Արցախի Նախագահին Շնորհակալագիրը Արամ Ա. Կաթողիկոսին՝ 2021-ը «Արցախի Տարի» Հռչակելուն Առիթով

Հայաստան, Սփիւռք

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան հետեւեալ շնորհակալագիրը յղեց Արամ Ա. վեհափառին` 2021ը «Արցախի տարի» հռչակելուն առիթով.

«Վեհափա՛ռ տէր

«Արցախի մէջ մեծագոյն յուզմունքով ու երախտագիտութեան զգացումով ընդունեցինք այն լուրը, որ դուք 2021 թուականը հռչակած էք «Արցախի տարի»: Ատիկա մէկ անգամ եւս կը վկայէ, որ հայ ժողովուրդը միասնական է ու միակամ թէ՛ ցաւի ու վիշտի եւ թէ յաղթանակի պահուն` ըլլայ Արցախի, մայր Հայաստանի, թէ Սփիւռքի մէջ:

«Լիայոյս եմ, որ մենք պիտի կարենանք բոլորս միասին, ապաւինելով Աստուծոյ զօրութեան, համատեղելով համայն հայութեան ներուժն ու ջանքերը, յաղթահարել մեր հայրենիքին պատուհասած այս ահաւոր փորձութիւնը եւս, մէկընդմիշտ շրջել պատմութեան սեւ էջը եւ շարունակել ապրիլ ու արարել` յանուն մեր նահատակներու եւ ապագայ սերունդներու:

«Թոյլ տուէք Արցախի ժողովուրդին, իշխանութիւններուն եւ անձամբ իմ անունով շնորհակալութիւն յայտնելու ձեզի` մշտապէս Արցախի կողքին ըլլալու, ըստ ամենայնի աջակցելու ու սատարելու համար: Մենք բարձր կը գնահատենք ձեր աստուածահաճոյ ու հայրենանուէր առաքելութիւնը` ուղղուած համազգային խնդիրներու լուծման, հոգեւոր ու ազգային արժէքներու պահպանման ու ամրապնդման, աշխարհասփիւռ հայութեան համախմբման ու բարգաւաճման:

«Ընդունեցէք, խնդրեմ, խորին յարգանացս հաւաստիքն ու ջերմ բարեմաղթանքները: Խաղաղութիւն, արեւշատութիւն ու ամենայն բարիք ձեզ, մեր հայրենիքին ու ժողովուրդին»: