ՀՅԴ Գերագոյն Մարմինի Յայտարարութիւնը՝ Փետրուարեան Ապստամբութեան 100-ամեակին Առիթով

Հայաստան, Սփիւռք

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինը 18 Փետրուարին` Փետրուարեան ապստամբութեան առիթով` հրապարակեց հետեւեալ յայտարարութիւնը.

«Սիրելի՛ հայրենակիցներ,

«Հարիւր տարի առաջ՝ ճիշդ այս օրերուն, Հայաստանի մէջ տեղի ունեցաւ համաժողովրդական ապստամբութիւն: Փետրուարեան ապստամբութեան պատճառը ապազգային իշխանութեան խայտառակ կառավարումն էր, որ անհնար էր հանդուրժել: Արտաքին ուժերու աջակցութեամբ, խաղաղ ճանապարհով տիրանալով իշխանութեան, բոլշեւիկեան Յեղկոմը ունակ չեղաւ ապահովելու երկրի ներքին կայունութիւնն ու զարգացումը: Մոլեռանդօրէն տարուած դուրսէն ներմուծուած ցնորական գաղափարներով, ապազգային այս ուժը անտարբեր գտնուեցաւ աշնան ընթացքին թուրքերու կողմէ իրականացուած յարձակումին հետեւանքով երկրի կրած տարածքային կորուստներուն եւ վիրաւոր ժողովուրդի տառապանքին նկատմամբ:

«Այն պայմաններուն մէջ, երբ թրքական զօրքը դեռ կը գտնուէր հայրենիքի փոքրացած տարածքին մէջ, իսկ Ազրպէյճանը կը փորձէր վերջնականօրէն իւրացնել Արցախը, Նախիջեւանը եւ տիրանալ Զանգեզուրին, ապազգային ուժի գլխաւոր մտահոգութիւնն ու գործը հայրենիքի ազատութեան համար պայքարած նախկին իշխանութեան եւ զինուորականութեան հալածանքն էր:

«Բարձրագոյն հրամանատարութեամբ հանդերձ, աքսորուեցաւ մօտ 1500 զինուորական: Երեւանի բանտին մէջ հայ եւ թուրք դահիճներու ձեռքով կը կացինահարուէր ու կը գնդակահարուէր երկրի ռազմաքաղաքական ու մտաւորական ընտրախաւը: Այս անելանելի թուացող պայմաններուն մէջ, հայ ժողովուրդը ապացուցեց, որ չի հանդուրժեր իր ազատութեան եւ արժանապատւութեան ոտնահարումն ու երկրի բախտը օտարներու քմահաճոյքին ձգելը: Փետրուար 18-ին, Դաշնակցութեան առաջնորդութեամբ բարձրացնելով ապստամբութեան դրօշ, ժողովուրդը ազատագրեց Երեւանը եւ երկրէն դուրս վռնտեց ապազգային արկածախնդիր Յեղկոմը:

«Սիրելի՛ հայրենակիցներ,

«Կը շնորհաւորենք պատմական կարեւոր դասեր ընդգրկող ազգային յիշարժան օրուան առիթով: Կը հաւատանք, որ հայ ժողովուրդը շատ փորձութիւններու կրնայ դիմանալ, բայց անհնար է մշտապէս զրկել զինք մարտունակ ոգիէն, յանուն ազատութեան ու արժանապատւութեան սարեր սասանելու կամքէն:

«Վստահ ենք, որ դժնդակ այս օրերը նոյնպէս պիտի յաղթահարուին, եւ միասին պիտի կերտենք մեր հպարտ ու ապահով ապագան»: