ՀՀ Նախագահը Վերադարձուցած է Օննիկ Գասպարեանը ԳՇ Պետի Պաշտօնէն Հեռացնելու Հրամանագիրին Նախագիծը

Հայաստան

Փետրուար 25-ին, Հայաստանի հանրապետութեան նախագահին ներկայացուած ՀՀ զինուած ուժերու գլխաւոր շտաբի պետ, զօրավար-գնդապետ Օննիկ Գասպարեանը պաշտօնէն հեռացնելու վերաբերեալ առաջարկը՝ համապատասխան հրամանագիրի նախագիծով:

Հանրապետութեան նախագահը այդ գծով խորհրդատւութիւններ եւ հանդիպումներ ունեցած է իշխանութեան ներկայացուցիչներու, խորհրդարանական եւ արտախորհրդարանական ուժերու, զինուած ուժերու բարձրագոյն հրամանատարական կազմին հետ:

Հրամանագրի նախագիծը ուսումնասիրուած է նաեւ իրաւաբաններու եւ անկախ փորձագէտներու հետ, որոնց տեսակէտները ամփոփելով՝ կարելի է եզրակացնել, որ հրամանագիրին նախագիծը առերեւոյթ կը հակասէ Սահմանադրութեան:

Հանրապետութեան նախագահը, իր սահմանադրական լիազօրութիւններուն ծիրէն ներս, առարկութիւններով վերադարձուցած է հրամանագիրին նախագիծը: