Մենք Մեր Հողերը Պիտի Մշակենք, Ազրպէյճանցին Չի Կրնար Արգելք Ըլլալ Մեզի. Աղաւնոյի Համայնքապետ

Հայաստան

Արցախի Քաշաթաղի շրջանի Աղաւնօ գիւղի բնակիչները կը փորձեն անցնիլ բնականոն առօրեայի, սակայն անոնց համար գլխաւոր խնդիրը կը շարունակէ մնալ գիւղի կարգավիճակին հարցը։ Այս մասին կը հաղորդէ 168.am՝ զրուցելով
Աղաւնօ համայնքի ղեկավար, ՀՅԴ անդամ Անդրանիկ Չաւուշեանի հետ։

«Ես որեւէ կողմէ բացատրութիւն չեմ ստացած՝ ո՛չ գրաւոր, ո՛չ բանաւոր, ինծի որեւէ զանգ, խօսք չէ եղած, որ այս գիւղը պէտք է լքենք։ Գոնէ, եթէ նման զանգ ըլլայ, կը հարցնենք՝ ինչո՞ւ պէտք է լքենք։ Ինծի համար յստակ է, եթէ մինչեւ օրս մնացած ենք, ուրեմն՝ պիտի մնանք։ Մենք այստեղէն դուրս չենք գար, ով ինչ կ՝ուզէ՝ թող ընէ»,- ընդգծած է Անդրանիկ Չաւուշեան։

Ան նշած է, որ գիւղէն բացակայած է միայն մէկ օրով՝ Եռաբլուր երթալու համար, անկէ ետք նոյնիսկ 1 ժամով գիւղէն դուրս չէ ելած։

«Դուրս ելլելու նպատակ ալ չկայ՝ գիտակցելով, որ Քարվաճառի ճակատագիրն ալ այստեղ կ՝որոշենք։ Պատերազմէն ետք մենք կը հսկէինք այստեղ, թալանի դէմ կը պայքարէինք, որ մարդոց տուները չթալանուի։ Մենք այդ ժամանակ յստակ ըսած էինք, որ մենք մեր գիւղէն դուրս եկողը չենք։ Ատոր համար ալ այս ողջ ընթացքին դուրս չենք եկած գիւղէն, Երեւան չենք գացած»,- նշած է ան։

Ըստ համայնքապետին՝ բնակիչներուն մէկ մասը վերադարձած է Աղաւնօ։

«Մարդոց տունը կայ, չէ թալանուած, պէտք է որ բոլորն ալ վերադառնան, հակառակ անոր, որ բնակիչները անվտանգութեան երաշխիքներ կ՝ուզեն, ես անոնց հետ համաձայն եմ։ Պետական մարմիններէն անվտանգութեան երաշխիքներ կ՝ուզեն, երեւի ոեւէ մէկը չի կրնար երաշխաւորել։ Բայց մենք ըսած ենք, որ մեր երաշխիքը մեր ընտանիքն է, ես իմ ընտանիքով Աղաւնոյի մէջ եմ։ Հիմա ով որ գայ՝ բարով գայ, ով ալ չի գայ, անոր փոխարէն ուրիշ հայ մը կու գայ»,- շեշտած է ան։

Անդրանիկ Չավուշեանի խօսքով՝ Աղաւնոյի վարչական շրջանի վարելահողերուն մէկ մասը անցած է ազրպէյճանական զինուժի վերահսկողութեան տակ, մէկ մասն ալ ուղիղ անոնց նշանառութեան տակ է։

«Հակառակ այս բոլորին, մենք մեր հողերը պիտի մշակենք, ազրպէյճանցին այդքան չի կայ, որ արգելք ըլլայ մեզի, ի՞նչ պէտք է ընեն, կրակե՞ն։ Թող պատկան մարմինները մտածեն, թէ ինչպէս պիտի վերաբերին այս հարցին։ Հայը իրաւունք ունի ապրելու իր հողին վրայ, աշխատելու եւ արարելու իրաւունք՝ եւս։ Թէեւ քաղաքական դաշտը այդքան ալ յստակ չէ, անորոշութիւն է, բայց ժողովուրդը պէտք է ամէն ինչ ընէ։ Նոյեմբեր 9-էն ետք ազրպէյճանական կողմը փորձած է երկու անգամ մտնել մեր տարածք, կանխարգիլած ենք, կապ հաստատած ենք խաղաղապահներու հետ ու կոչ ըրած, որ գան ու հարցին լուծում տան։ Խաղաղապահները եկած են ու արձանագրած, որ խախտում եղած է, քանի որ թշնամին 2,5 քլմ առաջ եկած էր»,- նշած է Չաւուշեան։

Աղաւնոյի համայնքապետը նաեւ տեղեկացուցած է, որ գիւղին դպրոցը վերաբացուած է, եւ դպրոցահասակ երեխաները արդէն շատոնց կը յաճախեն դպրոց։