Ելքը Բանականութեան Եւ Կամքի Կիրարկումն Է. Տիգրան Ճինպաշեան

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Լաւ օրերու մէջ չենք ապրիր: Տնտեսական արտասովոր տագնապի մէջ յայտնուած Լիբանանի մէջ, Օգոստոս 4-ի պայթումի հետեւանքները տակաւին առկայ են: «Քորոնա»-ն այնքան տարածուեցաւ, որ իշխանութիւնները 11-օրեայ ամբողջական փակում տնօրինեցին. հիւանդանոցներուն մէջ հիւանդներ կը մերժուին եւ շատեր բակին մէջ կամ հիւանդանոցի մուտքին կասկածելի բուժման կ’ենթարկուին: Մահերը շատցած են, ու ամէն օր ծանօթի մը, սիրելիի մը, ընկերոջ մը մահուան բօթը կը լսենք: Այս բոլորին վրայ կ’աւելնայ նոր կառավարութեան համար անհասկնալի արգելքներու յարատեւումը:

Վատ է, շատ վատ է վիճակը Լիբանանի մէջ: Քաղաքական կեանքը անդամալոյծ դարձած է, տնտեսութիւնը` քայքայուած, ընկերային յարաբերութիւնները` խանգարուած, մշակութային ձեռնարկները` առկախուած: Ինչ կը վերաբերի հայկական ազգային ու հասարակական կեանքին, դպրոցներուն, հաստատութիւններուն, բոլորն ալ կը փորձեն գործել, սակայն նուազագոյն տարողութեամբ, գրեթէ խորհրդանշական ներկայութիւն մը ապահովելով:

Մարդիկ անճրկած են. վիճակը դարմանելու համասր անընկճելի տրամադրութիւն ունեցողներն անգամ մատնուած են անկարողութեան:

Հայաստանի մէջ պատկերը աւելի քաջալերական չէ: Այնտեղ «Քովիտ»-ը կը թուի յարաբերաբար նուաճուած ըլլալ. վարակուողներուն թիւը կը նուազի, մահերը կը սահմանափակուին: Լա՛ւ: Սակայն աշնանային պատերազմին, խայտառակ անձնատուութեան, զոհերու եւ վիրաւորներու տարապայման թիւերուն, քանդումներուն յառաջացուցած հոգեբանական ընկճուածութիւնը տակաւ կը խորանայ: Պարտուած եւ վարկաբեկուած իշխանութիւնը կը շարունակէ գործելու եւ կառավարելու պատրանք ստեղծել, փաստօրէն ոչինք իրագործելով: Իշխանութեան հրաժարականը պահանջող ընդդիմութիւնը կը բախի խորհրդարանական մեծամասնութիւնը վկայակոչող կառավարութեան անզիջողութեան:

Հայաստանի մէջ քաղաքական գործունէութիւնը փոխարինուած է փոխադարձ քննադատութիւններով, պարսաւանքով, հայհոյախառն ամբաստանութիւններով:

Ծով ընելիք կայ. վստահութիւնը վերականգնելու անհրաժեշտութիւն, հասարակական կեանքի աշխուժութիւնը խթանելու կարիք, հպարտութեան վերականգնում, քաղաքական պահանջատիրութիւն, իրաւունքի հետեւողական հետապնդում կը սպասեն անհետաձգելի փոփոխութեան, որ կ’ուշանայ սին պատճառաբանութիւններով:

Մարդիկ անճրկած են. վատթար կացութեան դարմանը մատնանշուած է, սակայն դարմանողը մատնուած է անկարողութեան:

Յօդուածի մը սկիզբը կարդացի, իբրեւ բնաբան դրուած Րաֆֆիի մէկ դիպուկ մտորումը. «Մենք հայ ենք, Աստծու անէծքը գրած է մեր ճակատի վրայ: Անմիաբանութիւնը, երկպառակութիւնը, նախանձը, թշնամութիւնը եւ հազար ու մէկ այս տեսակ չարութիւններ շատ ժամանակներից բոյն են դրել մեր հոգու մէջ, եւ մենք կրում ենք այդ մեղքերի պատիժը: Թշնամին մեղաւոր չէ. եթէ մեր մէջ սիրտ լինէր, միութիւն լինէր, յիմար թշնամին ի՞նչ կարող էր անել»:

Մէկուկէս դար ենք, «յանձնառու եւ յարգելի հայրենի մտաւորական մը» կ’արձագանգէ. «…Մեր հրաշք երկիրը դարձել է ողբի եւ որբի հայրենիք, մեր հպարտ ժողովուրդը` մոլորուած եւ գլխիկոր: Ո՞վ կը պատկերացնէր: Գնալով ոչ թէ վիճակը լաւանում է, այլ գլորւում ենք անդունդը: Չգիտենք` ի՛նչ կը բերի մեր ազգին, պետութեան 2021-ը, բայց ակնկալենք, որ գուցէ Աստծոյ ամենակարող աջը հասնի մեզ»:

Ճակատագրապա՞շտ է այս Աստծոյ ամենակարող աջին ապաւինումը: Ո՞վ է Աստուած: Յովհաննու աւետարանը կը սկսի Աստուծոյ սահմանումով. «Աշխարհի ստեղծագործութենէն առաջ գոյութիւն ունէր Բանը: Բանը Աստուծոյ հետ էր եւ Բանը Աստուած էր: Անիկա սկիզբէն Աստուծոյ հետ էր: Անով էր որ Աստուած ամէն ինչ ստեղծեց. առանց անոր ոչ մէկ բան ստեղծեց»: Ուրեմն ապաւինիլ Աստուծոյ կը նշանակէ ապաւինիլ Բանին, այսինքն խօսքին, բանականութեան, տրամաբանութեան: Աստուած մարդերը եւ ազգերը բանականութեամբ ստեղծեր է, տրամաբանութեան եւ կամքի տէր ստեղծեր է: Մենք ենք ուրեմն տնօրինողը մեր ճակատագրին, մենք ենք դարբինը մեր լինելիութեան:

Ջրդեղենք մեր կամքը, լարենք մեր բանականութիւնը եւ Րաֆֆիի հետ կրկնենք. «Սիրտ լինէր, միութիւն լինէր, յիմար թշնամին ի՞նչ կարող էր անել»: