Հայ Կրթական Հիմնարկութիւնը Գիւմրիի Մէջ Ճարտարագիտթեան Դասընթացք Հաստատեց

Հայաստան, Սփիւռք

Հայ կրթական հիմնարկութեան եւ Գիւմրիի Տեղեկատուական արհեստագիտութիւններու կենդրոնին միջեւ ստորագրուեցաւ համաձայնագիր մը՝ ՀԱՊՀ-ի  (Հայաստանի ազգային պոլիտեխնիկական համալսարան) հովանիին տակ գործող Գիւմրիի երկրորդական վարժարանին մէջ ճարտարագիտութեան  անվճար կրթական ծրագիր մը իրականացնելու վերաբերեալ:

««Ճարտարագիտութեան մասնագիտացում աւագ դպրոցում» խորագիրը կրող արդիական եւ գործնական դասընթացքին կրնան մասնակիցլ Հայաստանի Շիրակի մարզի 11-րդ դասարանի այն աշակերտները, որոնք կը փափաքին ձեռք բերել հիմնարար գիտելիքներ եւ փորձառութիւն»,- կը յայտնէ Գիւմրիի Տեղեկատուական արհեստագիտութիւններու կենդրոնի վարիչ Ամալիա Եղոյեան՝ աւելցնելով «Ներկայ պայմաններուն մէջ, մեր բոլորին նպատակը պէտք է Հայաստանի զարգացումը ըլլայ։ Կը կարծենք, որ աշակերտներուն մօտ ճարատագիտութեան խթանումը կրնայ ըլլալ այդ զարգացման կարեւոր գործիքներէն մէկը»:

Դիմումները պիտի ընդունին մինչեւ 28 Փետրուար, իսկ դասընթացները պիտի սկսին Մարտ 9-ին:

Ծրագիրը ունի հետեւեալ բաժինները.

– Համակարգիչներու ծրագրային ճարտարագիտութիւն / Software Engineering

– Մեքենաշինութիւն / Mechanical Engineering

– Ելեկտրական ճարտարագիտութիւն / Electrical Engineering

– Արտադրանքի մշակում / Soft Skillset:

Հայ կրթական հիմնարկութիւնը հաստատուած է 1950ին, կրթանպաստներ տրամադրելու համար հայ ուսանողներու եւ կրթական հաստատութիւններու՝ Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի տարածքին:

Յաւելեալ տեղեկութիւններու դիմել aef@aefweb.org ե-նամակի հասցէին։

0219AEF2