Սերժ Թանգեանի Truth to Power Ֆիլմին Անդրանիկ Ցուցադրութիւնը՝ 19 Փետրուարին

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

System of a Down-ի յօրինող եւ մենակատար Սերժ Թանգեանի եւ 2018-ին Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած յեղափոխութեան մասին պատմող Truth to Power վաւերագրական ֆիլմին անդրանիկ ցուցադրութիւնը տեղի պիտի ունենայ 19 Փետրուարին: Ֆիլմին բեմադրիչն է Կարին Յովհաննէսեան։

Զայն ծանուցող տեսանիւթին մէջ, Թանգեան կ՛այցելէ արեւելեան Հոլիվուտի մէջ գտնուող Փոքրիկ Հայաստան թաղամասը. ցոյց կը տրուի տեղւոյն հայկական դպրոցը, եկեղեցին, ճաշարաններն ու նպարավաճառի խանութները եւ ան կը նշէ, որ իր ընտանիքը հոն  տեղափոխուած է 1975-ին:

Ֆիլմը կը պատմէ 2018-ին Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած յեղափոխութեան ընթացքին երգիչին ունեցած դերակատարութեան մասին:

Իր կեանքին ընթացքին Թանգեան պայքարած է ընկերային արդարութեան եւ յատկապէս Ամերիկայի կողմէն Հայոց Ցեղասպանութեան պաշտօնական ճանաչման համար։