Շրջանցել Փակուղին. «Հայրենիք»

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Խմբագրական

«Քաղաքականութիւնը գրեթէ նոյնքան ոգեւորիչ է, որքան պատերազմը, եւ նոյնքան վտանգաւոր։ Պատերազմին կրնաս սպաննուիլ միայն մէկ անգամ, մինչդեռ քաղաքականութեան մէջ` բազմիցս»:
Ուինսթըն Չըրչիլ
Մոսկուայի հանդիպումն ալ տեղի ունեցաւ: Անբնական կեանքը… բնականի պէս կը շարունակուի Երեւանի մէջ:
Հ․Հ․ վարչապետի բանբերը, թէ՛ նախօրեակին եւ թէ՛ աւարտին, տեղեկութիւններով ճոխ յայտարարութիւններ չհրատարակեց, բան մը, որ սպասելի էր, մանաւանդ որ սեղանին շուրջ կը գտնուէին հանդիպման տէրն ու տիրականը՝ «քինկմէյքըր» Վլատիմիր Փութին, յաղթական Իլհամ Ալիեւ ու պարտեալ Նիկոլ Փաշինեան։ Ասոնք պարզ անուններ չեն, այլ պէտք չէ մոռնալ, որ անոնց ետին կան երեք երկիրներ (պահ մը նկատի չունենանք դարձեալ վարագոյրին ետին անցած Թուրքիան, ո՛չ ալ լուսանցքէ դուրս ինկած՝ Մինսքի խմբակին միւս անդամները)։
Ռուսաստանի ինքնավստահ, հաստատակամ եւ յաւակնոտ ղեկավարը իր մօտ հրաւիրած էր տարբեր ճակատագրի ենթարկուած ղեկավարները։ Անոնց դէմքերէն յստակ էր, թէ ինչպիսի՛ կացութեան մէջ կը գտնուէին եւ թէ ինչպէ՞ս պիտի ընթանար հանդիպումը, որ տեւեց շուրջ չորս ժամ։ Բնականաբար, միեւնոյնն էր կացութիւնն ու «սցենար»-ը, երբ երկու հակադիր երկիրներուն ներկայացուցիչները անհատապէս տեսակցութիւններ ունեցան նորօրեայ «ցար» Փութինին հետ։
Հայրենի կողմին համար, այս մէկն ալ եղաւ դժուար, շատ դժուար։ Նոյեմբեր 9-10-ի ստեղծուած համաձայնագրին շարունակութիւնն էր. այս անգամ օրակարգի հարցն էր մանրամասնութեամբ ուսումնասիրել տարածաշրջանէն ներս երթեւեկ հաստատելու եւ փոխադրամիջոցներու թղթածրարը, որոնց կարգին՝ յատկապէս Մեղրիի վրայով Ատրպէյճան – Նախիջեւան անցքը։ Ասոր դիմաց, հայկական կողմին համար խոր տառապանք պատճառող՝ գերիներու վերադարձի հարցը մնաց մոռցուած եւ անլոյծ։
Ալիեւ եւ Փաշինեան արդէն վերադարձած են իրենց երկիրները եւ գործի պիտի լծուին՝ «ապաշրջափակում»-ի ծրագիրները չափել-ձեւելու եւ անոնց գործադրութեան պատրաստուելու համար: Փոխ վարչապետները կը շփեն իրենց ձեռքերը:
Հ․Հ․ վարչապետին պարագային, յստակ է, թէ Մոսկուայի մէջ իր յանձն առած «առաքելութեան» զուգահեռ՝ աթոռին կառչած մնալու աշխատանքը պիտի շարունակուի, հետեւողութեամբ ֆրանսացի թագաւոր Լուի 15-րդի ոչնչապաշտական՝ «Ինձմէ ետք ջրհեղեղ» գործելաձեւին։
Բայց նաեւ նոյնքան անհասկնալի է ընդդիմադիր ճակատէն ներս ստեղծուած կացութիւնը, ուր յստակօրէն զգալի է վճռակամութեան, իրարու հանդէպ վստահութեան եւ մանաւանդ միասնականութեան պակասը։
Մեծամասնութիւն կը կազմեն անոնք, որոնք դժգոհ են ներկայ իրավիճակէն, ներկայ անիշխանական կացութենէն, բառերուն ետին չպահուըտելով՝ «Իմ Քայլ»-ական ղեկավարութենէն, որ զիջումէ զիջում ցատկելու հետեւողականութիւն կը ցուցաբերէ յամառօրէն:
Աննախընթաց չէ, որ զանազան երկիրներու մէջ, բոլորովին տարբեր հոսանքներ՝ աջ թէ ձախ, ազգայնամոլ թէ յառաջդիմական, օրհասական պահերու միանալով եւ անկարելին կարելի դարձնելով, գործակցած եւ տապալած են հասարակ յանցապարտը։ Այդպէ՛ս ըրած են ոչ միայն քաղաքական բեմահարթակին, այլեւ ռազմական գետնի վրայ։
Դժբախտաբար, շատեր քաղաքականութեան անգիր օրէնքներէն, աւելի ճիշդ՝ իրապաշտ քաղաքական խաղերէն հեռու կը մնան։ Ժամանակն է, որ անտեղի ու երկրորդական հաշիւներ մէկդի դրուին, մանաւանդ որ երկիրը քայլ առ քայլ կ՚երթայ դէպի կործանում, իսկ ոմանք իրենց ոտքերը կը պահեն գետնէն կտրուած՝ կառչելով «ապաշրջափակում»-էն հասնելիք հրապուրիչ երազներու…
Ժամանակն է, որ իր գործօն դերն ու ազդու խօսքը ըսէ միասնական, ուժեղ ընդդիմութիւնը, ուր չկան հինն ու նորը, սեւը կամ սպիտակը, դուրսինն ու ներսինը։
Այլապէս․․․փակուղի, զոր պէտք է շրջանցել ամէն գնով: