Սգակիր Ձմեռ Պապը. «Հայրենիք»

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Խմբագրական

«Ահա՛ ծառը, հին ծառացումներս մոռցնել տուող գեղածիծաղ ծառ. ահա՛ լոյսերը, որ վառած են ու ողողած ճամբադ` եկո՛ւր»:
Պoղոս Սնապեան  («Կորստական թոյներ» – 1970)

Այս տարի ծառը չկայ։
Այդ վիթխարի ծառը, որ Երեւանի եւ այլ քաղաքներու կեդրոնական հրապարակներուն վրայ, քանի մը շաբթուան համար «ծիլ կ՛առնէր»։

Ծառին փոխարէն, զայրացած եւ ընդվզած հայորդին ծառացած է հրապարակներուն վրայ, սգաւոր Կաղանդ, Արցախակորոյս Ամանոր մը տօնելու։
Սուգի մէջ է մինչեւ իսկ բնութիւնը, որուն դէմ այրող նիւթեր գործածեց թշնամին, դիրք եւ հող գրաւելու իր կանխամտածուած, դաւադիր ոճիրները իրագործելու զուգահեռ։ Աղաղակող էր տարանջատուող եւ ֆոսֆորային ռումբերու գործածութիւնը՝ Արցախի շէներուն եւ անտառային շրջաններուն դէմ:
Տժգոյն եւ այլանդակուած են անտառները, մոխրացած ու տերեւազուրկ են ճիւղերը։
Խոր սուգի մէջ է Ձմեռ Պապը, եւ անշուշտ՝ մոլորած։
Այո՛, մոլորած։ Թէեւ ան միշտ ալ ձիւնի տակ, իր եղջերուներով եւ սահնակով կ՛այցելէր մատղաշ մանուկներուն եւ պատանիներուն՝ բարիք բաշխելու համար, այս տարի «կորսուած» է շրջանէ շրջան փոխադրուելու պահուն։ Արբանեակներու միջոցաւ, արդիական միջոցներով կերտուած ճամբաներն ու արահետները զինք շուարումի մատնած են։ Իր այցելած գիւղերէն ու երդիքներէն շատեր հայուն ձեռքէն ելած եւ յանձնուած՝ թշնամիին, այդ ալ՝ արդիական… «Կուկըլ»-եան մտայնութեամբ։
Տարիք չեն ճանչնար տօնական օրերը։ «Սիրուն զանգակները․․․» նոյնքան քաղցր ու ախորժալուր կը հնչեն նորածինին, պատանիին եւ ալեհեր ծերունիին։ Հիմա, դարերու պատմութիւն ունեցող զանգակներ պիտի մնան… լռելի, սկսելով Դադի վանքի ամեհի զոյգ մը զանգերէն, որոնք քակուեցան, ծրարուեցան զիրենք լսող ժողովուրդին հետ բռնեցին բռնագաղթի ճամբան:
Բոլոր հայերուս նման, Ձմեռ Պապն ալ կը շարունակէ հեռուէն ըմբոշխնել Մասիսները, որոնք թէեւ սահմանէն անդին են, սակայն մեր սրտի սահմանէն ներս են առնուած, եւ՝ այնքա՜ն հարազատ։
Ճակատագի՞ր։ Քանի մը շաբթուան մէջ, Մասիսներու ճակատագրին ենթարկուեցան Արցախի բոլոր բարձր լեռները` Գոմշասարը (3724 մեթր), Ծռասարը (3616 մ․), Քէօռօղլուդաղը (3462 մ․), Օմարը (3395 մ․), Մեծ Հինալը (3367 մ․), Մռաւը (3343 մ․), Սպիտակասարը (3200 մ․), Քիրսը (2724 մ․) եւ նոյնիսկ վերջերս Դիզափայտը (2478 մ․), որուն լանջերուն կը գտնուին Հին Թաղերն ու Խծաբերդը։ Դեռ աւելին, Սիւնեաց աշխարհի Խուստուփն ալ սահմանամերձ դարձած է եւ թիրախ՝ արցախեան բարձունքներու ճակատագրին մատնուելու։
« ․․Նախ այցի գնա՛ մոռցուած խրճիթներուն, հիւղերուն, ճակատագրէն զարնուած մարդոց որդիներուն, զրկուած մանուկներուն, որոնց հայրերը լուռ կը տառապին, մայրերը կու լան նոյն կսկիծով. նախ չքաւորներուն դուռը զարկ, որբերուն ժպտէ՛, հանդիպէ ամէնուն, բաշխէ՛ բարիքներդ, քաղցրացուր անո՛նց կեանքը, լիացուր բոլորը ու յետո՛յ եկուր․․․», գրած է Պօղոս Սնապեան (1927 – 2014), որուն համար Նոր Տարուան շրջանը միշտ ալ իւրայատուկ էր:
Շշմած ու վհատած կը թուի ըլլալ Ձմեռ Պապը։
Որո՞ւն դուռը թակել, որո՞ւն երդիքին տակ տօնել Ամանոր։
Պահ մը մէկդի դնենք ցոյցերը, հազարաւոր զոհերը ողբացող հարազատները, տնտեսական դժուարութիւններն ու պսակաձեւ ժահրը. անդին, զարհուրելի են տեսարանները, հոն Եռաբլուր կոչուող բարձունքին վրայ։ Քաղաք մըն է անիկա, գեր-բնակուած եւ աշխարհի ամենէն աւելի երիտասարդը, սակայն դժբախտաբար անշունչ քաղաք մը։

Ձմեռ Պապը պիտի չուզէ՞ր առանց հրմշտուքի, արգելքի եւ ընդդիմութեան այցելել Եռաբլուր եւ խոնարհիլ հոն հանգչած հազարաւոր մատղաշներու շիրիմին։  Անշո՛ւշտ որ պիտի ուզէր եւ խրատական ձայնով մը պիտի արձագանգէր, թէ Եռաբլուրը վախճան չէ. Եռաբլուրը ուխտավայր է, ուրկէ ճամբայ պիտի ելլէ մօտիկ եւ աւելի հեռու անցեալներուն գործուած սխալներուն դարմանումի, կորուստներու վերականգնումի եւ իրաւունքներու տիրացման Հայուն նոր քայլարշաւը՝ որքան ալ որ թշնամիին ստեղծած արհաւիրքները մթագնած ըլլան այսօրուան երկինքը:

Իւրաքանչիւր հայ ձեռքերու միացումով պիտի վերակերտէ հայրենիքն ու ապագան, եւ Ձմեռ Պապը մեր կողքին պիտի ըլլայ նոր տօնածառերը զարդարելու պահուն։