Սուրիոյ Արաբ Գրողներու Միութիւնը Կը Պարգեւատրէ Դոկտ. Նորա Արիսեանը

Աշխարհ, Սփիւռք

13 Յունուար 2021-ին Սուրիոյ Արաբ գրողներու միութիւնը յատուկ հանդիսութեամբ մը պարգեւատրեց 2015-2020 թուականներուն` 9-րդ շրջանին հրատարակուած պարբերականներու խմբագրական կազմերու անդամները: Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ «Ազդակ»-էն։

Այս առիթով, Սուրիոյ Արաբ գրողներու միութեան նախագահ Մալեք Սաքքուր պարգեւատրեց համաշխարհային գրականութեան պարբերականի խմբագրական կազմի անդամ սուրիահայ երեսփոխան դոկտ. Նորա Արիսեանը` անոր ունեցած գրական մեծ ներդումին համար: