ՀՅԴ ԱԵՄ-ը Արցախի Դրօշը Տեղակայած է Ասկերանի Հրասայլ-յուշարձանին Վրայ

Հայաստան

ՀՅԴ Արցախի երիտասարդական միութեան անդամները Փետրուար 23-ին այցելած են Ասկերանի հրասայլ-յուշարձան եւ այնտեղ տեղակայած են Արցախի Հանրապետութեան դրօշը:

Երիտասարդները ծաղիկներ խոնարհած են հրասայլ-յուշարձանին՝ ի յիշատակ հայրենիքի պաշտպանութեան համար նահատակուած կամաւորներու եւ զինուորներու:

Երիտասարդները սահմանագիծի վրայ յայտնուած հրասայլ-յուշարձանի տարածքէն մօտակայ հայկական եւ ազրպէյճանական հենակէտերը դիտարկելէ ետք՝ կատարած են տարածքի մաքրութեան եւ բարեկարգման աշխատանքներ:

ՀՅԴ ԱԵՄ-ի անդամները կոչ կ՝ընեն հանրութեան մաքուր պահելու եւ խնամքով վերաբերուելու յաղթանակը խորհրդանշող մեր խորհրդանիշերուն հետ:

Երիտասարդները այցելած են նաեւ հայ սահմանապահներուն, միասին հաց կիսած, զրուցած եւ ծանօթացած են զինուորներու առօրեային: