Փետրուարեան Ապստամբութեան 100-ամեակ

Հայաստան, Սփիւռք

100 տարի առաջ այս օրը՝ 1921 թուականի Փետրուար 18-ին, հայ ժողովուրդը ընդվզեցաւ հայրենիքը գրաւած բոլշեւիկներուն դէմ։ Սկիզբ առաւ ապստամբութիւնը, որուն ազդանշանը տուին Արագածի ստորոտը վերաբնակուած սասունցիները:

Հայաստանի մէջ ժողովրդական ապստամբութիւնը եւ քաղաքացիական կռիւները սկսան տարերայնօրէն եւ ընդգրկեցին շարք մը շրջաններ: Փետրուար 16-18-ը ապստամբները շարք մը շրջաններու մէջ իրենց ձեռքը վերցուցին իշխանութիւնը:

Փետրուարեան ապստամբութիւնը հայ ժողովուրդի գերագոյն ճիգն էր վերականգնելու իր ոտնատակ եղած արժանապատւութիւնն ու կասեցնելու ազգադաւ եւ ազգակործան այդ ծրագիրը:

Փետրուարեան ապստամբութեան դրօշը կը պահուի Երեւանի Դաշնակցութեան թանգարանին մէջ: Ուղիղ հարիւր տարի առաջ, այդ դրօշին ներքոյ, հայ ժողովուրդը քշեց հայու անուն կրող թուրքերը…