Մայիսեան Միական Եւ Միահամուռ Ծառացում. «Հայրենիք»

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Խմբագրական

Այսօր, իւրայատուկ պայմաններու տակ կը նշենք Հայաստանի Ա․հանրապետութեան անկախութեան օրը։
Եւ բաղդատական մը կատարենք 103 տարի առաջուան իրադարձութիւններուն՝ թշնամիին կողմէն դիտուած, որքա՜ն յար եւ նման է գործելաձեւը։
Համաշխարհային Ա. պատերազմին մեծ վնաս ստացած էր Ռուսաստանը. տեղի ունեցած էր 1917-ի Հոկտեմբերեան յեղափոխութիւնը, որուն իբրեւ հետեւանք՝ ռուսերը հեռացած էին Կովկասէն, միս-մինակ ձգելով հայերը Թուրքիոյ դիմաց: Արտաքին ճակատին վրայ եւս, Հայաստանը շրջապատող պայմանները ու աշխարհաքաղաքական շահերը երբեք նպաստաւոր չէին հայութեան դիտանկիւնէն:
Այս դաժան պայմաններուն տակ էր, որ թրքական բանակը սկսաւ շարժիլ դէպի Երեւան: Ներքնապէս, դիւրաբեկ եւ աղքատ էր Հայաստանը, կքած ու շնչասպառ՝ Ցեղասպանութեան ստեղծած ահաւոր բեռներուն տակ. չունէր կազմակերպուած բանակ ու առողջ տնտեսութիւն: Այդ դժնդակ պայմաններուն մէջ, անկարելի էր պաշտպանել Սեւ ծովէն մինչեւ Վասպուրական երկարող ռազմաճակատը:
Արամ Մանուկեան, ստանձնելով գերագոյն ղեկավարի դերը, գործի լծեց ողջ ժողովուրդը, իր բոլոր կուսակցութիւններով, դասերով ու խմբաւորումներով: Եւ եղաւ, որ հայոց պատմութեան մութ օրերու էջերուն մէջ ոսկի մելանով արձանագրուեցան Ղարաքիլիսէի, Սարդարապատի եւ Բաշ Ապարանի ճակատամարտերուն սխրանքները, իբրեւ մարմնաւորում՝ «Ազատութիւն կամ մահ» նշանաբանի մոլուցքով ոգեզինուած գոյապայքարին։
Հայութիւնը կանգնած էր ռազմական մարտահրաւէրներու առջեւ: Ճակատումը ահւաւասար էր, ելքը՝ անողոշ: Սակայն ունէինք անձնազոհ եւ նուիրեալ հերոսներ, մեր ամբողջ ժողովուրդը կլանուած էր հերոսանալու տենդով, յաղթանակը եղաւ անխուսափելի հրաշքը եւ տիրացանք անկախութեան։
Մայիս 2021-ին, ցեղասպան Թուրքիան կը շարունակէ իր սուրը ճօճել Հայաստանի ուղղութեամբ, այս անգամ իր կողքին ունենալով արեւելքի հլու կամակատար դաշնակիցը՝ Ատրպէյճանը: Փաստացի գործակալին ձեռամբ կը կատարուին համաթուրանականութենէ մղում առնող ոտնձգութիւնները։ Առաջին հերթին, անշուշտ, Արցախի վրայ շղթայազերծուած յարձակումն էր, որուն բազմաթիւ մութ էջերը դեռ կը մնան չբացայայտուած։ Աւելի՛ն, ազերին մուտք գործած է Հայաստանի հողերէն ներս, Գեղարգունիք, Տաւուշ, Սիւնիք, կ’երազէ վաղը…։
Յստակ է, թէ արտաքին ճակատի վրայ եւս, տիրականը անցեալի միեւնոյն գլխաւոր գիծերն են: Դժբախտաբար, ներքին ճակատին վրայ ստեղծուած աղիողորմ վիճակն է նուաստացուցիչը։ Արամ Մանուկեանի ստեղծած հմայքը չկայ։ Փոխարէնը՝ աթոռին կառչած պատեհապաշտ, նէօ-լիպերալ հրաժարեալ վարչապետ մը, որ մինչեւ իսկ փոխանցման այս ժամանակաշրջանին, լաւագոյն պարագային՝ միայն ու միայն ընթացիկ գործեր վարող գործակատար մըն է,  կը փորձէ ազգային անվտանգութիւնը խախտող համաձայնագիր ստորագրել, նոյնինքն Հայաստանէն հողեր յանձնել Ազրպէյճանին, յաւակնելով, թէ յամառատու է ժողովուրդին եւ կը փորձէ անգամ մը եւս խաբեպատիր դարձուածքներով համոզել, թէ կատարածը ի նպաստ իր հայրենքին է…
Օրհասական օրեր կ՛ապրինք։
103 տարի առաջ, Երեւանի դռներուն առջեւ տեղի ունեցած ճակատագրական ճակատամարտէն յաղթական դուրս եկած հայ ժողովուրդը շշմած է։
Եւ տեղին է կրկին ու կրկին ընդգծել Հրաչ Տասնապետեանի մէկ հաստատումը․- «Մայիս 28-ը հայոց պատմութեան ամենաշքեղ թուականներէն է, եթէ ոչ` ամենաշքեղը: Անիկա համամարդկային է իր մօտաւոր ու հեռաւոր քաղաքական եւ քաղաքակրթական արդիւնքներով, բայց ամէն բանէ առաջ ու մանաւանդ` համահայկական է իր պատմական բովանդակութեամբ, քանի կը խորհրդանշէ մեր ժողովուրդի միակամ եւ միահամուռ ծառացումը` իր ոչնչացման ձգտող ազգային թշնամիին դէմ»:
Սարդարապատն ու մայիսեան յաղթանակը, հայկական պետականութեան վերականգնումը միայն անցեալ չեն. անոնք վերստին մարմնաւորուեցան մեր նորագոյն պատմութեան մէջ՝ Արցախեան հերոսամարտերով եւ պատմականօրէն հայկական հողերու ազատագրումով: Սարդարապատները մեզ կը սպասեն այսօր եւ վաղը: Պիտի ընդառաջենք նոյն միասնականութեամբ, միահամուռ բռունցք դառնալով: