Ընկերային-Տնտեսական Բաղադրիչը Հայրենիքի Փրկութեան Շարժումի Օրակարգին Անբաժանելի Մասը Պէտք Է Դառնայ. Նաթան Պետրոսեան

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Պատմութեան ընթացքին յետպատերազմական ժամանակաշրջաններու ընկերային-տնտեսական աղէտալի հետեւանքները ընդհանրապէս միշտ ալ կրած են իրենց օրապահիկը ապահովող աշխատաւոր ընտանիքները:

Հայաստանի Հանրապետութեան պարագային ալ, 9 նոյեմբեր 2020-ին ստորագրուած հրադադարի եռակողմանի ամօթալի ու պարտուողական յայտարարութիւնը եւ անոր պատճառով հայկական հողեր յանձնելու հետեւանքներուն բեռը եւս պիտի կրէ աշխատաւոր ժողովուրդը:

Այսքանով չի սահմանափակուիր պարտութեան բեռը կրելը:

Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հանդիպումը, որ տեղի ունեցաւ 11 յունուար 2021-ին, յանգեցաւ երկրորդ միացեալ յայտարարութեան մը ստորագրութեան: Այս յայտարարութիւնը կը վերաբերի 9 նոյեմբեր 2020-ի յանձնուողական յայտարարութեան 9-րդ կէտին, այսինքն` շրջանին մէջ տնտեսական եւ փոխադրական բոլոր կապերու ապաշրջափակման գաղափարի գործնականացման: Այս նպատակով կը կազմուի Ռուսիոյ, Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի փոխվարչապետներուն համանախագահութեամբ աշխատանքային խումբ մը: Աշխատանքային այս խումբին առաջին հանդիպումին արդիւնքներուն հիման վրայ կը կազմուի աշխատանքներու հիմնական ուղղութիւններու ցանկը: 11 յունուար 2021-ի յայտարարութեան երկրորդ կէտը յստակօրէն կը շեշտէ, որ աշխատանքային հիմնական ուղղութիւններուն վերաբերեալ կազմուելիք ցանկը, իբրեւ «գերակայութիւններ, պիտի ընդունի երկաթուղային եւ ճանապարհային հաղորդակցութիւնները, ինչպէս նաեւ պիտի սահմանէ Ազրպէյճանի Հանրապետութեան, Հայաստանի Հանրապետութեան ու Ռուսիոյ Դաշնութեան  միջեւ համաձայնեցուած այլ ուղղութիւններ»:

Հայաստանի Հանրապետութեան գերիշխանութեան ոտնակոխումէն անդին, այս կէտը` իբրեւ երկրին տնտեսական անկախութիւնը խախտող քայլ, ոտնակոխում մըն է երկրի իւրաքանչիւր աշխատաւորի եւ գիւղացիի իրաւունքներուն:

Երկաթուղային եւ ճանապարհային հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակումը, մեր ազգային արժանապատուութեան ոտնակոխումէն անդին, Հայաստանի Հանրապետութեան արտադրողական սիւներու աստիճանական քանդման ճամբայ է:

Յետպատերազմեան գործազրկութեան, սղաճի, յաւելեալ արժէքի տուրքի բարձրացման եւ Արցախի Հանրապետութեան հողերուն յանձնումին պատճառով գիւղատնտեսութեան մարզին կրած վնասներուն հետեւանքներէն անդին` յօգուտ Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի երկաթուղային եւ ճանապարհային հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակումը Հայաստանի տեղական աշխատանքային շուկային համար աշխատատեղեր ոչնչացնող աղէտ է:

Շրջանին մէջ երկաթուղային եւ ճանապարհային հաղորդակցութիւններուն ապաշրջափակումը Հայաստանի Հանրապետութեան տնտեսական համակարգն ու գործելաոճը պիտի փոխէ եւ զանոնք կառուցէ առեւտրական ներմուծումի հիման վրայ` արտադրողականին փոխարէն:

Առեւտրական ներմուծումը պիտի սպաննէ` Հայաստանի աշխատաւոր ժողովուրդի ճակտի քրտինքով ստեղծուած եւ անոր առօրեայ օրապահիկը ապահովող միջին եւ փոքր ձեռնարկութիւնները, ընտանեկան ձեռնարկութիւնները, վերջին տարիներուն ընթացքին նոր ոտքի ելած ճարտարարուեստը եւ հազարաւոր գիւղացիներու եկամուտը ապահովող գիւղատնտեսական մարզը:

Յետպատերազմեան ընկերային-տնտեսական բոլոր նշուած հետեւանքներէն` սղաճէն մինչեւ երկաթուղային ու ճանապարհային հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակում,  յառաջանալիք աղէտին պատասխանատուն Հայաստանի ներկայ կառավարութիւնն է` Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորութեամբ: Եւ արդէն հայկական կողմը պատերազմին մէջ ներքաշուեցաւ, երբ տնտեսապէս բաւական տկար էր:

Նկատի առնելով այս բոլորը` Հայրենիքի փրկութեան շարժումը, իբրեւ ներկայ իշխանութիւններէն դժգոհ ընդդիմադիր խաւերը համախմբող գլխաւոր հարթակ եւ իբրեւ գործունեայ քաղաքական մարմին, իր օրակարգին առաջնահերթ բաղկացուցիչներէն մէկը պէտք է դարձնէ Հայաստանի յետպատերազմեան ընկերային-տնտեսական վիճակին բարելաւումը եւ, ինչո՞ւ չէ, պէտք է նաեւ հրապարակէ ընկերային-տնտեսական նախագիծ, որ կը ներառէ աշխատաւոր ժողովուրդի բոլոր մտահոգութիւնները, որոնք կը տարածուին ծառայութիւններու մարզէն մինչեւ արհեստագիտութիւն:

Ընկերային-տնտեսական նախագիծի ուշադրութիւնը կրնայ գրաւել ո՛չ միայն աւանդականօրէն արծարծուած` Հայաստանի վերաճարտարարուեստականացման կարելիութիւններու քննումը, միջին եւ փոքր ձեռնարկութիւններուն քաջալերումը, գիւղացիական համագործակցականներու հիմնադրումը, ընտանեկան ձեռնարկութիւններու յառաջ մղումը, այլ նաեւ` համաշխարհային տնտեսական հրատապ մարտահրաւէրները, որոնք վերջին տարիներուն զգալի են նաեւ Հայաստանի մէջ, ինչպէս` շուկայի թուայնացումը, արհեստագիտական մարզի յառաջընթացը եւ այլն: Ընդդիմութեան մշակելիք ընկերային-տնտեսական հաւանական նախագիծը, Հայաստանի մէջ բնական պաշարներու, օրկանական հանածոյ վառելիքի, քարիւղի, կազի եւ այլ հարստութիւններու բացակայութեան պայմաններուն մէջ եւ միեւնոյն ժամանակ նկատի առնելով կլիմայական փոփոխութեան լրջութիւնը, պարտի ուսումնասիրել վերանորոգուող ուժանիւթի օգտագործման կարելիութիւնները (քամիի եւ արեւի ուժի օգտագործում, ելեկտրական ինքնաշարժներ եւ այլն), եւ վերջապէս, պէտք է նաեւ քննարկել, թէ ինչպէ՛ս պէտք է զարգացնել նորաստեղծ արհեստագիտական մարզը` թէ՛ ուսումնական համակարգին մէջ ամրապնդելով թուայնացման եւ արհեստագիտութեան ճիւղը, թէ՛ ալ արտաքին ընկերութիւններու ներդրումներ ապահովելով: Այստեղ պէտք է նշել, որ անցնող մէկ ամսուան ընթացքին Հայրենիքի փրկութեան շարժումի վարչապետի միասնական թեկնածու Վազգէն Մանուկեան հանդիպումներու երկար շարք մը ունեցաւ մտաւորականներու, քաղաքագէտներու, տնտեսագէտներու, կրթական մարզի պատասխանատուներու եւ մանկավարժներու, հաղորդակցութեան միջոցներու եւ տեղեկատուական արհեստագիտութեան մարզի մասնագէտներու ու փորձագէտներու հետ` իշխանափոխութեան յաջորդելիք փուլին քաղաքական, կրթական եւ ընկերային-տնտեսական ընելիքները ուրուագծելու համար. աշխատանք մը, որ պէտք է աւելի եւս կենսաւորուի` չմոռնալով հանդերձ հիմնական նպատակը` Նիկոլ Փաշինեանի եւ անոր իշխող վարչախումբին հեռացումը:

Վերջ ի վերջոյ, Հայրենիքի փրկութեան շարժումը պէտք է պատրաստ ըլլայ ժողովուրդի միտքերն ու սիրտերը գրաւելու գործընթացին մէջ` ո՛չ միայն քաղաքական (այս պարագային` կառավարութեան հրաժարումը), այլ նաեւ` այլընտրանքային տնտեսական նախագիծ մը կազմելով, կէտ մը, որուն մէջ ներկայ իշխանութիւնները չարաչար ձախողեցան: