ՀՀ եւ ՌԴ ԱԳ Նախարարները Պիտի Քննարկեն Հայ Գերիներու Ապահով Հայրենադարձման Հարցը

Աշխարհ, Հայաստան

Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Արա Այվազեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը Ռուսիոյ մայրաքաղաք Մոսկուայի մէջ պիտի հանդիպի ՌԴ արտաքին գործոց նախարար Սերգէյ Լաւրովին: Այս մասին կը հաղորդէ ՀՀ ԱԳՆ խօսնակ Աննա Նաղդալեան:

Կողմերը պիտի քննարկեն Նոյեմբեր 9-ի եռակողմ յայտարարութեան եւ անոր յաջորդած Յունուար 11-ի յայտարարութեան իրականացման առնչուող հարցերը: Պիտի քննարկուին նաեւ հայ ռազմագերիներու եւ Ազրպէյճանի կողմէ պահուող քաղաքացիական անձերու ապահով հայրենադարձման հարցերը: