Վերադարձ Դէպի Ապագայ` Պարտութեան Բանականացումը Եւ Հայութեան Լինելութիւնը (2). Խ. Տէր Ղուկասեան

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Հայաստանի պարագային, քառասունչորսօրեայ պատերազմին դասերը առաջին հերթին բնականաբար պաշտպանական ռազմավարութեան թերիներուն կը վերաբերին: Պատերազմի ընթացքին արդէն եւ անկէ անմիջապէս յետոյ պաշտպանական հարցերով մասնագէտները կեդրոնացան թուրքազրպէյճանական կողմի օդային գերակշռութեան վրայ` շնորհիւ իրենց անօդաչու թռչող սարքերուն (ԱԹՍ, ինչպէս գործածութեան դրուած է բառը), որոնց չէզոքացման համար հայկական կողմը չունէր անհրաժեշտ հակաօդային պաշտպանութիւնը (ՀՕՊ): ԱԹՍ-ներու զանգուածային գործածութեան ազրպէյճանական ռազմավարութիւնը հազիւ թէ գաղտնիք էր: Ազդանշանը տրուած էր դեռեւս 2016-ի քառօրեայ պատերազմին: Ի՞նչն էր պատճառը, որ հայկական կողմը չկարողացաւ նախատեսել անոնց ռազմավարական կարեւորութիւնը եւ համապատասխան պաշտպանութիւն մը չպատրաստեց: Պատասխանի փնտռտուքը առաջին հերթին լուսարձակի տակ կը բերէ Պաշտպանական բանակի ռազմագէտներու աշխատանքը, եւ հարցադրումները անոնց պիտի ուղղել, եթէ երբեք օր մը համապատասխան հետաքննութիւնը կատարուի:

Բոլոր ռազմական վերլուծաբանները իրենց յօդուածներուն եւ տեղեկագրութիւններուն մէջ կը նշեն, թէ ԱԹՍ-ներու նման զանգուածային գործածութիւնը նախընթաց ստեղծեց եւ ազդանշանը տուաւ «5-րդ սերունդի պատերազմներ»-ու ժամանակաշրջանին: ԱԹՍ-ներ նախապէս օգտագործուած են, բայց` ոչ այս ծաւալով: Ազրպէյճանաթրքական նորարարութիւնը անոնց կարեւորութիւնը փաստեց` ցոյց տալով, որ անոնց զանգուածային օգտագործումը կրնայ չէզոքացնել այն հասարակաց համոզումը, որ պատերազմը պաշտպանական ռազմավարութեամբ ծրագրած կողմը ռազմավարական գերակայութիւն ունի յարձակող կողմին վրայ: Ամէն ինչ ցոյց կու տայ, որ Արցախի պաշտպանութիւնը ծրագրող ռազմագէտները եւս համոզուած էին պաշտպանական պատերազմի գերակայութեան: Փաստօրէն, Արցախի ճակատներու ամբողջ երկայնքին կառուցուած էր «Մաժինոյի գիծ» մը, ինչպէս Ֆրանսա ծրագրած էր իր պաշտպանութիւնը Ա. Աշխարհամարտէն ետք, ընդ որում` ամէն մէկ դիրքի անկումի լուր, որ հանրային կարծիքին կը հասնէր, կը վերածուէր տռամի, անձկութեան: Չորս տարի առաջ, քառօրեայ պատերազմին, հայկական կողմի դիրքերու զիջման փաստը նսեմացուած էր քաղաքական ղեկավարութեան կողմէ: Մինչդեռ այդ կարճ պատերազմը արդէն ահազանգ պիտի հնչեցնէր պաշտպանական ռազմավարութեան վերատեսութեան իմաստով, փոխէր պաշտպանական ռազմավարութիւնը եւ, միաժամանակ, հայկական հանրային կարծիքի մէջ ամրակայացած այն մտապատկերը, թէ Արցախը բերդ մըն է, որ կը կասեցնէ բարբարոսներու խուժումը, պիտի փոխուէր նուիրականացնելու համար պաշտպանութեան այլ, աւելի ճկուն դիրքային կռիւի մտապատկեր մը:

Կը մնայ հիմնական հարցադրում մը թշնամիին ԱԹՍ-ներու վերաբերեալ. ենթադրելով, որ այդ զինատեսակի առկայութեան մասին հայկական կողմը ունէր անհրաժեշտ տեղեկութիւնը, ատա՞կ էր, ունէ՞ր միջոցները համապատասխան պաշտպանական ռազմավարութիւնը ծրագրաւորելու: Կրնա՞ր ձեռք բերել աւելի արդիական եւ արդիւնաւէտ ՀՕՊ: Այս հարցումները անխուսափելիօրէն լուսարձակները պիտի յղեն դէպի գլխաւոր դաշնակից, դէպի Ռուսաստան, որ վստահաբար մօտէն հետեւեցաւ պատերազմին` ուսումնասիրելու համար իր զինատեսակները գերազանցած զէնքեր` կա՛մ համապատասխան զինուորական գիտական հետազօտութիւնը արդէն սկսելու համար, կա՛մ ալ բարելաւելու ԱԹՍ-ներու համար իր արդէն առկայ ՀՕՊ-ը, որ ինչ-ինչ պատճառներով զլացած էր Կովկասի մէջ իր միակ դաշնակիցին…

Բայց սխալ է պարտութեան բանականացումը սահմանափակել միայն ռազմական գործողութիւններով: Վերախմբագրելով Մաուսսի վերոնշեալ բանաձեւումը` պատերազմը ոչ միայն Քլաուսեվիցեան «քաղաքականութեան շարունակութիւնն է տարբեր ձեւերով», այլ` «քաղաքական ամբողջական եղելութիւն»: Պատերազմի պատրաստութիւնը կ՛ենթադրէ նաեւ դիւանագիտական աշխուժ գործընթաց եւ հանրային յարաբերական քարոզարշաւ: Ազրպէյճանաթրքական ճակատը այդ երկու գետիններուն վրայ աշխուժացած էր Իլհամ Ալիեւի իշխանութեան գալէն անմիջապէս յետոյ: Այս իմաստով, այո՛, անխուսափելի է ետ երթալ մինչեւ 1994 եւ քննարկման սեղանի վրայ դնել սթաթուս քուօ-ի վրայ գրաւ դրած հայկական կողմի մեծ սխալը, հակառակ որ այդ մասին անդրադարձներ, զգուշացումներ չպակսեցան: Պարզ` ազրպէյճանաթրքական ճակատը ամէն իմաստով պատրաստուեցաւ յարձակողականի, հայկական կողմը ձախողեցաւ պաշտպանութեան նախապատրաստութեան աշխատանքներուն մէջ, նաե՛ւ` դիւանագիտական եւ միջազգային բեմին վրայ հանրային յարաբերական մարզերուն մէջ եւ չյաջողեցաւ, եւ թերեւս չփափաքեցաւ, իր ունեցած միակ մրցակցային առաւելութիւնը, զօրաշարժի ատակ սփիւռքը, ամբողջականօրէն մասնակից դարձնել այդ գործընթացներուն: «Ռազմավարական գործընկերութիւն»-ը այնպէս ալ մնաց պարագայական եւ առաւելաբար` լոզունգային: Մինչ Ազրպէյճանն ու Թուրքիան ստեղծեցին, զօրաշարժի ենթարկեցին իրենց համայնքները, իսկ հոն, ուր չկար, չէր ստեղծուած նման հաւաքականութիւն, բազմապատկեցին իրենց դիւանագիտական աշխուժութիւնը:

Հարցի քննարկման համար ակնարկը տանելով դէպի ետ եւ սեղանի վրայ դնելով 1994-էն ի վեր թոյլ տրուած եւ անտեսուած բացթողումները` չի նշանակեր կուլ տալ «իմքայլական» իշխանութեան պատերազմի արդիւնքի յետճշմարտութիւնը (post-Truth, 2016-ի Տարուան բառը ըստ Քեմպրիճի բառարանին…), ըստ որուն ամբողջ պատասխանատուութիւնը պէտք է բարդել անցնող տասնամեակներու բացթողումներուն վրայ եւ նսեմացնել պատերազմի անմիջական պատասխանատու իշխանութիւններուն բաժինը: Անկախ թէ անոնք ոչի՛նչ ըրին այդ բացթողումներուն լուծում տալու համար, այլ առաւելի անտեսեցին սփիւռքը` համապատասխան նախարարութեան կազմալուծումով եւ յանձնակատարի մը նշանակումով, որ ո՛չ սփիւռքին ծանօթ էր, ո՛չ ալ իր թեքնոքրաթիք սահմանափակումներէն դուրս ելլելու նպատակ ունէր սփիւռքեան նոր քաղաքականութեան մշակումի իր սկսնակ փորձերուն կամ փորձարկումներուն մէջ: Աւելի մտահոգիչ է թաւշեայ յեղափոխութեան օրկանական մտաւորականներու կողմէ շրջագայութեան դրուած խաղաղասիրական միամիտ խօսոյթը, որուն համաձայն, ազրպէյճանական ժողովուրդին ուղղակի դիմելով, բարի կամեցողութեան ժողովրդավարներ ու մարդկային իրաւանց պաշտպաններ փնտռելով անոնց մէջ` որպէս խօսակից, փորձելով համոզել զանոնք, որ ձերբազատին Ալիեւի ամբողջատիրութենէն, կամ Առաջին տիկիններու «մեղմ ուժ»-ի միջոցով կարելի է զսպել թշնամիին որոշումը` այս պատերազմը անպայման մղելու: Փաշինեանին համոզումը, որ ինք զերոյէն կը սկսի բանակցութիւնները, ոչ մէկ անդրադարձ ունեցաւ Ալիեւի վրայ, ընդհակառակը, շատ հաւանաբար զայն մղեց, որ անդրադառնայ, որ հայկական ներքին ճակատին վրայ կայ շփոթ: Խաղաղասիրական հակումներու հարցադրումը անոնց անկեղծութիւնը չէ, որ հարցականի տակ կը դնէ, ոչ ալ ռազմատենչութեան կոչ կ՛ուղղէ: Պարզապէս կը գիտակցի աշխարհաքաղաքական այն հրամայականին, որուն համաձայն, Հայաստանի կացութեան մէջ գտնուող երկրի մը համար իրապաշտ միակ քաղաքականութիւնը պատերազմին պատրաստ ըլլալն է: Մանաւանդ երբ թշնամիէն չկայ այլ ազդանշան, բացի անկէ, որ պատերազմը անխուսափելի է:

Պատերազմի պատրաստ ըլլալու իրապաշտութիւնը, իր կարգին, սակայն, պարտութեան բանականացման ճիգին մէջ յետադարձ ակնարկով չենք կրնար անտեսել դեռեւս 1994-1997-ին օրին նախագահ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի եւ իր գլխաւոր խորհրդական Ժիրայր Լիպարիտեանի առաջ քաշած թեզը, ըստ որուն, զիջումները պէտք է ընել զօրաւոր դիրքերէ, ապա թէ ոչ անոնք աւելի ցաւալի պէտք է ըլլան: Նոյեմբեր 9-ին ստորագրուած յանձնուողական համաձայնագրին լոյսին տակ այսօր այդ թեզին արդիականութիւնը կարելի չէ ժխտել: Լիպարիտեան արդէն հրապարակեց իր «վեց դրոյթներ»-ու յօդուածը վերադառնալով նոյն թեզին եւ կրկին շեշտեց «մտածելու ձեւ»-ի փոփոխութեան մասին, որ իր 1999-ի գրքին կեդրոնական թեման է (Gerad J. Libaridian, The Challenge of Statehood. Armenian Political Thinking Since Independence, Cambridge, MA: Blue Crane Books, 1999): «Պետական մտածողութիւն»-ը ,Հայ դատ»-ականութեան հակադրող այդ թեզը հիմնականին մէջ հարցականի տակ կը դնէր Հայաստանի նման փոքր ու աշխարհաքաղաքականօրէն խոցելի երկրի մը կարողութիւնը` իր դրացիներու հետ յարատեւ տագնապի մէջ մնալու համար: Այդ կը նշանակէր մէկ կողմէ Արցախի հարցի լուծումի յանգիլ` անխուսափելիօրէն վերադարձնելով ազատագրուած տարածքները եւ յարաբերութիւնները բնականոնացնելով Թուրքիոյ հետ:

Այս վերջինի պարագային հեռանկարը մասնաւորաբար Հայաստանի դէպի Սեւ ծով ելքի ապահովումն էր, որով եւ անկախութիւնն ու ազգային գերիշխանութեան առաւելագոյն գործնականացումը ինքնուրոյն որոշումներ կայացնելու իմաստով սկզբունքայնօրէն պիտի աւելնայ: Այն օրերուն օրակարգի վրայ ալ չէր Մեղրիով Նախիջեւան-Ազրպէյճան կապը: Պատերազմի պարտութենէն ետք ազատագրուած հողերու 70 տոկոսը յանձնուեցաւ թշնամիին, Արցախը ԼՂԻՄ-ի հողատարածութենէն ալ նուազ է, կարգավիճակի հարցը կրկին սառեցուած է, Մեղրիի վրայով Ազրպէյճանն ու Նախիջեւանը իրարու հետ կապ պիտի ունենան, եւ Հայաստանի կախուածութիւնը Ռուսաստանէն բացարձակ է:

Նախքան այս «պետական մտածողութեան» իրապաշտութիւնը այսօրուան պարունակին մէջ դնելը` պարտութեան բանականացման այս ճիգին մէջ պէտք է դարձեալ յետադարձ ակնարկով խորհրդածել այդ իրապաշտութեան մասին` 1994-ի յաղթանակի լոյսին տակ: Այլ խօսքով, քաղաքական իրապաշտութեան հետ նկատի պէտք է ունենալ Հայաստանի որպէս երկիր լինելութեան աշխարհառազմաքաղաքական իրապաշտութիւնը, որով եւ Արցախի ազատագրական պայքարը կ՛իմաստաւորուէր: Փանթրքական ծրագրի կասեցումը չէր միայն այն, այլ նաեւ` Իրանի հետ սահմանը եւ Հայաստանի ջրային բնական շտեմարաններու, ներառեալ` Սեւանայ լիճ, մատակարարումը ապահովող աղբիւրները, հանքային հարստութիւնը, Հայաստանի սննդային բաւարարման համար հողամշակութեան տարածքները, առանց մոռնալու քաղաքակրթական ու մշակութային ժառանգութեան պաշտպանութիւնը: Անցնող երեսուն տարիներու հիմնական սխալը եղաւ Արցախի ազատագրութեան ժամանակ կազմաւորուած այս աշխարհաքաղաքական մտածողութեան պաշտօնականացման ձախողութիւնը: Դարձեալ` այս մասին գրուած է, նոյնիսկ երբ պատերազմի սպառնալիքը անիրական էր, եւ մենք յաղթանակին յաջորդած սթաթուս քուօ-ի թմբիրին մէջն էինք: Հողատարածութիւններու լայնածաւալ բնակեցումը, Արցախին անկախութեան ճանաչումը կամ Հայաստանի միացումը տեղի չունեցաւ, որովհետեւ ազատագրուած տարածքները մտածուած էին որպէս բանակցութեան առարկայ, իսկ տնտեսական համակարգը, որ ստեղծուեցաւ ազատականացման եւ սեփականաշնորհումներու ճամբով, յանգեցաւ միայն հարստութեան հատուածային եւ աշխարհագրական կեդրոնացման, որով եւ հեռաւոր շրջաններու բնակեցման թէ տնտեսական շահագործման լայնածաւալ ծրագիրներուն մէջ պետութեան դերը ինքնասահմանափակուեցաւ:

Մարտահրաւէրը մնաց հիմնականօրէն սփիւռքէն կազմակերպուած նախաձեռնութիւններու, որոնք անշահախնդիր նուիրուեցան այդ գործին` հաւանաբար երբեք իրենց մտքէն չանցնելով, որ պետութիւնը ատակ իսկ պիտի չկարենար ըլլալ իր միակ յանձնառութեան` ապահովել այդ նախաձեռնութիւններու անվտանգութիւնը…

Բացթողումի պատասխանատուութենէն զերծ չէ նաեւ պատերազմը կորսնցուցած այս իշխանութիւնը, որուն գլխաւոր պատասխանատուի հրապարակային զգայնացունց յայտարարութիւնները` արցախցիներուն ետ բանակցութեանց սեղանի շուրջ բերելու մասին, թէ` «Արցախը Հայաստան է, եւ վե՛րջ» անորոշութիւնը, հեռու էին աշխարհաքաղաքական յստակ տեսլականէ: «Իմքայլական» իշխանութիւններուն նոր ազատական ազատշուկայականութիւնը մեծ դրամագլուխի տնտեսակարգը օլիկարգականի անուանակոչումէն փոխեց մեծ գործատէրերու, փտածութեան մեղադրանքներու սպառնալիքով ստիպեցին, որ հարկերը քիչ մը աւելի լաւ վճարուին, բայց այդ հարկերը գացին պետական մեծ ու փոքր պաշտօնեաներու պարգեւավճարներուն, այլ ոչ թէ` ազատագրուած տարածքներու զարգացման ու վերաբնակեցման նոր մղում տալու: Ի դէպ, դժուար թէ թաւշեայ յեղափոխութեան տեսաբանները աշխարհաքաղաքական մտածողութեան մշակոյթ փնտռած ըլլային գունաւոր յեղափոխութիւններու դասագիրքերուն մէջ թէ դասընթացքներու ժամանակ, եւ նուազ` գտած ըլլային: Շատ շատ` հակառուսականութիւն մը, որուն ձախաւերութեան հետեւանքները աւելի քան յստակ են… Պիտի յստակացնել նաեւ` որ աշխարհաքաղաքական իրապաշտութիւնը ոչ «ոչ մէկ թիզ հող»-ականութիւն է, ոչ ալ` ռուսամէտութիւն, այլ` Հայաստանի տնտեսական թէ ընկերային զարգացումներու ճշդորոշման եւ քաղաքական որոշումներու կայացման ժամանակ արտաքին ազդակի պայմանաւորումներու կարեւորում:

Կարելի՞ էր իրարու համընկեցնել պետական մտածողութեան քաղաքական իրապաշտութիւնը եւ Արցախի ազատագրութեան աշխարհաքաղաքական հիմնաւորումներու իրապաշտութիւնը: Հարցումը տեղադրելով անցեալ անկատար ժամանակի մէջ` այնքան ալ իմաստ չունի մտաւորական թերեւս անհրաժեշտ ճիգէ մը անդին, որ այնպէս ալ տեղի չունեցաւ, կարելի չեղաւ նոյնիսկ քննարկել: Բայց ինքզինք կը պարտադրէ այսօր, եւ թերեւս աւելի քան երբեք` ծանր ու նուաստացուցիչ պարտութեան մը բանականացման ծիրին մէջ եւ ի մտի ունենալով Հայաստանի, Արցախի եւ սփիւռքի ապագան: Եթէ այդ ապագան պիտի մտածուի որպէս հայրենիքի եւ հայութեան լինելութիւն:

Այսպէս, պարտութեան պատասխանատու իշխանութիւնները, վարչապետ Փաշինեան անձնապէս, նոյեմբեր 10-ին իսկ գործի լծուեցան ոչ թէ պարտութեան, կամ «պատերազմներու մէջ անյաջողութիւններ»-ու, ինչպէս իրեն իւրայատուկ սոփեստութեամբ բառը վերասահմանեց Փաշինեանը, բանականացման աշխատանքին, այլ` «հնարաւոր»-ին չափ փրկուածի հետ հաշտութեան պատումին գրառման: Վեց ամիս ժամանակ է պէտք, ըստ վարչապետի հաշիւներուն, հանրութեան, իմա՛` «Հայաստանի հպարտ քաղաքացիին, Արցախի հպարտ քաղաքացիին եւ սփիւռքի հպարտ հայուն», հրամցնելու պատում մը PR-ի լայնածաւալ արշաւի ճամբով, ընդ որում` պատերազմի արդիւնքի պատասխանատուութիւնը պիտի բարդուի «հին»-երուն վրայ, իսկ ստեղծուած կացութիւնը պիտի հրամցուի որպէս հայութեան համար ընդունելի միակ «հնարաւոր» Հայաստանը եւ Արցախէն մնացած կտորը: Այդ պատումին նախադրեալները արդէն սկսած են շրջագայիլ որպէս հանրային (հայութեան) կարծիքը գալիքին կաթիլ առ կաթիլ պատրաստող թոյն: Եթէ Լեւոնի օրով Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու բնականոնացումին խոստումը դէպի Սեւ ծով ելքն էր, եթէ փրոթոգոլներուն քաշողականութիւնը թրքական շուկան էր, սակայն այսօր կացութեան բարելաւման ելքը Ազրպէյճանի հետ տնտեսական առեւտուրն է, կամ, ինչպէս հայ կեանքի իրադարձութիւններուն մօտէն հետեւող մը դիտել կու տար, Հիւսիսային պողոտայի վրայ ինքնաշարժներու վառելանիւթի սպասարկման «Սոքքար»-ի կայանի մը հաստատումը…

Պիտի ընդունիլ, որ հայութեան լինելութիւնը յստակօրէն, եւ դեռես բառացիօրէն, սահմանագծող ու ժամանակին մէջ «ֆիքսեցնող» մտածողութիւն մը գոյութիւն ունեցած է հարիւր տարի առաջ: Այն ժամանակ` պոլշեւիկ-քեմալական ժամանակաւոր դաշինքը վճռած էր Հայաստանի Հանրապետութեան ճակատագիրը, եւ թրքական յարձակողականը սկսած էր սեպտեմբեր 28-ին: Թուականը հազիւ թէ զուգադիպութիւն է, ինչպէս զուգադիպութիւն չէ Շուշիի շատ կասկածելի անկումին թուականն ու եռակողմանի յայտարարութեան ստորագրութիւնը նոյեմբերի 9-ին: Եւ մինչ ազրպէյճանաթրքական հաւաքական յիշողութեան մէջ անցեալը ներկայ է եւ ապագայ, պատերազմին պարտութիւնը լոկ «անյաջողութիւններ»-ով բացատրող «հնարաւոր» հայրենիք կերտելու («պէտք է փորձել երկխօութիւն սկսել յաղթող կողմի` Պաքուի հետ», Անդրանիկ Քոչարեան) «Իմքայլական»-ներու պատումը կը ձգտի լռեցնել յիշողութիւնը:

Պատերազմի պարտութեան պատասխանատու իշխանութիւններ իրենց հրամցուած բեմագրութիւններէն տարբեր մեկնակէտով բանակցելու այլընտրանք չունին, արհամարհուած են եւ ո՛չ ռազմավարականօրէն մտածելու կարող են, ո՛չ ալ օրակարգային հարցերու տարբեր առաջարկներ կրնան դնել սեղանին վրայ: Փաշինեանի հրաժարականի պահանջով ծնունդ առած Հայրենիքի փրկութեան շարժումը զգուշացում էր, գիտակցութեան հրաւէր` բանակցութիւններով նորանոր զիջումներու վտանգի առկայութեան: Թէկուզ եւ անմիջականօրէն իրապաշտ չէ եռակողմանի համաձայնութեան պայմանները շրջափոխել, այդուհանդերձ, ինչպէս հարիւր տարի առաջ, այսօր ալ Զանգեզուրը փրկելու անմիջական պայքար մը կայ: Անոր յաջողութեամբ պայմանաւորուած է հայրենիքի եւ հայութեան լինելութեան հեռանկարի վերակենդանացումը:

Նացիներու դէմ պայքարած ֆրանսացի ազատամարտիկներու յիշատակին նուիրուած Լուի Արակոնի քերթուածին մէջ «այս կեանքէն ձանձրացա՞ծ ես» հարց կու տան զինուորները բանտին մէջ իրենց գերեվարած դիմադրող մարտիկին, եւ կ՛առաջարկեն, որ ան մատնէ իր ընկերները, տեղի տայ (Capitule…), եւ ապա իր կեանքը շարունակէ «ծնկաց»: «Եթէ հարկ է վերսկսիլ, նոյն ճամբան» կ՛ընտրեմե, կ՛ըլլայ ազատամարտիկին պատասխանը: Կրնա՞նք, ինչպէս հարիւր տարի առաջ, վերսկսիլ մեր նոյն ճամբան` աւելի իրապաշտ, անցեալի դասերը քաղելով, պարտութեան պարտադրած «հնարաւոր»-է մը անդին` հայրենիքի ու հայութեան լինելութեան նոր պատումը գրելով:

(վերջ)