մօտաւորապէս 150 տարի առաջ, հայկական հարցը Սան Սթեֆանոյի «միակողմանի որոշումներէն» ետք, դրուեցաւ Պերլինի ժողովին «բազմակողմանի որոշումներուն» խնամքին տակ…: Դարը փոխուած է, խաղին կանոնները շատ չեն փոխուած): Այլ խօսքով, Ատրպէյճանի խլած ու նուէր ստացած տարածքները ո՛չ միայն պէտք է վերականգնուին, այլ լիարժէօրէն հետապնդուին ու ամրագրուին խորտակուած հանրապետութեան ժողովուրդին բոլոր իրաւունքները: Կարելի չէ ուրախանալ, որ ռուս խաղաղարար ուժերը ի՜նչ լաւ բան կ’ընեն, երբ հայ ուխտաւորներ կ’առաջնորդեն դէպի Ամարաս ու Դադիվանք, մինչդեռ անդին, Ատրպէյճան կը մարսէ կուլ տուածը, «շինարարական» եւ հանքերու շահագործման ծրագիրներ սկսած է իրականացնել, մեր մշակութային ժառանգութիւնները կը փճացնէ աշխարհի աչքերուն առջեւ: (Յաճախ կը մոռնանք, որ խաղաղապահ ուժերը ի՛նչ առաքեութիւն ունին, չեն կրնար փոխարինել սեփական բազուկը, Արցախ թէ Հայաստան):

Ներքին ճակատին վրայ, համաչափ հրամայականներ են տնտեսութեան եւ անոր բաղադրիչներուն վերականգնումը, ազգային արժէքներու եւ դիմագիծի վերամշակումը, երկրագործութեան եւ արտադրողականութեան վերաշխուժացումը: (Կրնանք թուել բոլոր ոլորտները): Փաստօրէն, նոր կառավարութեան գործը պիտի ըլլայ նախ եւ առաջ վերցնել փլատակները (նմանողութեամբ՝ Թրամփի թողած փլատակները մաքրելու Պայտընի քայլերուն), որուն պիտի յաջորդէ իրական վերակառուցումը՝ ՓՈԽԱՆՑՄԱՆ ՇՐՋԱՆԷՆ ԵՏՔ:

Անյետաձգելի եւ յիշուածներուն համաչափ հրամայականներ կան նաեւ արտաքին քաղաքական-դիւանագիտական ոլորտին մէջ, ուր եւս արձանագրուած է ահագին քանդում, նահանջ եւ մսխում: Չմոռնանք, որ ինքնագլուխ որոշումներով առաջնորդուելու հրաժարեալ վարչապետին «գաղտնասիրութիւնը» տուաւ բազմաթիւ (նա՛եւ իրեն համար) անհաճոյ «պտուղներ»: Պաշտպանութեան նախարար մը հրաժարեցաւ, պատմութեան անցան երկու արտաքին գործոց նախարարներ (պահ մը մոռնանք կարգ մը «քալողներուն» հրաժարումը՝ իշխանական խմբակէն), խորհրդականներ, «մտերիմներու» տեղաշարժ արձանագրուեցաւ, նոր հրաժարականներու մասին շշուկներ կան եւ որոշ չափով կը հիմնաւորեն ընդդիմադիրներու այն տեսակէտները, թէ իշխանութիւնը հազիւ թէ փոքրամասնութիւն մը կրնայ ապահովել յաջորդ Ազգային ժողովին մէջ:

«Արտաքին»ի ոլորտին մէջ, եւ համաչափօրէն՝ ազգային մտածողութեան ոլորտին մէջ մեզ սպասող հրամայականին, նոր իշխանութեան հեռանկարներուն մաս պէտք է կազմէ ՀԱՅ ԴԱՏԸ՝ իր ամբողջական տարածքով: Ճիշդ է, կան անմիջական եւ հեռահաս պահանջներ, սակայն համաթուրակականութեան դէմ սարդարապատուելու մեր կամքը կարելի չէ «բարձի-թողի ընել»:

…Ո՛չ իշխանութիւնը, ո՛չ ալ ընդդիմադիրները հանգիստ սրտով կը մօտենան քուէարկութեան սնտուկին: Յստակ է, որ կայ կարեւոր մարտահրաւէր մը. պէտք է վերջ դնել «անձնակեդրոն» եւ այլանդակ գաղտնապահութեան գործելակերպին (տեղին գաղտնապահութիւնը շատ կարեւոր է, սակայն կեղծ հրապարակայնութիւնը, ամբոխահաճութիւնը՝ վնասաբեր): Ժողովուրդ թէ իշխանաւոր՝ պէտք է բաց աչքով եւ բաց ուղեղներով տեսնեն, որ անձերը, որքան ալ որ կարող ու ազդու դերակատար ըլլան, մնայուն եւ անփոխարիներլի չեն. ազգն ու հայրենիքն են մնայունն ու յաւերժականը:

Մէկ խօսքով, պէտք է միացեալ ձեռքերով դուրս գանք հրաբուխին խառնարանէն եւ ԱԶԳԸ կազմող, ԱԶԳԻՆ ՈՒ ՀԱՅՐԵՆԻՔԻՆ հաւատացող ձեռքերով փաստենք, թէ ինչո՛ւ եւ ինչպիսի՛ ապագայ կայ Հայաստանի եւ Արցախի, «մոռցուած» Սփիւռքին մէջ: