Ապագաղափարականացումի Ճահիճին Մէջ (Ա.Պաղտոյեան)

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Վերջին աւելի քան քսան տարիներուն, մեր կազմակերպական կեանքի եւ քաղաքական վարքի հոլովոյթով արդէն հասած ենք այնտեղ, ուր այլեւս մատի ետեւ պահուըտելու նման պիտի ըլլայ չընդունիլը, որ Դաշնակցութիւնը ապագաղափարականացումի սուր ճգնաժամի մը մէջ է: Հեգնականօրէն, սակայն, երբ մեր շուրջը նայինք այս կուսակցութեան էութիւնը հիւծող ապագաղափարականացումի այս չարիքին համատարած գիտակցումը դեռ չենք տեսներ:

Այս օրերուն, մարդիկ, բնազդօրէն հաւանաբար, մեսիական առաքելութեամբ մը լծուած են ներքին եւ արտաքին «իրական թշնամիներ» որոնելու եւ խարազանելու գործին, մինչդեռ չեն անդրադառնար, որ մեր ոսկորներուն հասած է ապագաղափարականացումի ախտավարակ մը, որ քաղաքական եւ գաղափարական հոգեվարքի մատնած է այս կուսակցութիւնը: Ամէն օր ապրուող տխուր իրականութիւն է այլեւս կուսակցական կեանքի եւ կենցաղի մեր առօրեան, ուր իրողապէս խզուած է պորտակապը Դաշնակցութեան գաղափարախօսութեան հետ, իսկ այդ գաղափարախօսութեան արժեհամակարգով կազմաւորուած Դաշնակցական բարոյական նկարագիրը խորապէս այլանդակ դարձած է: Հետեւաբար, բնաւ զարմանալի չէ այլեւս այս ապառողջ միջավայրին մէջ հանդիպիլ արտառոց երեւոյթներու, երբ մարդիկ կուսակցութեան մէջ անբաղձալի կը դառնան իրենց գաղափարական կեցուածքներուն կամ կազմակերպական իրաւունքներուն տէր կանգնելնուն համար:

Միւս կողմէ, ապագաղափարականացումի եւ Դաշնակցական բարոյական նկարագիրի աղաւաղման այս պայմաններուն մէջ սկսած է աւելի բացայայտ դառնալ հակամետութիւն մը՝ իբրեւ գոյատեւման պատուար, ապաւինելու մարդոց կուսակցական ինքնասիրութեան`չըսելու համար յետադիմական մոլեռանդութեան վրայ: Գիտակից կամ անգիտակից անտարբերութիւն մը կայ այն մասին, որ այս ընթացքով վերջաւորութեան պիտի հասնինք հոն, ուր «Դաշնակցութիւն» անունը կրող կազմակերպութիւն մը կը մնայ միայն, բայց հաստատապէս ոչ իր պատմական եւ գաղափարական հանգանակին արժանաւոր ժառանգորդ Դաշնակցութիւն մը:

Կ՛ապրինք ժամանակաշրջանի մը մէջ, ուր հետզհետէ սկսած է աւելի ակնառու դառնալ կուսակցութեան Կանոնագիրով հաստատագրուած գաղափարին շուրջ մեր միաւորման մասնատումը: Իսկ սկսած ենք մասնատուիլ, որովհետեւ հիմնականօրէն ամլութեան մատնած ենք Դաշնակցութեան գաղափարախօսութեան արժեհամակարգը եւ քաղաքական պատեհապաշտութեան հովերուն յանձնած այս կուսակցութեան քաղաքական ապագան: Առաւելապէս քաղաքական նպատակայարմարութիւններու համար օգտագործուող, բայց խորքին մէջ անգործունակ լօզունգներու վերածած ենք ընկերվարութեան, ժողովրդավարութեան, անհատի եւ ազգերու ազատագրման, յեղափոխութիւններու իրաւունքին հաւատալու՝ Դաշնակցութեան գաղափարախօսութեան ստորոգելիները: Անցնող տարիներուն, օրինակ, այնքան գործակցեցանք, զինակցեցանք կամ դաշնակցեցանք ժողովուրդը կեղեքող եւ անոր քաղաքական կամքը ոտնահարող հակաընկերվար եւ հակաժողովրդավար ուժերու հետ, որ ընկերվարութեան եւ ժողովրդավարութեան հաւատալով մեր տուած երդումը ամբողջովին պարպեցինք իր գաղափարական լիցքէն:

Եւ այսպէս, երբ չենք կենսաւորեր գաղափարախօսութիւնը մեր կազմակերպական եւ հանրային կեանքին մէջ, երբ գաղափարախօսութիւնը կը դադրի քաղաքական գործը հունաւորողի եւ անոր մղիչ ուժը հանդիսացողի դերէն, երբ գաղափարախօսութիւնը կը դադրի մեր քաղաքական մտածողութեան հասարակաց բնավայրը ըլլալէ, ինքնաբերաբար կը դադրի նաեւ միաւորող ազդակ ըլլալէ: Մարդիկ չեն միանար Դաշնակցութեան, որովհետեւ ծանօթ են Ծրագիրին մէջ խտացուած անոր գաղափարական արժէքներուն, այլ կը միանան՝ ծառայելու համար այդ արժէքներուն: Իսկ ծառայութեան այդ ճանապարհով միայն պէտք է ակնկալել, որ Դաշնակցական բարոյական նկարագիր ըսուածը արտացոլուի մեր քաղաքական եւ կուսակցական կեանքին եւ գործին մէջ: Եւ ժողովուրդը այդ նկարագիրով է որ մեզ կը դատէ:

Չեմ գիտեր պատմութիւնը ինչ գնահատական կու տայ վերջին քսան տարիներուն Հայաստանի մէջ Դաշնակցութեան տարած գործունէութեան մասին: Բայց եթէ արտօնուի ինծի այս ժամանակաշրջանին մասին բան մը ըսել, ապա կ՛ըսէի, որ մերօրեայ ապագաղափարականացումին ճամբայ հարթող ու Դաշնակցութեան նկարագիրի այլանդակման ճամբով քաղաքական ինքնակործանումի տանող ամէնէն ահաւոր տարիները եղան անցնող աւելի քան քսան տարիները:

Կեանքի մէջ երբեմն կ՛ըսուին խօսքեր, որոնց, հաւանաբար, հեղինակներն անգամ չեն անդրադառնար, որ իրենց արտայայտած խօսքի մէկ նախադասութեան մէջ խտացուած ինչպիսի ճշգրտութեամբ ամբողջ քսանամեայ ժամանակաշրջանի մը քաղաքական մտածողութիւնը եւ վարքագիծը կը ներկայացնեն: Այս առումով, որքան դիպուկ է տարիներ առաջ Դաշնակցութեան պատասխանատու դիրքերէն կատարուած յայտարարութիւնը, թէ Հայաստանի մէջ յեղափոխութիւններու ժամանակը անցած է: Ինքնին առանձին կազմակերպական խնդիր է եւ, ի դէպ, դաշնակցականօրէն ոչ-արտօնելի, որ այս յայտարարութիւնը, ըստ էութեան, մեր ծրագիրին եւ գաղափարախօսութեան հակոտնեայ յայտարարութիւն մըն էր: Այս յայտարարութիւնը խորքին մէջ ոչ թէ միայն ապագաղափարականացումի երեւոյթ է՝ այլեւ հակագաղափարականացումի երեւոյթ:  Բայց այն իրողութիւնը, որ այս յայտարարութիւնը օր ցերեկով կը կատարուէր այնպիսի ժամանակ, երբ մեր հայրենիքի իշխանութիւնը կը գտնուէր ժողովուրդը կեղեքող ու հարստահարող ուժերու ձեռքին եւ, երբ, օրուան իշխանութեան թիւ մէկ ղեկավարը նախագահի իր հանգամանքով չէր իսկ վարաներ պատկերասփիւռով յայտարարելու, որ պատրաստ է Արցախի ազատագրուած եօթը շրջանները յանձնելու Ատրպէյճանին, պերճախօս պատկերը կու տայ ապագաղափարականացման այն վիճակին, որուն մատնուած է այս կուսակցութիւնը:

Այս յայտարարութեան յաջորդող դէպքերը Հայաստանի մէջ, պարզապէս եկան ցոյց տալու, որ ապագաղափարականացման ճահիճին մէջ խրուած՝ որքան անհաղորդ մնացած ենք ժողովուրդէն, որքան անտեղեակ դարձած ժողովրդային խմորումներէն եւ որքան անտարբեր մնացած այն վիհին հանդէպ, որ յառաջացած էր ժողովուրդին ու կուսակցութեան միջեւ: Իսկ ինչ խօսք այն մասին, որ մենք մեզ արտօնած էինք բարձի-թողի վերածել մեր ընդհանուր ժողովներուն կողմէ հաստատագրուած ռազմավարական սկզբունքը՝ որ Դաշնակցութեան ուժի աղբիւրը հայ ժողովուրդն է: Դաշնակցութեան ամբողջ գաղափարախօսական աշխարհահայցքը խտացած է այս մէկ հատիկ նախադասութեան մէջ, եւ սակայն, ժողովուրդներու քաղաքական գործօն ըլլալու հանգամանքը արհամարհելու, զանոնք յեղափոխութեան դիմելու իրաւունքէն զրկելու այլեւ, ինչպէս աւելի ուշ տեսանք, ժողովրդային շարժումներն իսկ վարկաբեկելու նման յայտարարութիւններ, որքան բարացուցականօրէն կը ներկայացնեն այն այլափոխութիւնը, որուն ենթարկուեցաւ այս կուսակցութիւնը անցնող քսան տարիներուն:

Իբրեւ կուսակցութիւն՝ կ՛այլափոխուիս եւ ապագաղափարականացումի ճահիճին մէջ կը խրուիս, երբ գաղափարականօրէն ամլութեան կը մատնես դուն քեզ եւ գործնապաշտութեան պատրուակով քաղաքական համակերպումի վարքագիծը կը վերածես նկարագրային գիծի: Անցնող քսան տարիներուն հայրենի նորահաս երիտասարդութիւնը այս նկարագրային գիծով ճանչցաւ Դաշնակցութիւնը:

Մամուլին մէջ թէ այլ հարթակներու վրայ հսկայ աշխատանք կը տարուի արդարացնելու կամ բացատրելու համար Դաշնակցութեան հայաստանեան վարքագիծը: Ինքնին առանձին նիւթ է այն, թէ այս օրերուն ո՛վ կը կարդայ դաշնակցական մամուլը եւ թէ ինչպիսի՛ արժանահաւատութեամբ կ՛ընկալուի մեր խօսքը, որ, ի դէպ, աւելի շատ կուսակցական ինքնասիրութիւն շոյող խօսք է, քան գաղափարական խօսք: Ինչ խօսք, որ այս վարքագիծին մասին տրուած արդարացումները եւ բացատրութիւնները համոզիչ չեն ո՛չ մեզի համար, ոչ ալ մանաւանդ հայրենի մեր ժողովուրդին համար:

Ամէն տարի քանի մը անգամ կատարուող հարցախոյզներու խղճալի արդիւնքները պարզապէս ցոյց կու տան, որ քաղաքական որքան սուղ գին կը շարունակենք վճարել մինչեւ օրս, առանց էական որեւէ ձեռքբերումի: Զարմանալի ոչինչ կայ այս երեւոյթին մէջ, որովհետեւ տեղ մը պէտք է ընդունիլ, որ անցնող քսան եւ աւելի տարիներուն մեր որդեգրած համակերպումի վարքագիծով էապէս ո՛չ կրցանք Հայաստանի մէջ աղքատութիւնը նուազեցնել, ո՛չ կրցանք երկու կտոր հաց աւելի ապահովել աղքատին, ո՛չ յաջողեցանք արտագաղթը պակսեցնել, ո՛չ կրցանք ընկերային անարդարութիւնները մեղմացնել, ո՛չ յաջողեցանք անտուններու թիւը նուազեցնել, ո՛չ կրցանք փտածութեան դէմ պայքարը աւելի արդիւնաւէտ դարձնել, ո՛չ կրցանք ընտրական զեղծարարութիւնները վերացնել կամ բանակը զօրացնել, ո՛չ կրցանք դատական համակարգը բարելաւել, ոչ ալ կրցանք կրթութեան մարզը զարգացնել կամ գիւղացիին ցաւը մեղմացնել:

Գաղափարական ամլութեան եւ ապագաղափարականացումի մթնլորտին մէջ, ըստ քաղաքական նպատակայարմարութիւններու գործելու եղանակը դարձաւ նաեւ կազմակերպական մեր կեանքին մէջ հետզհետէ աւելի ընդգծուող արատաւոր երեւոյթներէն մէկը: Յատկապէս, աւելի ծանրակշիռ կը դառնայ կացութիւնը, երբ գործ կ՛ունենանք ղեկավարութեան մը հետ, որ կուսակցութեան մէջ արդար ընդվզումներու կամ քննադատութիւններու երեւոյթին մէջ գաղափարական խորք կամ ծաւալ տեսնելու ճիգ չի թափեր: Գաղափարական միտքով, մտածողութեամբ ու կազմաւորումով գործելու հարուստ կենսափորձ ունեցող կուսակցութիւն մըն է Դաշնակցութիւնը, ուր մարդոց քաղաքական նպատակայարմարութիւններէ թելադրուած մէկ օրէն միւսը վատագոյն պիտակաւորումներով եւ յերիւրանքներով զրպարտելը եւ ամբաստանելը խորթ ու անյարիր երեւոյթ է:

Արեւմտեան Ամերիկայի շրջանի Դաշնակցութեան կառոյցին մէջ, անցեալ Դեկտեմբերին Բիւրոյի կողմէ Կեդրոնական կոմիտէի մը նշանակումով յառաջացած կազմակերպական տագնապը ընդհանուր գնահատումով կարելի չէ չաղերսել ապագաղափարականացման այն վիճակին հետ, որուն մատնուած է կուսակցութիւնը: Ճշմարտութեան կէսէն ալ պակաս ըսած պիտի ըլլանք, եթէ յայտնենք, որ Արեւմտեան շրջանին մէջ յառաջացած տագնապը զուտ կազմակերպական բնոյթ ունի: Կանոնակարգի հետ առնչութիւն ունեցող խնդիրներ անշուշտ որ կան, այնպէս, ինչպէս կան նաեւ Կանոնագիրը քաղաքական նպատակայարմարութիւններու ծառայեցնելու յստակ միտումներ, գրեթէ համանման այն պարագաներուն, երբ Կանոնագիրի ուժը կը գործածուի կուսակցական գործի ձախաւերութիւններ պարտկելու համար: Կանոնագիրի խաղաթուղթը ամէն պատեհ կամ անպատեհ առիթի շահարկողներու թիւը շատ է այս օրերուն: Մարդիկ իրենք իրենց իրաւունք կու տան երդում տուածի յանձնառութեան տակ դնելու դիրքերէն խօսելու՝ առանց ըմբռնելու սակայն, որ Դաշնակցութեան մէջ Կանոնագիրին երդում տալը իմաստ կը ստանայ եւ, մանաւանդ, բարոյական յանձնառութեան կը վերածուի միայն ու միայն, երբ կը ծառայէ գաղափարական գործը արդիւնաւէտօրէն գլուխ հանելու նպատակին: Այլ խօսքով՝ Դաշնակցութեան մէջ Կանոնագիրը գաղափարախօսութեան եւ գաղափարական գործին ծառայելու միջոց կամ գործիք է, իսկ այս երկուքին աղերսը խորապէս չըմբռնելու կամ անտեսելու պարագային, Կանոնագիրի գործածութիւնը կը  դառնայ բռնազբօսիկ եւ ենթակայ՝ քաղաքական կամ այլ նպատակայարմարութիւններու: Այս ճշմարտութիւնը մենք բոլորս ապրեցանք անցնող տարիներուն: Բոլորս ալ լաւ կը յիշենք իրենց գաղափարական կեցուածքներուն համար կուսակցութենէն հեռացուողներու պարագաները:

Կատակերգական ողբերգութիւն ըլլայ կարծէք, երբ մարդիկ կը սկսին բարոյական դասեր տալ Դաշնակցականութեան մասին, կուսակցական Կանոնագիրէն եւ կարգապահութենէն կը ճառեն, վերին մարմիններուն անսակարակ հաւատարմութեան մասին կը խօսին, առանց գիտակցելու, որ տրուած երդումը ամէն բանէ առաջ յանձնառութիւն է գաղափարի իրականացման գործին, իսկ մարմինները եւ Կանոնագիրը կան՝ պարազապէս ծառայելու նոյն այդ գաղափարական գործին:

Կ՛ապրինք ապագաղափարականացումի անմխիթար իրականութիւն մը, որուն մէջ քաղաքական շահարկումներու, ատելութեան սերմանումի, սուտի, յերիւրանքներու եւ վարկաբեկիչ ու նուաստացուցիչ խօսքերու ծայրը չ՛երեւիր: Մտած ենք քաղաքական եւ գաղափարական ինքնակործանումի յորձանքին մէջ, ուր այլեւս պարզապէս անպարկեշտութիւն է ուրիշը մեղադրելը: