Մեծ Պահքի Խորհրդածութիւն. Երեք Հողերը (Դոկտ. Հրայր Ճէպէճեան)

Յօդուածներ – Զրոյցներ

«Երեսիդ քրտինքովը ուտես քու հացդ, մինչեւ գետին դառնալդ, ուրկէ առնուեցար: Քանզի հող էիր դուն ու հողի պիտի դառնաս»: Ծննդոց 3:19

Աստուած ստեղծեց աշխարհը, նաեւ` մարդը: Աստուած իր ստեղծագործութիւնը պիտակեց բարի, ներառեալ` մարդը: Մարդը վրիպեցաւ իր բարի նկարագիրէն ու ինքնութենէն, եւ Աստուած մարդուն տուաւ իր դատավճիռը` թէ մարդը պիտի ունենայ երեք հանգրուաններ իր կեանքին ընթացքին: Ծննդոց գիրքին մէջ այս երեք հանգրուանները կը բացատրուին հողի պատկերաւոր, բայց նոյնքան իրական հասկացողութեամբ: Այսպէս ալ, մարդը կը դրուի հողային երեք տարբերակներու մէջ.

Առաջինը մարդուն ծնունդի հողն է, երբ Աստուած ստեղծեց մարդը եւ զայն շինեց հողէն` «քանզի հող էիր»:

Երկրորդը մահուան հողն է, երբ մարդուն ֆիզիքական կեանքը կը վերջանայ մահուամբ, եւ անոր մարմինը կը վերածուի դարձեալ հողի` «հողի պիտի դառնաս»:

Երրորդը կեանքի հողն է, հոն, ուր մարդը պիտի ապրի իր կեանքը երկու հողերուն` ծնունդի եւ մահուան միջեւ:

Աստուած կը բնութագրէ մարդուն երրորդ հողի տարբերակը` որպէս «երեսիդ քրտինքը»: Այսինքն մարդը կանչուած է իր երրորդ կեանքի` հողը ու տարբերակը ապրելու աշխատանքի հասկացողութեամբ: Մարդուն ֆիզիքական կեանքին համար քրտինքը արդիւնք է հեւքի մը: Հեւք մը, երբ մարդը կ՛աշխատի, կը տքնի ու կը վազէ, որպէսզի մէջտեղ հանէ գործ մը: Քրտինքը կ՛ընդգրկէ ջանք: Ջանքի մէջ կայ մտաւոր, ֆիզիքական եւ հոգեկան ճիգ: Աշխատանքի համար գործադրուած եռանդ եւ ուժ: Ջանքը իր փոխաբերական իմաստով կ՛ընդգրկէ շնորհք եւ տաղանդ: Մէկ խօսքով, քրտինքը` ջանքը, կը ներառէ մարդուն ամբողջական էութեան եւ անոր գիտակցութեան գրաւականը: Աստուած կ՛ուզէ, որ մարդ իր քրտինքը եւ էութիւնը գործածէ, որպէսզի «հացը ուտէ»:

Հացը Աստուածաշունչին մէջ ունի բաւական բացատրութիւններ:

Անիկա նուէր է Աստուծոյ կողմէ: Մովսէս իր ժողովուրդը կերակրեց անապատին մէջ, երբ անօթի էին, եւ Աստուած մանանայ ղրկեց անոնց:

Հացը կը խորհրդանշէ նաեւ Քրիստոսի մարմինը: Քրիստոս վերջին ընթրիքին հացը կտրեց եւ ըսաւ. «Առէ՛ք, կերէք այս է իմ մարմինը» (Մատթէոս 26:26): Հացը դարձաւ բաժնեկցութիւն, երբ Յիսուս օրհնեց զայն եւ բաժնեց ժողովուրդին:

Հացը նոյնպէս կը խորհրդանշէ Աստուծոյ խօսքը, որ ժողովուրդին հոգեւոր եւ իմացական կեանքը կը սնուցանէ: Բայց կայ նոյնքան հետաքրքրական առանցք մը հացի, ծոմի եւ կեանքի բաժնեկցութեան միջեւ: Եսայեայ մարգարէն կը բացատրէ. «Իմ ընդունած ծոմապահութիւնս` անիրաւութեան կապերը քակելը, լուծին կապերը թուլցնելը, հարստահարութիւն կրողները ազատ թողուլը, հացդ անօթիին բաժնելը» (Եսայեայ 58:6-7): Մարգարէին բացատրութիւնը աւելիով կը հաստատէ ու տակաւին կ՛ընդլայնէ մարդուն հողի կեանքի գիտակցութիւնը եւ անոր աշխատանքային բնագաւառներու ընդարձակութիւնը:

Այս հասկացողութիւններու մէջէն է, որ պէտք է հասկնալ, թէ ինչո՛ւ Աստուած երբեք չյուսահատեցաւ մարդէն: Ան ուզեց, որ մարդը վերստին դառնայ իր բարի բնութեան: Այս իմաստով, Քրիստոս մարդացաւ եւ աշխարհ եկաւ, որովհետեւ իր սէրը մարդուն համար անսահման էր: Ան աշխարհ եկաւ, որպէսզի մարդը փնտռէ, գտնէ, փրկէ ու յաւիտենական կեանք տայ անոր: Խաչին վրայ Քրիստոսի մահը ունէր մէկ հիմնական նպատակ` մարդուն մեղքի եւ սխալի կեանքի սրբագրութիւնը: Քրիստոսի յարութիւնը շնորհեց այդ մէկը: Քրիստոսի յարութիւնը, ուր Ան «աշխարհին յաղթեց» (Յովհաննու 16:33), մարդուն շնորհեց նոր կեանք: Այս նոր կեանքի միջոցով է, որ մարդուն մահուան հողը կը դառնայ ու կը վերածուի յաւիտենական հողի, նոյնիսկ երբ մարդուն ֆիզիքական մարմինը կը դառնայ հող:

Քրիստոս կ՛ուզէ, որ մեր կեանքի հողը ապրինք այս գիտակցութեամբ: Ան կ՛ուզէ, որ Իր շնորհած նոր կեանքի հասկացողութիւնը դառնայ իւրաքանչիւր մարդու ճակտի քրտինքը: Ճակտի քրտինքը, որ արտադրէ հացը: Հացը, որ Քրիստոսի մարմինն է: Մեր կեանքերու հիմքը կը դառնայ Քրիստոսի էութիւնը: Մենք այս հացի էութեամբ պիտի սնանինք ու զայն բաժնեկցինք մեր շրջապատին հետ` միշտ գիտակցելով, թէ այս ճակտի քրտինքի կեանքը նուէր է մեզի Քրիստոսէ, որովհետեւ Ան շատ «սիրեց աշխարհը» (Յովհաննու 3:16):

Մեր կեանքերու երեք հողերը կ՛իմաստաւորուին այս աստուածաշնչային ճշմարտութիւններուն ընդմէջէն: Մեր ծնունդի եւ մահուան հողերուն միջեւ երկարող կեանքի հողը կը դառնայ պարարտ, երբ մենք մեր ճակտի քրտինքով կ՛արտադրենք հացը:  Այս այն հացն է, որ մեզ կը տանի յաւիտենականութեան:

Ներկայ մեր կեանքի հողի իրավիճակները ու տուեալները շատ դժուար են: Այս իրական է մարդկութեան համար ընդհանրապէս ու հայուն համար մասնաւորապէս: Եթէ մէկ կողմէ պիտի դիմադրենք համավարակը եւ անոր մահասփիւռ սպառնալիքը, նոյնքան նաեւ` հայկական իմաստով մեր հայրենի եւ արցախեան տխուր կացութիւնները: Ամէն կողմ ցաւ կայ: Սիրելիներ կը մահանան համավարակին պատճառով: Հայրենի հող եւ մեծ թիւով երիտասարդ կորսնցուցած ժողովուրդ ենք եւ կը սգանք: Մեր աչքերուն մէջ կայ արցունք եւ սրտերուն մէջ թախիծ:

Մեծ Պահքի այս շրջանը յարմար առիթ է ամփոփուելու` որպէս անհատ, ընտանիք, հաւաքականութիւն եւ ազգ: Յարմար առիթ է գիտակցելու նորէն, թէ Քրիստոս մեզ սիրեց եւ` առանց խտրութեան: Ան աշխարհ եկաւ, որպէսզի մեզ իւրաքանչիւրս փնտռէ, գտնէ ու փրկէ: Քրիստոսի փրկութիւնը մեր իւրաքանչիւրին կեանքին համար շնորհեց ճակտի քրտինք: Ճակտի քրտինքը, որուն արգասիքը հացն է: Հացը կերտելու եւ այդ հացով ապրելու ճշմարտութիւնը:  Այս ճշմարտութեան մէջէն է, որ իւրաքանչիւր հայ պիտի կարենայ դէմ կենալ մեր երրորդ հողի կեանքի բազմապիսի դժուարութիւններուն: Մեծ Պահքի այս օրերը թող որ  իւրաքանչիւրիս տան զգաստութիւն` անդրադառնալու այս ճշմարտութեան շնորհած ուժին: Այս այն ուժն է, որ արժէքի կեանքեր կը ստեղծէ Քրիստոսի շնորհած նոր կեանքին մէջէն:

Մեր կեանքի երեք հողերը:

Այս երեք հողերը կը կազմեն մեր կեանքերուն ամբողջութիւնը: Այս ամբողջութեան հիմքը Քրիստոս է եւ Անոր խաչելութիւն-յարութիւնը: Այս այն յարութիւնն է, որ մեր կեանքերուն կը շնորհէ քրտինք` որ հաց կ՛արտադրէ: Երբեք մտահան պէտք չէ ընել, թէ այս հացն է, որ մեզ կ՛ապրեցնէ: Հոս` աշխարհի երրորդ հողին մէջ, եւ ան է, որ կը տանի նաեւ յաւիտենականութեան:

Ծոմապահութեամբ, աղօթքով թէ այլ: Խոկանք այս օրերուն եւ վերակերտենք մեր անձնական, հաւաքական եւ ազգային կեանքերու մէջ Քրիստոսի շնորհած քրտինքը, Քրիստոսի շնորհած էութիւնը, որ մեր ճակտէն կը հոսեցնէ քրտինքը, եւ որուն արդիւնքը Իր ապրեցնող հացն է:

Երեք հողերը, որոնց միացնող օղակը բարիին կերտած արժէքն է:

Քրիստոսի քրտինքով կերտուած բարի արժէքը` հացը:

Հացին արժէքը, որ կը սնուցանէ, կը կերտէ եւ կ՛ապրեցնէ մեր կեանքերը հոս` աշխարհի վրայ,

եւ որ կը տանի մեր կեանքերը յաւիտենականութեան: