Կատակ Չէ.- Մոռցէ՜ք Ձեր Սխալ Սորվածները… Ս. Մահսէրէճեան

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Սրտագին կոչ՝ հայրենաբնակ եւ աշխարհատարած բոլոր հայերուն.

Մոռցէ՛ք փաշինեանական-հակափաշինեանական ու անկէ ծնած բոլոր հակադրութիւնները, բանավէճերը,

Մոռցէ՛ք Հայաստանի այժմու իշխանութեան դէմ բարձրացած բոլոր նշանախօսքերն ու քննադատութիւնները:

Մոռցէ՛ք, մոռցէ՛ք, մոռցէ՜ք… Ձեր աչքերը լայն բացէք նոր աշխարհի իրականութիւններուն, տոգորուեցէք ապագայատեսիլ պատմագիտութեամբ, նոր աշխարհագրագիտութեամբ, նոր ռազմավարութեամբ, քանզի հոն են Հայաստան-Արցախի փրկութիւնն ու հայուն յաւերժութեան երաշխիքները: Իբրեւ առաջին քայլ՝ առանց սակարկելու ընդունեցէք նոր իրականութիւնները, եւ առանց ետ նայելու՝ վարժուեցէք անոնց:

Մտային կուրութեան դարաշրջանը անցեալին կը պատկանի: Չէ՞ք տեսներ, որ 10 Նոյեմբերէն ասդին մեր պատմութիւնը մտած է նոր դարաշրջան, այնպէս՝ ինչպէս Քրիստոսի ծնունդէն ետք պատմութիւնը կը չափենք «Նախ քան Քրիստոս»-ով եւ «Քրիստոսէ Ետք»-ով: Չէ՞ք տեսներ, որ 2021 տարին բացուելէ առաջ, մենք արդէն թեւակոխած ենք նոր Հայաստանի, նոր Արցախի եւ նոր հայութեան կազմաւորման, վերաբանաձեւման, վերախմբագրումին դարաշրջանը…: Կրկնենք. բացէ՜ք ձեր աչքերն ու ականջները, անտարբեր մի՛ մնաք արդի աշխարհի բարիքներուն հանդէպ, քանզի «Աշխարհի լոյսն ի հայս»-ը ունի նոր մեկնաբանութիւն, սա է փրկութեան ուղին, կործանումէ եւ պատմութեան էջերէն դուրս չմնալու ձեւը: Մէկ խօսքով՝ «սա է կեանք, յոյս… քաւութիւն եւ թողութիւն մեղաց…»

***

Ամէնէն կարեւոր բանը, որ պիտի ընէք սկսելու համար՝ աղբանոց պիտի թափէք մեր պատմութեան ու աշխարհագրութեան մասին ձեզի տրուած բոլոր սխալ տեղեկութիւններն ու ծանօթութիւնները: Ձեր ուղեղները վերածեցէք «թապուլա ռազա»-ի եւ ամէն բան վերսկսէք «զրոյական կէտէ», ինչպէս որ վարչապետը ըրաւ Արցախի վերաբերող բանակցութիւններուն պարագային, եւ մեզ հասցուց նոր արշալոյսի սեմին:

Ուրեմն, մոռցէ՛ք, որ Արցախը՝ իր ամբողջական տարածքով, պատկանած է հայութեան, կամ՝ հայը հոն բնակած է դարերով, մշակոյթ ու պատմութիւն կերտած: Հայաստանի իշխանաւորներուն եւ անոնց կողքին գործող մասնագէտներուն պրիսնակէն անցած՝ նոր պատմութիւնը կ’ըսէ, թէ Արցախը ի սկզբանէ Ատրպէյճանին պատկանած է, սկսելով այն օրերէն՝ երբ… Ատրպէյճան գոյութիւն չունէր: Ղափանէն Գորիս, անկէ ալ մինչեւ Ջերմուկ, Վարդենիս, Իջեւան եւ աւելի հիւսիս երկարող գիծէն արեւելք տարածուող շրջանները երբեք Հայաստանի մաս չեն կազմած, Դադի վանքն իսկ հայկական չէ եղած, ալ ի՜նչ խօսք՝ «տժգոյն եւ դժբախտ Շուշի»-ին եւ անոր պատմական եկեղեցւոյ, կամ՝ աւելի հիւսիս-արեւելք գտնուող Գանձակի մասին: Հոն նստած կաթողիկոսները իբրեւ քրիստոնեայ ծպտուած ազերիներ եղած ըլլալու են: Քաղաքը ծնած օրէն Կեանճայ էր եւ՝ վերջ: Սորվեցէ՛ք, որ հայերը մե՜ծ անարդարութիւն մը ըրած են, ազերիներէն խլելով անոնց պատմական հայրենիքէն ընդարձակ հողեր, հարաւէն՝ մինչեւ Արաքս գետ հասնող դաշտամասները: Հիմա ժամանակն է որ այդ բոլորը սրբագրուին, արդարութիւնը իր… արդար տեղը նստի:

Մինչեւ իսկ սխալ է ձեր այն սորվածը, թէ Ստալին Արցախի լեռնային շրջանէն մաս մը իբրեւ ինքնավար մարզ կամայականօրէն դրած է Ատրպէյճանի տրամադրութեան տակ (պէտք ունի՞նք յիշեցնելու, որ Նախիջեւանն ալ մոռցուելիք ապրանքներուն շարքին է. ազերիները հոն արդէն աւելի քան 15 տարի առաջ պէտք եղած սրբագրութիւնները ըրին՝ խաչքարերը փճացնելով): 10 Նոյեմբերին ծնած յայտարարութիւնը, որ կը կրէ Հայաստանի պաշտօնական իշխանութեան պետին ստորագրութիւնը, ահա կու գայ պատմական սխալները սրբագրելու: Հիմա, Արցախ ըսելով՝ պէտք է ցնոր տնօրինութիւն հասկնաք Ստեփանակերտ-Մարտունի-Ասկերան-Մարտակերտ-Գանձասար տարածքը, որուն ապահովութեան երաշխաւոր կարգուած են ռուս խաղաղապահները, Հայաստան իրողապէս եւ պաշտօնապէս ձեռքերը լուացած է անոր հանդէպ ամէն տեսակի յանձնառութենէ, իսկ մարդասիրական երեսը… Ի վերջոյ մարդ ենք, պէտք ունին՝ օգնութեան կը հասնինք (եւ լաւ կ’ընենք):

Սուտ եւ սխալ էին ձեր այն սորվածները, թէ Իսրայէլ Օրիէն մինչեւ Դաւիթ Բէկ ու Մխիթար Սպարապետ՝ սկզբնաւորած են մեր նորագոյն պատմութեան ազատատենչ պայքարը, զայն ճամբայ հանելով Արցախէն ու անոր հինգ իշխանապետութիւններէն: Վաղը, նոր պատմագրութիւնը պիտի գայ հաստատելու, որ այդ իշխանները ազերի են եղեր, կամ, առնուազն հայու հետք պէտք չէ փնտռել անոնց մէջ:

***

Պատմութեան, եւ անկէ բխած՝ աշխարհագրութեան-քարտէզին սրբագրումը այդքան սահմանափակ բան չկարծէ՜ք: Մենք սխալ սորված են եղեր, որ Սիւնիքէն ընդարձակ շրջաններ ալ Ատրպէյճանին պատկանած են (չկրկնենք երբէն ի վեր…), եւ ահա, նոր քարտէսագրութիւն տեղի կ’ունենայ նա՛եւ Հայաստանի հարաւը, անոր համար ալ կ’օգտագործուի արդի արհեստագիտութիւնը, սարքեր՝ որոնք չունէին Զօրավար Անդրանիկն ու Գարեգին Նժդեհը, Հայաստանը ամրագրող Դրօն ու Ռուբէնը: Եւ զարմանալի՞ է որ Նժդեհները սխալներ գործած են. սխալ գործած են մինչեւ իսկ խորհրդային տարիներուն քարտէս պատրասողներ, եւ ահա, մեր իմաստուն իշխանութիւնը ազերի սահմանապահներուն վստահած է արդիական սարքերով սահմաններու ճշդումի հարցը: Չէ՞ որ հիմա բարի դրացնութիւն պիտի խաղանք անոնց հետ. երկու ամիս առաջ մեր բանակները ջարդողները եւ հողեր բռնագրաւողները հիմա, մոգական գաւազանի մը շարժումով, կը վայելեն մեր իշխանութիւններուն ամբողջական վստահութիւնը, որովհետեւ անոնց ըրածները սրբագրում եւ արդարութեան հաստատումն է եղեր: Մինչեւ իսկ Սիւնիքի կարգ մը ճամբաներու հսկողութիւնը ազերիներուն վստահուած է, եւ որպէսզի մարդիկ չմտահոգուին, անոնց կը տրամադրուին հեռաձայնի թիւեր՝ որոնք երբեք ալ պիտի չգործածուին…

Չըլլա՜յ որ մտահոգուիք, թէ Արցախի կամ Սիւնիքի մեր հողերը վտանգուած են: Մենք մեր իրաւունքէն մէկ սանթիմ հող իսկ պիտի չտանք ազերիներուն, կը վստահեցնէ վարչապետը (մի՜ կատակէք, ըսելով, որ «ոչ մէկ սանթիմեթր» չտուողը երաշխիք չի տար քիլիմեթրներ չտալու…): Փարատէցէք ամէն կասկած, որովհետեւ անոնք փաստացի ապացոյցներով կը ներկայանան Ղափանի, Գորիսի եւ շրջակայ գիւղերու բնակիչներուն եւ կը վերստանան արդարօրէն իրենց պատկանած տուները, գիւղերը եւ ճամբաները, որոնք մենք անիրաւ կերպով խլած էինք իրենցմէ: Երեւանի կառավարութիւնը միականի արդարութիւն չի կիրարկեր, այլ կը հատուցէ եւ պատրաստ է հատուցում կատարելու բոլոր անոնց, որոնց տուներն ու թաղերը կը յանձնենք արդարատենչ ազերիներուն: Չէ՞ որ հիմա կարելի է դրամով ամէն դատ լուծել… Հատրութցին ու շուշեցին ալ կրնայ բաւարարուիլ դրամական հատուցումով: Որո՞ւն է պէտք «տժգոյն ու դժբախտ Շուշին…»

***

Չսխալի՛ք, պատմական սխալը չկրկնէ՛ք եւ հարց չտաք, թէ ինչո՞ւ ամենայետին մանրամասնութեամբ կը գործադրուին 10 Նոյեմբերին ծնած համաձայնագիրին այն ծանօթ ու անորոշ կէտերը, որոնք կը վերաբերին ազերիներու «իրաւատիրութեան»: Մինչեւ իսկ այդ համաձայնագիրին կնքուած պահուն (չէ՞ որ մեր վարչապետին «երկու ոտքը մէկ փապուճ մտած էին» զայն ստորագրելու համար), բացթողումներ տեղի ունեցած են ի վնաս խեղճ ազերիներուն: Եւ ահա, 11 Նոյեմբերէն ի վեր, ազերիները տեղ-տեղ, եւ առանց աճապարելու կամ յետաձգումի, կը գրաւեն այնպիսի գիւղեր ու հողատարածքներ, մշակուած պարտէզներ, որոնք պէտք էր սկզբունքով մնային հայերուն, այսինքն՝ այն շնորհ-հողամասին, որ հիմա կը կոչուի… Արցախիկ (մի մոռնաք, որ Արցախի նախագահն ալ կը կոչուի… Արայիկ): Հայաստանի եւ Արցախի իշխանութիւնները ինչպէ՜ս կրնային չգնահատել ազերիներուն անցեալի ու խոստացեալ հոգածութիւնը, եւ առանց երկար-բարակ սակարկելու՝ անոնց չտային այնպիսի տարածքներ, որոնք պինդ կերպով պաշտպանուած էին հայկական ուժերուն կողմէ: Քարվաճարի, Բերձորի, եւ աւելի հարաւ տարածուող դաշտային շրջանները չէի՞ն արժեր, որ նուէր տրուէին ազերիներուն: Չէ՞ որ աւելի քան 25 տարի տգիտաբար իրաւազրկած ենք եղեր զանոնք: Աշխարհը իրաւունք չունէ՞ր կրկնելու եւ կրկնելու, որ կողմ է Ատրպէյճանի ամբողջականութեան պահպանումին…

Աւելի քան 11 հազար քառ. քլմ. Արցախը որո՞ւն էր պէտք. հոն ունէինք հազիւ 150 հազար բնակիչ: Տեսէ՞ք. Լիբանանն իսկ, անկէ նուազ տարածքով, ունի շուրջ 4 միլիոն բնակիչ: Մնացեալ տարածութիւնը շա՜տ է իսկ արցախցի հայերուն: Անոնք պէտք է սորվին, որ ազերիները բարի եւ խաղաղասէր ժողովուրդ են, վաղը Հայաստան դիւանագիտական յարաբերութիւն կը բանայ Ատրպէյճանի հետ, կը ստեղծէ առեւտրական գործակցութիւն (անցեալէն ձեր միակ ճիշդ սորվածը այն երգն էր, որուն բառերը կ’ըսէին՝ «Եղբայրացան Հայաստան, Ատրպէյճան…»), արդէն Ատրպէյճանի կառավարութիւնը աւելի քան մէկ միլիառ տոլար պիտի յատկացնէ Արցախէն արդարօրէ՜ն վերատիրացած գօտիին վերականգնումին համար, հոն պիտի բնակեցնէ նաեւ այն զինեալները, որոնք անարդարօրէն աշխարհին կը ներկայացուին իբրեւ «ծայրայեղական ահաբեկիչներ, Թուրքիոյ դրածոներ»: Մոռցէ՛ք, որ 20-ական տարիներէն մինչեւ Արցախեան Շարժում, անցնելով 60-ականներու «մանր փոթորիկներ»-էն, ազերիական իշխանութիւնները ինչպիսի՜ գուրգուրանք ցուցաբերած էին Արցախի հայերուն նկատմամբ, ինչպիսի՜ ծաղկում պարգեւած էին հայկական գիւղերուն, իսկ ապերախտ հայերն էին, որ խոյս տուած էին իրենց շէներէն, գացեր էին Պաքու, Հայաստան կամ խորհրդային այլ երկիրներ: Այդ բոլորին սրբագրումն է որ սկսած է հիմա, շնորհիւ Նիկոլ-Արայիկ արդարամտութեան:

***

Չկարծէ՜ք, որ այս բարիքները միայն արցախցիներուն պիտի տրամադրուին: Բարեսիրտ ազերիներն ու անոնց թուրք «ղարտաշները» նոյն հոգածութիւնը պատրաստ են ցուցաբերելու նաեւ Հայաստանի նկատմամբ, սկսելով… Սիւնիքէն: Ի՜նչ սխալ ըրած էին Հայաստանի իշխանութիւնները, որ հայկական պաշտպանական բարձունքներ իրենց վերապահած էին Ղափանի եւ Գորիսի դիմաց, ազերիներէն խլուած հողերու վրայ: Հիմա, սկսած ենք քաւել նաեւ ա՛յս մեղքը. ռազմագիտական կարեւորութեամբ դիրքերը արդէն յանձնած ենք ազերիներուն, որոնք հայկական հողեր եւ քաղաքներ պաշտպանելու համար, սկսած են զօրանոցներ եւ հսկայական զինուժ հաստատել սահմանին կից գօտիին մէջ (անկցի՛ն բոլոր սահմանները), հետեւողութեամբ Արցախի հողին վրայ ու անոր մօտակայքը հաստատուող յենակէտերուն, մասնակցութեամբ Թուրքիոյ: Անոնք պիտի երաշխաւորեն Մեղրիէն Ղափան, Գորիս եւ աւելի հիւսիս երկարող ճամբաները, եւ պիտի ստեղծուի վիճակ, որ ռուս խաղաղապահները պիտի կարենան տուն դառնալ հինգ տարուան պայմանաժամէն առաջ իսկ: Հաւատացէ՛ք, որ ազերիներն ու թուրքերը աչք չունին Ջերմուկին եւ անոր մօտակայ հանքավայրերուն (որոնց շուրջ մենք մեզի հետ ահագին կռիւ ըրինք վերջին տարիներուն…): Իբրեւ նախաճաշակ, անոնք իրողական նուէր ստացած են Սոթքը, իրենց հոգածութիւնը սկսած են տարածել դէպի Որոտանի մօտակայ գիւղեր, վաղը կրնան շուտով վերածաղկեցնել «սահմանին» իրենց կողմը գտնուող գիւղեր, նորեր կառուցել, իրենց բարեսրտութեան մէկ արտայայտութիւնն ալ պիտի ըլլայ հայկական գիւղերուն շուրջ ազերիկան «հէմշերիական» գիւղերու եւ գործատեղիներու հաստատումը: Եթէ անմիջական լուծումները «ցաւոտ» ըլլան, հոգ մի՜ ընէք: Վարչապետն ու ժրաջան գործակիցները շուտով անոնց ալ դարմանը կը գտնեն, այնպէս՝ ինչպէս ըրին եւ կ’ընեն Հատրութի, Շուշիի եւ ազերիներուն նուէր տրուած միւս հողամասերուն վրայ: Ամարասը մեզի մնալուն համար որքա՜ն ուրախացանք. վաղը Տաթեւն ալ մեզի կը մնայ եւ ա՛լ մտահոգուելու պատճառ չենք ունենար:

Մի՛ հաւատաք նաեւ այն զրոյցներուն, որոնք կը ծագին Պաքուէն ու Անգարայէն, մամլոյ այն տեղեկութեանց՝ որոնց կ’ընկերանան Հայաստանէն ընդարձակ տարածքներ Ատրպէյճանին կցող քարտէսներ: Հաւատացէ՛ք Թուրքիոյ այն վարիչներուն, որոնք կ’ըսեն, թէ իրենք Հայաստանի հետ հարց չունին, սակայն այնքան կը սիրեն Սեւանն ու Երեւանը, որ կ’ուզեն լիճին մօտ քէֆ ընել, սուրճ խմել եւ ներկիլէ ծխել Երեւանի մէջ: Իսկ եթէ հայերը հիւրասիրութիւն սորվին, կրնան այցելել նաեւ Գիւմրի, Վանաձոր, Վայոց Ձոր, բարձրանալ Արագածի գագաթը եւ… ո՛ւր որ հասնի հայկական ասպնջականութիւնը:

***

Անցեալէն եկող սխալները սրբագրելու դաշտերը շատ ընդարձակ են, կը կարօտին երկար ժամանակի եւ լիարժէք դաստիարակութեան, որուն պատրաստ են ոգի ի բռին լծուելու Երեւանի իշխանաւորները եւ իրենց արդի տեսութիւններուն դրօշակիր պատմագէտները, մտաւորականները: Աւելի քան տարի մը առաջ, բարձրագոյն ուսմանց հաստատութիւններուն մէջ հայագիտական նիւթեր պարտադիր չընելու որոշումը խորքին մէջ տրուած է, առ ի պատրաստութիւն՝ նոր պատմագիտութեան ենթահողի: Պէտք է սրբագրել մեր «հայ-դատական» ամբողջ պատմութիւնը, մոռնալ, որ անցեալին, Թուրքիա եւս Ցեղասպանութիւն գործած է եւ հողագողութիւն ըրած՝ հայերէս: Պէտք է սորվինք, որ խորքին մէջ, մենք՝ հայերս շատ անարդար վարուած ենք թուրքերուն հետ. անոնցմէ խլած ենք այն հողերը, որոնք թրքական եղած են… սելճիւք-թաթարներուն Հայաստան ու Միջին Արեւելք հասնելէն շա՜տ առաջ: Նոր դաստիարակութեամբ ամրագրուելու համար, պիտի մոռնանք Խաչատուր Աբովեանն ու Խրիմեան Հայրիկը, Փորթուգալեանը, Քրիստափոր-Ռոստոմ-Զաւարեանները, Մուրատները, Գէորգ Չաւուշը, Աղբիւր Սերոբը, Արամ Մանուկեանը, հայկական կուսակցութեանց տաք-գլուխ ֆետայիներն ու թուրքերուն արդար պատիժին արժանացած բոլոր-բոլորը: Պիտի մոռնանք նաեւ թուրք դիւանագէտներ ահաբեկողները, Արցախեան Պատերազներուն (անցեալի եւ վերջին) ինկած մեր երիտասարդներն ու ֆետայիները, որոնք չէին գիտեր, թէ ինչպիսի՜ ազնիւ ցեղերու դէմ կռուած են: Տեսէ՛ք, թէ «հիները» ինչպիսի՜ սխալներով առաջնորդուած ու առաջնորդած էին մեզ: Փա՜ռք «Թաւշեայ յեղափոխութեան» կերտիչներուն:

***

10 Նոյեմբերով, նոր եւ լուսաւոր դարաշրջան մը կը բացուի Հայաստանի, Արցախի եւ ողջ հայութեան համար, շատ աւելի փայլուն եւ լուսաւոր, քան այն արշալոյսը, որ դար մը առաջ ծագեցաւ Հայաստանի վերեւ, շնորհիւ Լենին-Ստալինի գործակից՝ Կասեաններու, Աթաբեկեաններու եւ Աւիսներու:

Հայաստանի մեր ժողովուրդը հիմա ահագին գործ ունի ընելիք: Սկսելու համար, պէտք է Երեւանի եւ այլ քաղաքներու հրապարակներէն եւ ճամբաներու կողքերէն վերցնել-քանդել այն յուշարձանները, որոնք մեզ կը կապեն նախա-10 նոյեմբերեան պատմութեան: Անոնց փոխարէն, ամէն տեղ պէտք է կանգնել մեր նոր պատմութիւնը կերտողներուն յուշարձանները, անդրիներն ու կիսանդրիները: Փողոցներու, քաղաքներու եւ մարզերու անուններն իսկ պէտք է համապատասխան ըլլան նոր դարաշրջանի ոգիին:

Այս ազգանուէր գործը գլուխ բերելու զուգահեռ, պէտք է հոգուով ու միտքով պատրաստուինք նաեւ նոր աշխարհի բարիքները վայելելու: Շուտով պիտի սորվինք, որ հայրենիք, ազգ եւ սեփական մշակոյթ կոչուած բաները «կեղծ քաթեկորիաներ» են եղեր եւ մենք դարեր շարունակ զոհ գացած ենք այդ կեղծիքին: Նոր դարը պիտի յատկանշուի զուտ-առեւտրական գաղափարաբանութեամբ, որ կը թելադրէ, թէ իրաւունք ունիս աշխարհի որեւէ մէկ հողամասը սեպելու սեփական հայրենիքդ (եթէ որոշ ատեն մը մարդիկ կառչին հայրենիք հասկացութեան), այնքան ատեն, որ հոն դրամ կը շահիս: Նման յառաջապահ մտածողութիւն պիտի վերցնէ թուրքին եւ ազերիին դէմ մեր բոլոր թշնամանքները, իրենց հողերը պիտի սեպենք մերը, ինչպէս որ անոնք իրենցը կը հռչակեն մերը: Մի՜ մտահոգուիք, եթէ այդ ալ գործադրուի միակողմանի կերպով: Երբ սահմանները վերնան-ջնջուին, այլ ի՞նչ հոգ կապուած կը մնայ սահմանին կամ անկէ բխող տրամաբանութեան:

Արդի աշխարհ մտնելով, մենք ձերբազատած պիտի ըլլանք մեզի մօտակայ կամ հեռակայ գօտիներու վտանգաւոր իրադարձութիւններէ բխող մտահոգութիւններէն: Մեր ուսերէն թօթափած պիտի ըլլանք նա՛եւ Արեւմտեան Հայաստանի հոգերը, ինչպէս որ ըրինք Արցախի մեծ մասին պարագային: Մեզի ի՛նչ, թէ Թուրքիան ի՞նչ հարցեր ունի Ռուսիոյ կամ Եւրոպայի ու Ամերիկաներուն հետ, մեզի ի՛նչ, որ Ուաշինկթըն-Մոսկուա յարաբերութիւնները ի՞նչ ընթացք կրնան առնել Թրամփի մեկնումէն եւ Պայտընի թագադրումէն ետք: Պէտք ունի՞նք մտահոգուելու Իրանի գլխուն կուտակուող ամպերով: Իսկ Չինաստանն ու արեւելքի այլ երկիրնե՞րը…: Անոնք ալ նետեցէք մոռացութեան այն տոպրակը, ուր սկսած ենք նետել մեր սորված սխալ պատմութինն ու աշխարհագրութիւնը:

Վերջին կէտ մըն ալ. չըլլա՛յ-չըլլայ մտածէք, որ հող տալու եւ սեփական կառոյցներու կազմաքանդումին մէջ դաւաճանութիւն կայ: Պէտք է պապանձին բոլոր այն բերանները, որոնք վարչապետը դաւաճան կը նկատեն՝ համաձայնագիրը գաղտնօրէն ստորագրած ըլլաուն համար: Իրաւունք ունին բոլոր անոնք, որոնք Արցախի մեծ մասին յանձնումէն եւ Սիւնիքի գլխուն կախուած վտանգները չեն տեսներ եւ կը հաւատան, որ այս կառավարութիւնը կրնայ շարունակել հայրենաշէն (չհաւատաք հայրենաքանդ ըսողներուն) առաքելութիւնը: Քանզի՝ պիտի վերասահմանենք նաեւ հայրենասիրութիւնն ու ժողովուրդին բարիք բերել հասկացութիւնները:

Փա՜ռք նոյեմբերեան համաձայնագիրը կերտողին եւ անոր գաղտնապահ գործակիցներուն: Հիմա, երբ վարագոյրը ծալք առ ծալք կը բացուի փայլուն հորիզոններուն դիմաց, կրնանք իրարու ըսել «շնորհաւոր նոր տարի» եւ սպասել, որ ծնի հայ Ալտըս Հոկզլի մը, որ գրէ «Brave new world»ի (*) հայկական տարբերակը:

—————

(*) Հոկզլիի գիտաերեւակայական վէպը, կարճ խօսքով, կը պատկերացնէ նոր աշխարհ մը, ուր մարդիկ ի ծնէ նախասահմանուած են որոշ ասպարէզներու, հետեւաբար՝ ի սկզբանէ «կը թրծուին» տարրալուծարաններու մէջ: