Ճամբայ Տանք (Գէորգ Պետիկեան)

Յօդուածներ – Զրոյցներ

bedig43@aol.com

Այս օրերուն, ի տես մեր հայրենիքէն ներս կատարուած ամէնօրեայ տեսանելի իրադարձութիւններուն, հաւանաբար ինծի նման շատերն ալ ունին հեւքոտ ու նոյնքան ալ տառապող սրտի յարատեւ զարկեր: Որովհետեւ բոլորս ալ, մեր կարգին շատ մօտէն կը հետեւինք Երեւանի հրապարակներուն վրայ կատարուող ցոյցերուն եւ անոնցմէ հասնող արձագանգին: Որովհետեւ Հայաստանը տակաւին կը շարունակէ ապրիլ անորոշ մթնոլորտի մէջ. տեսակ մը քաոս: Նաեւ որովհետեւ Ան, մեր բոլորին միակ հայրենիքն է, եւ չենք ուզեր, որ աշխարհի դիմաց, այսպէս երեւնայ ու նոյնիսկ խեղճանալով ծաղրանքի առարկայ դառնայ:

Նման անախորժ տեսարաններ զիս անզգալաբար կը նետեն նաեւ ինքնամտածման եւ ինքնաճանաչման լճացած ջուրերուն մէջ: Որովհետեւ, ես ալ հայ եմ, եւ ամէն առիթով հարց կու տամ շուրջիններուս, նոյնիսկ Երեւանեան հայրենակիցներուս, թէ ե՞րբ վերջ պիտի գտնեն այս «բոլորը»: Խայտառակ իրավիճակ: Ու անխտիր, կարծես խօսքերնին մէկ ըրած, բոլորն ալ «յոյսով ենք»-ով կը պատասխանեն:

Բայց անկեղծօրէն ըսեմ.- որո՞ւ հոգը, թէ ես ի՜նչ կամ ինչե՜ր կը մտածեմ: Այս կեանքին մէջ ամէն մարդ իր մեծ ու պզտիկ հոգը կամ հոգերը ունի: Եւ աւելին՝ ամէն մարդ իր ճամբան եւ ձեւը ունի ապրելու, հարցերը դիմագրաւելու եւ լուծումներու դիմելու:

-Բոլորս ալ հայեր ենք, ըսի եւ կը կրկնեմ, եւ կ’ապրինք ծանօթ ու անծանօթ բեւեռներու մէջ՝ ճզմուած: Բայց մտովի կ’անդրադառնամ, թէ այս բոլորին ետին անպայման սխալ բան մը կայ, ըլլալու է, որ մեզ այս խայտառակ աստիճանին հասցուցած է: Կ’ըսեմ, գրեթէ ջղային ու կը զգամ, որ ճակատս քրտինք ունի: Սխալ «բաներ», որոնց գլխաւոր պատճառը մենք ենք, բոլորս: Նաեւ ըսեմ, որ հոն ստեղծուած մթնոլորտն ու իրական պատկերը, սարսափելի եւ անախորժ ներկայութիւն են, որոնք քեզ նոյնիսկ կը նետեն թերահաւատութեան գիրկը:

Բայց՝ որո՞ւ հաւատաս: Շրջուն իրականութիւն մը կայ: Չես կրնար որեւէ մէկուն հաւատք ընծայել: Ու այսպէս ոգեկան անդամալուծութեան իբրեւ արդիւնք, կը մնաս քարացած, դուն քեզի վերլուծումներ կատարողի դիրքին մէջ ու կը զգաս, որ ականջներէդ ներս վազող «իրականութիւնները» քեզ կը նետեն չես գիտեր մինչեւ ուրտեղերը: Ու կ’ափսոսաս: Ժամերդ կը դառնան առատ կեր, այդ մտածումներու «ամբոխին»:

Ինծի համար տակաւին մեր Հայրենիքէն ներս պարզուած իրավիճակ-ճգնաժամը ուղղակի անհասկնալի է: Ամէն բան տակնուվրայ: Ուրեմն՝ ինչպէ՞ս ընդունիլ կեանքի այս ճշմարտու-թիւնը: Յոյսերուս հետ, երազներս ալ խառնուած են: Անհանգիստ որոնում: Խաբուսիկ իրավիճակ: Անհանդուրժողութիւն: Առաւօտ կանուխ զարթնող հայը «ճշմարտութիւններ» կը յայտնէ, «վերլուծումներ» կ’ընէ, «կը դատէ», «կը պախարակէ», «յանցաւոր» կը փնտռէ եւ նոյնիսկ «կը մատնանշէ» ու տակաւին…: Մեր կողքի բոլոր դրացիները անպայման պիտի ըսեն, թէ «այս ի՜նչ երկիր է եղեր մեր կողքի «Արմենիան», մենք տեղեակ չէինք: Անհասկնալի եւ անհաւատալի»:

Է՜հ, այս ընթացքով վերջը ո՞ւր պիտի հասնինք: Աւելի ճիշդ.-ո՞ւր կ’ուզենք երթալ եւ հասնիլ: Ի’նչ եւ ինչե՜ր կ’ընենք կամ կ’ուզենք ընել եւ ինչո՞ւ…: Վայրկեանի մը համար կանգ առնենք եւ մենք մեզի հարց տանք…,այս ձեւով ո՞ւր կ’երթանք եւ ինչո՞ւ…:

Այս բոլորին մասին զսպուած եւ յուզուած միշտ ես ինծի հարց կ՛ուզեմ տալ: Մեզի համար հայրենիքը մեր ազգային կեանքի ապահով պարիսպը նկատած էինք: Տե՛ս, Ան ինչերէ՜ կ’անցնի: Ներքին տառապանք…: Անվայել եւ նոյնքան ալ ամօթալի երեւոյթ…:

Շատ խօսած ենք այս մասին: Յաճախ յորդորած: Բարձրաձայնած ենք, թէ ժամանակը հասած է, որ այլեւս բառերու հացով չենք կրնար ապրիլ եւ ոչ ալ՝ գաղափարներու գինիով: Սակայն ո՞վ է լսողը: Ո՞վ է կարդացողը: Հաստատ գիտեմ, որ արտասանած բոլոր բառերս, կը պար-տադրեն յստակ իրականութիւն: Յոգնած ենք կրկնութիւններէ ու միօրինակութիւններէ:

Յայտնի է, թէ Հայաստանէն ներս մարդոց մօտ կայ անհանգիստ որոնում մը, նորութեան ծարաւի կողքին: Հոն նոյնիսկ կեանքը պարզապէս կը տրոփէ: Տեսանելի են, թէ մեր երկրէն ներս ապրող հայորդիներու երազները լռած են: Ուստի…ուստի մեծ եւ անմիջական կարիքը կայ նոր մտածողութեան մը պահանջքին: Երկիրը կենսունակ պահելու անհրաժեշտութիւնը առաջնահերթութիւն է: Անկասկած: Բայց, տեսնալի է, թէ երկիւղ մը կայ ու այդ մէկը, մօտիկ կամ հեռու ապագայի անստուգութիւնն է: Որովհետեւ աշխարհի բոլոր հայերուս եւ մենք զինաթափ կեցած ենք կեանքի անակնկալներուն առջեւ: Որովհետեւ մեր առօրեայէն ներս բոյն դրած ատելութեան կողքին, նախանձն ալ կայ, ներկայ է եւ հայրենասիրութեան տեղը գրաւած: Որովհետեւ հայրենիքի ընդհանուր շահերը մնացած են երկրորդական, իրենց տեղերը զիջելով աթոռամոլին, կաշառակերին, ազգային ոգիէն պարպուած ուղեղներուն: Անոր համար մեր այդ գեղեցիկ երկրի երէկը մնացած է իր կէս ճամբան, մեր երազներուն նման:

Կարծես հոն, մեր երկրին մէջ, դրական կերպող մտածող մարդ չկայ: Համբերատար: Արդարամիտ եւ անշահախնդիր: Չկայ: Չէ մնացած: Զգաստացող մը… վերջապէս «նոր» մը, «նորեկ» կամ «նորեկներ», որոնք մեր երկիրը իր այս անհաճոյ ճգնաժամէն դուրս պիտի կարենան բերել:

Նորէն հարց տամ.- Ե՞րբ եւ ո՞վ պիտի արթնցնէ մեր ժողովուրդը արթուն պահող հաւաքական գիտակցութիւնը: Ցոյցեր եւ աղմուկ: Անարգանք եւ անպատասխանատու կեցուածք: Կեղծ ու կասկածելի մարդիկ դարձած ենք, գրեթէ բոլորս ալ։ Զիրար չենք ճանչնար: Քով քովի կը քալենք, սակայն երբեք իրար չենք հանդիպիր: Որովհետեւ ամէն մէկս փակուած աշխարհ մը
ունինք, մեր ինքնասիրութենէն մեկնած։ Իրարու անհաղորդ։ Լոյսէն եւ իրականութենէն վախցող ու խոյս տուող։ Դիմակաւոր։ Տգեղ եւ զազրելի։ Կեղծաւոր: Պապէն աւելի պապական դարձած: Ատելութեամբ լեցուն: Մնացեալը, դո՛ւք աւելցուցէ՛ք:

Ո՞վ իմաստ պիտի տայ մեր նոր կեանքին, եթէ ոչ ինքը՝ Նոր հայը: Ու ես կը հաւատամ անոր գալուստին, անշուշտ եթէ իրեն համար ճամբայ բանանք: Առիթ տանք: Ու անհամբեր կը սպասենք անոր, այն հայուն, երիտասարդ, իմաստուն, զարգացած եւ բծախնդիր հայուն, որ նոր կեցուածք ու տեսակէտ ունենալով, անպայման զգաստութեան հրաւիրող իր ձայնով, մեզ բոլորս նոր կեանքի պիտի կանչէ: Ոգեկան հայրենիք պիտի կարենայ կառուցել մեր բոլորին հոգիներուն մէջ: Սէր եւ համբերութիւն պիտի տարածէ իր դերին գիտակցութեամբ եւ հաւա-տարմութեամբ: Հայութեան աւիշ պիտի ներարկէ: Նոր իմաստ պիտի տայ մեր հայրենիքին եւ անոր կեանքին, նոր դէմքերու եւ դէպքերու, օրէնքներու եւ ծրագիրներու գոյնզգոյն օղակներով:

Եւ որպէսզի չյանձնուինք օտարի քմահաճ հաշիւներուն եւ չսրդողինք կամ չհալինք եւ կամ վերջը նստինք ու ողբանք միշտ մեր ճակատագիրը այպանելով, ժամանակն է, որ երկրի ղեկը յանձնենք գիտակից նորին եւ նորերուն։ Անշահախնդրին: Հայրենաշէն՝ հայրենասէրին:

Բայց հարցը այն է, թէ ո՞ւր է մեր խոստումնալից եւ տաղանադաւոր հայ երիտասարդը: Եւ ո՞րն է այսօր հայ մասնագէտ, ուսեալ, համալսարանական, հասուն տղամարդու դերը մեր ներկայ հասարակութեան մէջ: Մատնանշումս՝ ա՛յն մտածող հայրենասէր երիտասարդին մասին է, որ պիտի գայ շենցնելու, հարստացնելու, տնտեսապէս եւ քաղաքականապէս զարգացնելու մեր երկիրը:

Ո՞ւր է մեր այս մեծ «բացական»: Ամիսներէ ի վեր կը դառնանք նոյն կէտին շուրջ, առանց զայն փնտռելու, պրպտելու, կամ նոյնիսկ անոր առիթ տալու…: Երկրի հանդէպ սէրը ո՛չ թէ սոսկ հայրենասիրութիւն է, այլ նաեւ՝ ազգային արժանապատուութեան զգացում։ Բայց իրենք, ըլլան անոնք քաղաքական գործիչ կամ գրող, դերասան կամ հրապարակախօս, չես գիտեր ինչո՞ւ, այս մասին կը մոռնան:

Իսկ ի՞նչ պէտք է ընել: Ժամանակն է դուրս գալ այս ճգնաժամ մթնոլորտէն: Վերագտնել սեփական արժանապատուութեան զգացումը: Դասեր քաղել պատմութենէն: Նոր շունչ հաղորդել: Ազգային ոգիին նոր թափ տալ: Եւ այս բոլորը շնորհիւ մեր նոր սերունդի ներկայացուցիչներուն, ազգային-քաղաքական հասունութիւն ունեցող իմաստասէրներուն:

Արդ, առիթ տանք անոր եւ անոնց: Ներկայ մեր երկրի ներքին տագնապներն ու անոնցմէ բխող անկաշկանդ ու հաւասարակ պոռթկումները աւելի կը պրկեն մեր հոգեվիճակները: Երբ պիտի անդրադառնանք: Այս մասին լրջօրէն մտածել է պէտք: Ու լուծումը, մեր երիտասարդ միտքերու համախմբումն է, անոնց գործօն եւ դրական ներկայութեան հետ:

Ուրեմն, ճամբայ բանանք, Ճամբայ եւ առիթ տանք անոնց, քանի դեռ չենք մաշած ու քանի տակաւին չենք սպառած, հոգեպէ՛ս եւ ֆիզիքապէ՛ս: