Քալիֆորնիոյ Օրէնսդրական Հայկական Համախմբումը Պահանջեց Հայ Գերիները Ազատ Արձակել

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

ՄԱԿ-ի մարդկային իրաւանց հարցերու յանձնակատարին, ինչպէս նաեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի երեք համանախագահներուն յղուած նամակներով, Քալիֆորնիոյ օրէնսդրական հայկական համախմբումի անդամները կոչ ըրին անոնց, որ նպաստեն Ազրպէյճանի կողմէ ապօրինի կերպով պահուող բոլոր հայ գերիներուն անյապաղ ազատ արձակումը՝ շեշտելով, որ խորապէս մտահոգ են անոնց վիճակով։

Նամակին տակ ստորագրած են Քալիֆորնիոյ նահանգային ծերակուտականներ Պապ Արքուլեթա, Անտրէաս Պորկաս, Պրայըն Տալ, Էնթընի Փորթանթինօ եւ Սքաթ Ուիլք, ինչպէս նաեւ նահանգային խորհրդարանականներ Լօրա Ֆրիտմըն, Լուզ Ռիվազ եւ Ատրին Նազարեան։

Նամակը կարելի է կարդալ  կայքէջին վրայ։