Հայրենիքի Փրկութեան Շարժման Հանրահաւաքը Սեւան Քաղաքին Մէջ

Հայաստան

Սեւան քաղաքի Սուրէն Զաքարեանի անուան մշակութային պալատի յարակից հրապարակին վրայ այսօր տեղի ունեցաւ Հայրենիքի փրկութեան շարժման հանրահաւաքը։ Հանրահաւաքի մասնակիցները կը պահանջէին վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականը։

Ընդդիմադիրները նախապէս յայտարարած էին, որ մինչեւ Ապրիլ 22 հանրապետութեան մարզերուն մէջ հանդիպումներ պիտի իրականացնեն իրենց կողմնակիցներուն հետ, որմէ ետք ցոյցերը պիտի վերսկսին մայրաքաղաքին մէջ: