Ֆրեզնոյի Մէջ Լոյս Տեսած է Մեծարենցի Քնարական Բանաստեղծութիւններու Հաւաքածոյին Անգլերէնի Թարգմանուած Հատորը

Աշխարհ, Սփիւռք

Ֆրեզնոյի մէջ լոյս տեսած է Միսակ Մեծարենցի քնարական բանաստեղծութիւններու ամբողջական հաւաքածոյին անգլերէնի թարգմանուած հատորը։ «Misak Medzarents: The Complete Lyric Poems» խորագրուած հատորը, որ թարգմանուած է դոկտ․ Ճէյմզ Ռասըլի կողմէ եւ կը հանդիսանայ Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի Ֆրեզնոյի մասնաճիւղի հրատարակչատան «Հայակական Շարք»ին 12րդ հատորը, կը տեղեկացնէ համալսարանի Հայագիտական ծրագիրի վարիչ փրոֆ․ Պարլօ Տէր Մկրտիչեան։

Մեծարենցի առաւել քան 180 բանաստեղծութիւններու հաւաքածոյէն օրինակ մը գնելու համար այցելել abrilbooks.com կամ  naasr.org  կայքէջերը, իսկ մեծաքանակ ապսպրանքի համար հեռաձայնել (559) 278-2669 թիւին կամ գրել barlowd@csufresno.edu հասցէին։