Հայաստանի Անկախութեան 103-Ամեակի Նշում Լիբանանի Մէջ

Հայաստան, Սփիւռք

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Հանրային կապերու մարմինին, 28 Մայիս 2021-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Պուրճ Համուտի «Արին» կեդրոնին դիմաց տեղի ունեցաւ Հայաստանի անկախութեան 103-ամեակի նշում, որուն նախորդեց ՀՄԸՄ-ի սկաուտներու տողանցք Պուրճ Համուտի փողոցներուն մէջ` մասնակցութեամբ ՀՄԸՄ-ի Այնճարի շեփորախումբին:

Ներկաներուն բարի գալուստ մաղթեց Շաղիկ Յարութիւնեան-Յովսէփեան, որ վեր առաւ անկախութեան արժէքն ու անոր համար մղուած պայքարը:

ՀՅԴ ԼԵՄ-ի եւ ԶՈՄ-ի ողջոյնի խօսքը արտասանեց Նարօտ Քեչեպաշեան, որ դիտել տուաւ, թէ «Ազատութիւն կամ մահ» կարգախօսով 28 մայիս 1918-ին մղուեցան մարտեր, որոնցմով վերջ գտան հայու շարունակական հալածանքը, տանջանքները եւ թշնամիին լուծը, եւ, Արամ Մանուկեաններու նման չակերտեալ խենթերու ղեկավարութեան եւ միասնակամ ուժին շնորհիւ` Սարդարապատի, Ղարաքիլիսէի եւ Բաշ Ապարանի մարտերը նոր յոյս ներշնչեցին յուսահատ հայ ժողովուրդին, որ ոտքի կանգնեցաւ դէմ դնելու թշնամիին:

Ապա Նարօտ Քեչեպաշեան դիտել տուաւ, որ այդ օրերուն մեր նախահայրերը կ՛ապրէին Թուրքիոյ լուծին տակ, անհայրենիք եւ անօգնական, շրջապատուած թշնամիներով, թուրքերու ծանր հարկերուն եւ հալածանքին ենթակայ, սակայն, հակառակ այդ բոլորին, կրցան դուրս քշել թշնամին եւ սեփական ուժերով տէրը կանգնիլ Հայաստանին: Զուգահեռ մը գծելով` ան նշեց, որ այսօր կը գտնուինք աւելի լաւ պայմաններու մէջ, ունինք ազատ, անկախ պետականութիւն, բայց եւ այնպէս կարիքը ունինք Սարդարապատի, Բաշ Ապարանի եւ Ղարաքիլիսէի մարտերը մղող խենթերու, որոնք պիտի պայքարին, կեանքի գնով պիտի կռուին եւ պիտի փրկեն հայ ժողովուրդը ներքին կեղտերէն ու արտաքին թշնամիներէն:

Նարօտ Քեչեպաշեան  շեշտեց, որ հայութիւնը կառչած պիտի մնայ մայիս 28-ի յաղթանակի խորհուրդին` ապաւինելու միայն սեփական ուժերուն, չակնկալելու միջազգային միջամտութիւն, շարունակելու պայքարը եւ տէրը դառնալու սեփական պապենական հողերուն, առանց ընկրկելու եւ որեւէ զիջում կատարելու:

«Մեր նոր պայքարը պիտի ըլլայ աւելի հաստատակամ, աւելի վճռական, աւելի ու աւելի ուժեղ® Պիտի ձգտինք աւելիին: Պիտի ըլլանք հայկական արժէքները պահպանողներ, սովորութիւններն ու աւանդութիւնները գալիք սերունդին փոխանցողներ եւ նոր պայքարի ռահվիրաներ: Իւրաքանչիւր հայ անհատ պիտի ըլլայ հայ ժողովուրդի շահերը պաշտպանողը, հայ լեզուն մաքուր պահողը, հայոց պատմութիւնն ու աւանդութիւնները պղծողները դատապարտողը: Մեր ուսերուն պիտի կրենք պարտականութիւնը` պահելու եւ պահպանելու հայկականութիւնը:

«Այսօր բոլորս կ՛ուզենք տեսնել ոչ թէ ապազգային, այլ հայկական արժէքներուն տէր ազգային իշխանութիւն մը, որ ունի յստակ քաղաքական դիրքորոշում, կը գործէ Արցախի միջազգային ճանաչման ի խնդիր ու կը պաշտպանէ Արցախի ժողովուրդին ինքնորոշման իրաւունքը: ԼԵՄ-ի եւ ԶՈՄ-ի բոլոր անդամներս կ՛ուխտենք աշխատիլ ու գործել այն ձեւով, որ մեզ աստիճանաբար կ՛առաջնորդէ նախ հիմնադրելու հզօ՛ր պետականութիւն, ապա ազատագրելու այն բոլոր հողերը, որոնք անարժանաբար յանձնուեցան թշնամիին` արցախեան վերջին պատերազմին, եւ վերջապէս հասնելու հայ ժողովուրդի արդար դատի լուծման ու համաշխարհային ճանաչման: Աւելի՛ն, այս բոլորին զուգահեռ նաեւ կարեւոր է սերտել հայոց պատմութիւնը` կանխելու համար ներկայ իրավիճակը, ինչպէս նաեւ չկրկնել անցեալի ու ներկայ նման քաղաքական սխալները», եզրափակեց Ն. Քեչեպաշեան:

Ապա խօսք առաւ Մերձաւոր Արեւելքի Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան Կեդրոնական մարմինի ատենապետ եւ Հայկազեան համալսարանի նախագահ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան, որ դիտել տուաւ, թէ թէեւ 2021-ին հայութեան զգացումները վհատած, հայկական երկինքը մթագնած, հայրենի հողը ոտնահարուած, հեղինակութիւններու վարկը նսեմացած եւ մեր մտքերը ծանրաբեռնուած կը թուին ըլլալ, բայց եւ այնպէս 28 մայիսը տօն է, որովհետեւ կը գոյատեւէ անկախութեան տօն նշող ժողովուրդ մը, եւ կայ պատմահոգեբանական հարուստ աւանդ մը, որ կը յուսադրէ եւ կը մղէ գործի:

Ըստ անոր, մարմինը ունի բարձր արժէք, բայց գաղտնիքը հոգիին մէջ է:  Անձը ունի մարմին, պետականութիւն մը ունի հող, սահման ու սահմանադրութիւն, ազգ մը ունի շօշափելի քաղաքակրթութիւն ու մշակոյթ, իսկ բոլորին անսակարկ պահպանութիւնն ու զարգացումը կենսական են մեր ինքնութեան համար, հոգին ու հոգեկանը բարձր եւ անպարտ պահելու համար:

Վեր. Հայտոսթեան նշեց, որ 1918-ին կային աննպաստ գործօններ, որոնք մեր կամքէն կախեալ չէին, իսկ այսօր կան գործօններ, որոնք դարձեալ մեզի համար նպաստաւոր չեն. բայց եւ այնպէս ան կարեւոր նկատեց, որ մտածենք այն բոլորին մասին, որոնք իրապէս մեզմէ կախեալ պիտի մնան:

«Խօսինք ազատութեան եւ անկախութեան մասին: Սարդարապատով սորվեցանք սահման դնել ոսոխին, որովհետեւ մեզի տրուած բաժինը կատարեցինք ճիշդ ժամանակին, համոզումով, անկախութիւն կերտելու բազմակողմանի ջանքերով եւ սրտաբուխ նուիրումով: Մեր ժողովուրդը, թէեւ խստօրէն կոտորուած ու տեղահանուած, բայց դարաւոր ծարաւը ունէր ազատութեան: Անշնչացած չէր հայու կամքը, զիջած չէր անոր պատմական երազը: Պտուղը` այդ օրերու հնարաւորութիւններով ազատութեան եւ անկախութեան իրագործումն էր», շեշտեց վերապատուելին` աւելցնելով, որ ազատութեան երաշխիքներն են հայրենի հողն ու մայրենի լեզուն, պատմական փորձն ու գործը, սխրագործութեան ու մարտիրոսութեան օրինակները, ջանքի ու ստեղծագործութեան մշակոյթը, միասնական կամքն ու հաւատքով տեսիլք կերտելու եւ ապահով ու միահամուռ հաւաքականութիւն ստեղծելու եւ այլոց հետ պատուով ու կշիռով յարաբերելու վճռականութիւնը:

Ան շեշտեց, որ կեանքին մէջ անձնականը որոշ բաժին ունի, սակայն հաւաքականն է, որ կ՛որոշէ ապագան, իսկ ասոր փաստը տրուած է Սարդարապատի յաղթանակով:

Վեր. Փոլ Հայտոսթեան կոչ ուղղեց` ինքնագիտակից ջանքով, համազգային անանձնական կեցուածքով ամրապնդելու մեր ներքին տունը, մեր արժեչափերը` պետական, համայնքային, անձնական:  «Ըլլանք պատրաստ պատմութեան նոր էջերուն եւ պահենք անկեղծութիւնը մեր սրտերուն, հարուստ ինքնութիւնը նոր սերունդներուն», շեշտեց ան: (Վեր. Հայտոսթեանին խօսքին ամբողջութիւնը):

Ապա խօսք առաւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, որ դիտել տուաւ, թէ այս տարի 28 մայիսը կը նշենք Հայոց ցեղասպանութենէն ետք մեր պատմութեան վերջին հարիւրամեակի ամէնէն դաժան եւ ընկճուած, ամէնէն խառնաշփոթ եւ անհորիզոն, ամէնէն պայթունավտանգ եւ ճակատագրական պայմաններուն մէջ, որովհետեւ ստորագրուած է անզգամ անձնատուութեան յայտարարութիւն, հայ ազատամարտիկներու արեամբ շաղախուած Արցախի ազատագրուած տարածքներն ու Հայաստանի դարպաս Շուշին թշնամիին նուիրուած են, Հայաստանն ու Արցախը պարզ հողատարածք նկատող անհատներ Հայաստանի հողային ամբողջականութիւնն ու գերիշխանութիւնը քաղաքական ու տնտեսական սակարանին վրայ դրած  են: Բագրատունի շեշտեց, որ այս արարքները կատարողները շատ բան ունին սորվելիք Սարդարապատով, Բաշ Ապարանով եւ Ղարաքիլիսէով կենսագործուած 28 մայիսի ճակատամարտերէն ու Հայաստանի անկախութեան հռչակումէն եւ այնուհետեւ պետութեան մը հիմքերը հաստատելու փորձառութենէն:

Ապա ան շեշտը դրաւ այն մեծ խորհուրդներուն վրայ, զորս կը մարմնաւորէ 28 մայիսի յաղթանակը` նշելով, որ Ցեղասպանութիւն գործադրած Թուրքիոյ դէմ ծառանալու կռիւն էր 28 մայիսը, գաղթական, ընտանիք եւ ինչք կորսնցուցած, սակայն արժանապատուութիւնը անխաթար պահած հայ մարդուն ծառացումն էր 28 մայիսը, իր զաւակը կորսնցուցած հայ մօր կռիւն էր, հայ հոգեւորականին կռիւն էր հայ եկեղեցւոյ զանգակներուն ղօղանջը երաշխաւորելու, հայ շինականին կռիւն էր` բահ ու բրիչով պաշտպանելու Արարատեան դաշտը, հայ կամաւորական գունդերու կռիւն էր, որպէսզի «Երեւանը չենք դատարկի» կարգախօսը ամբոխահաճոյ խօսք չըլլայ, եւ Երեւանը վերածուի անկախ Հայաստանի մայրաքաղաքին:

Յակոբ Բագրատունի շեշտեց, որ 28 մայիս 1918-ը համահայկական ու համազգային կռիւ էր թուրքին դէմ` ո՛չ թէ սոսկական հողատարածքի պաշտպանութեան համար, այլ հայրենիքի հողին, որ սակարանային, առեւտրական, տնտեսական շուկայի ըմբռնողութենէն հեռու է, հայ ազգի հաւաքական կամքի արտայայտութիւնն է անիկա` յաղթելու, գոյատեւելու, կռիւով հայրենիք եւ ազատ ու անկաշկանդ քաղաքացի դառնալու: Ան աւելցուց, որ այդ պայքարին ընթացքին կար միասնականութիւն, հոն էին անխտիր տարբեր շերտեր ու քաղաքական ուղղութիւններ, որոնք բոլորն ալ կռուեցան յաղթելու համար, պարտութիւնն ու պարտուողականութիւնը տեղ չունէին անոնց հոգիներուն մէջ:

Բագրատունի լուսարձակի տակ առաւ այն, որ մայիս 28-ին կռուած եւ յաղթանակ ապահոված հայ մարդը գիտէր, որ իր կռնակը ամուր է, իր հրամանատարները հայոց պատմութեան ընդերքէն եկած հայրենապաշտութեան ռահվիրաներ են: «Ան գիտէր, որ դասալիքներ չկան ու պիտի չըլլան կռիւին մէջ ու նոյնիսկ եթէ ըլլան` իբրեւ հայրենիքի դաւաճան պիտի դատուին ու պատժուին: Ան գիտէր, զէնք բարձրացուցած ու կռիւի դաշտ ուղղուող հայ մարդը գիտէր, որ իր կռնակէն գաղտնի համաձայնագիրներ, անձնատուութեան պայմանագիրներ ստորագրողներ եւ վաճառականներ պիտի չըլլան: Ան գիտէր, որ իր պաշտպանած հողը, ազատագրած հողն ու անոր իւրաքանչիւր հատիկը պիտի մնան ի՛րը, հայունն ու Հայաստանինը, ու վստահ էր, որ հողատու մը պիտի չգար ու իր զոհողութիւնները վաճառքի հանէր: Այո՛, 28 մայիսը յաղթողի կամքով, անզիջող ու անսակարկ նուիրումով արժանապատիւ հայ մարդուն յաղթանակն էր թուրքին դէմ», ըսաւ ան: Բագրատունի շեշտեց, որ այս բոլորը իրագործուեցան, որովհետեւ կային Արամ Մանուկեանի նման ղեկավարներ, որոնք չգինովցան յաջողութեամբ, չշահագործեցին ժողովուրդին կողմէ իրենց տրուած վստահութիւնը: «Անոնք իրենց ամբողջ կարողականութիւնը ի սպաս դրին ազգին ու յաղթանակը նուիրեցին Հայաստանին: Կռիւ ղեկավարեցին եւ ոչ թէ ցուցադրութիւն: Չխօսեցան, այլ կռուեցան: Չստեցին, այլ ճակատներու վրայ կռիւ տուին: Պատասխանատուութենէ չխուսափեցան, ո՛չ ալ այլոց վրայ մեղք բեռցուցին, այլ իրենց ուսերուն առին ամենայն քաջութեամբ եւ խրոխտ կեցուածքներով հայրենիքը պաշտպանելու եւ զայն ազատ պահելու պարտականութիւնը», նշեց ան:

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչը հաստատեց, որ մայիսեան յաղթանակներն ու ժողովրդային միասնութիւնը ապահովեցին անկախ Հայաստանի Հանրապետութեան գոյութիւնը, որ հիմնաքարը հանդիսացաւ Խորհրդային Հայաստանի եւ մերօրեայ հանրապետութեան:

«28 մայիս 1918-ին քանդուեցաւ դարերու երկայնքին մեր վզին փաթթուած ստրկամտութեան շղթան: Աւելի ուշ, ազատութիւնը շնչած հայ մարդը դարձեալ ենթարկուեցաւ բռնատիրութեան: Դարձեալ քանդուեցաւ բռնատիրութիւնը, ու դարձեալ ծածանեցաւ ազատութեան դրօշը: Ազատագրուեցաւ Արցախը, յաղթեց հայ մարդը դարձեալ, տէ ֆաքթօ Արցախը միացաւ Հայաստանին: Կոպիտ սխալներ արձանագրուեցան, անձնակեդրոն դրսեւորումներով հայրենի պետութեան գաղափարը արատաւորուեցաւ, փտածութիւնն ու հոգիներու ապականումը տկարացուցին հայուն կամքը: Տնտեսական աճը, քաղաքացիին բարօր կեանքը, սահմաններու բացումով մեղր ու կարագի խոստումները, սփիւռք-Հայաստան խրամատի փնտռտուքը, շերտաւորումներու բարձրաձայնումն ու երբեմն ալ մտադրուած կերպով անոնց յառաջացումը, ապազգային քաղաքականութիւնը, Հայաստանի յատկապէս իբրեւ պիզնեսի միջավայր քարոզչութիւնը, հայկական աւանդական արժէքներու փոխարէն, իբր թէ դէպի արդիականացում երթալու հեւքով մեզ վտանգող վարքերու կրնկակոխ ներմուծումն ու պանծացումը, հայրենիքը հասցուցին հոն, ուր ապաշնորհ ղեկավարութիւն մը, ամբոխավարական, ամբոխահաճոյ եւ սուտ խոստումներով յանձնեց Արցախի ազատագրուած տարածքները եւ տակաւին կը շարունակէ պաղարիւնութեամբ, հաւկուրութեամբ դիտել Հայաստանի գերիշխանութեան ու հողային ամբողջականութեան, միջազգային ճանաչումի արժանացած սահմաններու բռնաբարումը, դիտել, բայց չտեսնել իրականութիւնը, չյագենալ Եռաբլուրի մէջ հողին յանձնուած նահատակներու արեամբ, այլ շարունակել անփութութեամբ վարել այն, ինչ որ դեռ մնացած է երկրին մէջ», դիտել տուաւ Յակոբ Բագրատունի:

Պատգամաբերը շեշտեց, որ 28 մայիսը զգաստութեան զանգն է բոլորին` Հայաստանի ապաշնորհ իշխանութեանց թէ ընտրութիւններու պատրաստուող ուժերուն,  28 մայիսը կը պահանջէ մեզմէ վերջ տալ խեղկատակութեան, վերականգնել հայու ազատատենչ բնութիւնը, Հայաստանի հողային թէ պետական անվտանգութիւնը ամէն բանէ վեր նկատել, վերահաստատել հայոց բանակի աննկուն ու պայծառ կամքը, յանուն բարի դրացնութեան եւ խաղաղութեան չկենսագործել ամօթալի, կասկածելի ու դաւադիր նոյեմբեր 9-ի պայմանագիրը եւ յստակացնել բոլոր գաղտնի համաձայնութիւնները:

«Պարտինք գիտակցիլ, որ շարունակուող զիջումներով, միայն Ազրպէյճանն ու Թուրքիան են, որոնք կը շահին, եւ ժամանակաւոր շահերը ախորժակ կը սրեն յաւելեալ նկրտումներու:  Պարտինք գիտակցիլ, որ Հայաստանն ու հայութիւնը թիզ մը հող չունին զիջելու թշնամիին, իսկ ան, որ բարեկամ է, չի կրնար համոզել մեզ նման զիջումի առաւելութեան: Պարտուած ենք այսօր, որովհետեւ անձնատուր եղած ենք: Պարտութիւնը հանգրուան է միայն: Պարտութիւնը վերջնական կը դառնայ, երբ կը վերածուի համոզումի, անճարակութեան, յուսահատութեան, կեանքի ընթացքի: Այն ինչ որ  28 մայիս 1918-ին Թուրքիան չկրցաւ իրականացնել, այսօր Ազրպէյճանն ու Թուրքիան չեն կրնար իրականացնել, եթէ մենք տրամադիր չըլլանք ջուր լեցնելու անոնց ջաղացքին», հաստատեց Յակոբ Բագրատունի` աւելցնելով, որ 28 մայիսի տարեդարձը ուխտադրութիւն է դարձեալ ազատագրելու Շուշին եւ հայկական տարածքները, Սիւնիքէն եւ Գեղարքունիքէն դուրս շպրտելու թշնամի ուժերը, վերադարձնելու հայ մարդուն արժանապատուութիւնը, ազատ, անկախ եւ ինքնիշխան ապրելու անկոտրում կամքը եւ ընդմիշտ քանդելու հայրենիքը պարտութեան առաջնորդող մտածողութիւնը: (Յակոբ Բագրատունիի խօսքին ամբողջութիւնը):

Գեղարուեստական յայտագիրին պարբերաբար իրենց մասնակցութիւնը բերին Վիգէն Տիշչէքէնեան, Հրաչ Կայծակեան, Արարատ Ահարոնեան, Կարօ Կապուտակեան` նուագակցութեամբ Շանթ Տիշչէքէնեանի: