Արծաթէ եւ Պրոնզէ Մետալներ՝ Ուքրանիոյ Ջրացատկի Բաժակի Խաղարկութենէն

Այլեւայլ, Հայաստան

Փետրուար 15-էն ի վեր Ուքրանիոյ մայրաքաղաք Քիեւի «Լիկօ» մարզահամալիրին մէջ կ՝ընթանայ Ուքրանիոյ ջրացատկի բաժակի բաց խաղարկութիւնը. մետալներու 13 հաւաքածուի համար կը պայքարին Ուքրանիոյ, Հայաստանի, Պելառուսիոյ, Պուլկարիոյ, Վրաստանի եւ Սերպիոյ հզօրագույն մարզիկները: Հայաստանի ներկայացուցիչներ Վլատիմիր Յարութիւնեանը եւ Վարդան Բայանտուրեանը նուաճած են երկու մետալ՝ արծաթ եւ պրոնզ: Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ ArmRadio-էն։

10 մ սինքրոն աշտարակացատկի մէջ Յարութիւնեան-Բայանտուրեան զոյգը 356,10 նիշով արժանացած է արծաթէ մետալի: Այս մրցաձեւին մէջ առաջին հորիզոնականը 411,06 նիշով գրաւած է Ուքրանիան ներկայացնող Օլեկ Սերպին-Օլեկսէյ Սերետա զոյգը, իսկ լաւագոյն եռեակը եզրափակած է Ուքրանիան ներկայացնող Գիրիլօ Ազարով-Գիրիլ Պոլիւխ զոյգը (332,82 նիշ):

10 մ աշտարակացատկի անհատական մրցումին՝ 11 մասնակիցներու պայքարին՝ Վլատիմիր Յարութիւնեան 398,20 նիշով դարձած է պրոնզէ մետալակիր:

Նշենք, որ ջրացատկի Հայաստանի հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Հրաչեայ Չանտիրեան տեղեկացուցած է, որ կարճատեւ դադարէ ետք ջրացատկորդները մարզումները պիտի շարունակեն Երեւանի մէջ՝ աստիճանաբար պատրաստուելով Ապրիլին կայանալիք աշխարհի բաժակի խաղարկութեան: