Հանրահաւաքէն Անդի՛ն. «Հայրենիք»

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Խմբագրական

…Եւ այդպէս, ընթացիկ հանրահաւաքէ շատ աւելի անդին, ճշմարիտ ուղին վերահաստատող ապստամբութիւն մը սկիզբ պիտի  առնէ վաղը՝ Փետրուար 20-ին, Երեւանի «Ազատութիւն» հրապարակին վրայ։

Սա պիտի ըլլայ պատշաճ ձեւ մը՝ նշելու Փետրուարեան Ապստամբութեան հարիւրամեակը։ Դժբախտաբար, երկիր Հայաստանը նախանձելի պայմաններու մէջ չի գտնուիր եւ կարիքն ունի վերաշխուժացման, վերակառուցման, ինքզինք անկարողութեան մատնած իշխանութեան հեռացման եւ կարողութիւններով ու կարողականութեամբ օժտուած կառավարութեամբ մը փոխարինման:

Կացութիւնը, համեմատած հարիւր տարի առաջուան, նոյնը չէ։ Մանրամասնութիւններ արձանագրելէ առաջ, եւ անհարկի վէճեր կանխելու համար, տեղին է շեշտել, թէ հազիւ երկուքուկէս տարուան անկախութիւն մը ապրած Հայաստանի Հանրապետութեան Դեկտեմբեր 1920-ին պարտադրուեցաւ նորակազմ Խորհրդային Միութեան կողմէ պաշտօնի կոչուած բռնատիրութիւն մը։ Համայնավարական  ուղեղալուացքի ենթարկուած հայորդիներ ստանձնեցին երկրին ղեկը եւ զանգուածային ձերբակալութիւններ եւ բանտարկութիւններ կատարելով՝ ահ ու սարսափի մթնոլորտ մը ստեղծեցին։ Այսպիսի կացութիւն ստեղծուած էր միայն քանի մը շաբաթներու ընթացքին, երբ Հայաստանի Ա․ հանրապետութեան վերջին վարչապետ Սիմոն Վրացեան հարկադրաբար երկրին բանալիները յանձնած էր Խորհրդային Միութեան հովանաւորութիւնը վայելողներուն, որպէսզի երկիրը փրկուէր յաւելեալ արիւնաքամութենէ եւ հողերու կորուստէ։

Համայնավարները ոտնակոխեցին ամէն համաձայնութիւն եւ մարդկային սկզբունք, շղթայազերծեցին հալածանք ու ջարդ: Հազիւ երեք ամիս ետք, Փետրուար 18, 1921-ին, միեւնոյն Դաշնակցական ղեկավարութենէն ծնաւ Փետրուարեան ապստամբութիւնը, որ կրցաւ վերջ տալ աւերիչ եւ ծայրայեղական գաղափարներով առաջնորդուող Յեղկոմին, եւ պաշտօնի կանչեց աւելի հաւասարակշռուած եւ ազգային հիմերուշահերու նախանձախնդիր ղեկավարներ։

Այսօր, հարիւր տարի ետք, այդ դաժան պայմանները չկան։ Խորհրդային Միութիւնը փուլ եկած է աւելի քան 30 տարիէ ի վեր։ Հայաստանի իրողական հոգատար Ռուսաստանը կը մնայ շրջանէն ներս երեւելի եւ կեդրոնական ներկայութիւն, մերթ իր կողքին եւ մերթ իր դէմ ունենալով նոր-օսմանական Թուրքիան, որուն մանկլաւիկն է Ատրպէյճանը։ Այս պատկերին մէջ, վերջին կարեւորագոյն իրադարձութիւնը, վստահաբար,  Հայաստանի ծանր պարտութիւնն է Արցախի 44-օրեայ պատերազմին: Մեր ողբերգութիւնը հոն կանգ չառաւ, որովհետեւ ցայսօր կը շարունակուի պարտուողական անտիրութեան (ան)գործունէութիւնը։

Ահա թէ ինչո՛ւ հայորդին պէտք է գիտակցի, թէ որքա՜ն ճգնաժամային է կացութիւնը։ Ամիսներ անցած են տխրահռչակ պարտութենէն եւ դեռ իրողապէս անտարբեր եւ ձեռնածալ կը մնանք։

Կ’ըսուի ու կը կրկնենք, թէ աւելի քան քսան տարի շարունակուած թափթփածութեան, զեղծարարութեան եւ ստախօսութեան արդիւնքն է այսօրուան իրավիճակը, սակայն կարելի չէ աչքաթող ընել անոր մէջ «Իմ Քայլ»-ական ղեկավարութեան մեծ դերը, սկսելով իր թիւ մէկէն՝ վարչապետ Փաշինեանէն, որ կառչած կը մնայ իր աթոռին, հակառակ իր վարած քաղաքականութեան գրեթէ բոլոր երեսներուն սնանկացումին, սնանկութեան:

Դժբախտաբար, հայրենի ժողովուրդին եւ տիրական ղեկավարութեան մէջ  հարիւր տարի առաջուան՝ Փետրուարեան Ապստամբութեան օրերու առողջ եւ շտապ մտածումն ու աներկբայ կամքը չկան։ Հարիւր տարի առաջ, «Հայրենիքի Փրկութեան Կոմիտէն» քանի մը օրուան մէջ յաջողեցաւ շրջանցել տագնապը եւ տէր դառնալ կացութեան: Մինչդեռ այսօր,  «Հայրենիքի Փրկութեան Շարժում»-ը, կազմաւորման օրէն իսկ անհիմն եւ անիմաստ քննադատութիւններու ենթարկուելով, չէ կրցած ցանկալի ԱՊՍՏԱՄԲՈՒԹԻՒՆը ստեղծել։ Մեր հայրենիքը, մեծագոյն կորուստէն ետք, կը շարունակէ մանր մասնավճարներով նահանջներ կրել թշնամիին առջեւ, առայժմ՝ Սիւնիքի մէջ:

Արդեօք ժամանակը չէ՞ նկատելու, թէ բաժակը յորդած է, դանակը կը սղոցէ ոսկորը։ Ժամանակը չէ՞ նոր էջ մը բանալու, որպէսզի սկսինք մտածել, թէ ինչպէ՞ս պիտի դարմանենք ահաւոր կորուստները, մտածել վերակառուցելու եւ վերամշակելու մասին, իսկ առարկայականէն անդին, աւելի կարեւորը՝ ենթակայական գետնի վրայ վերականգնել մեր պատիւը, արժանապաւութիւնն ու վարկը…։

…Մայիս 2018-ին, «Թաւշեայ Յեղափոխութիւն»-ը բաղդատուած էր Փետրուարեան Յեղափոխութեան։ Բաղդատական մը՝ որուն տրամաբանութիւնն անգամ կարճ կեանք ունեցաւ եւ ահա ի յայտ եկած է, թէ թաքուն ինչե՜ր կային թաւիշին տակ։

Հարցը անյետաձգելի է: Անհրաժեշտ է ահազանգ հնչեցնել, կարգի հրաւիրել եւ արմատաւորել այն, որ վաղը,  Փետրուար 20-ին տեղի ունենալիքը սոսկական հաւաք մը չէ։

Ուստի դէպի «Ազատութիւն» հրապարակ, դէպի ըմբոստութիւն նաեւ ապստամբութիւն։ Բոլոր հայրենասէրներուն ձեռքերուն միացումով, մենք կը փրկենք հայրենիքը։