205 Յօդուածին Հակասող Քայլեր. «Ազդակ»

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Խմբագրական

Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանամերձ շրջաններուն մէջ իրականացուող սահմանազատման-սահմանագծման աշխատանքները ըստ էութեան երկկողմ յատուկ համաձայնութիւն կ՛ենթադրեն: Եռակողմ յայտարարութիւնը նման բաժին չունէր. հետեւաբար աւելի արդիական կը հնչէ Հայաստանի մէջ բարձրացուած հարցը, թէ արդեօ՞ք յայտարարութիւնը ունի տակաւին չհրապարակուած բաժին: Յստակ չէ, եթէ ե՛րբ եւ ո՛ւր կայացած է սահմանազատման գործողութիւններ իրականացնելու որոշում Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ազրպէյճանի միջեւ: Պարզ է նաեւ քաղաքական այն տրամաբանութիւնը, որ երկու երկիրները չունին դիւանագիտական յարաբերութիւններ եւ այս պարագային միջնորդի գործօնը հիմնովին դերակատար է, մանաւանդ երբ Հայաստանի վերահսկողութենէն դուրս եկած ճանապարհային որոշ հատուածներու վրայ կը տեղակայուին ռուսական զօրքեր:

Նման գործողութիւններ կը միտին երկկողմանիօրէն տարածքային ամբողջականութեան կամ սահմաններու ճանաչման իրաւաքաղաքական աքթերու: Եւ ահա կանխատեսումը` երկու երկիրները կը նախապատրաստուին նման միջպետական պայմանագիրի:

Խնդիրը կրնայ ունենալ նաեւ աշխարհաքաղաքական տարողութիւն: Պատահական չէ, որ պատերազմի դադրեցումէն եւ եռակողմ յայտարարութենէն ետք Անգարայի նախաձեռնութեամբ կը բարձրաձայնուի վեցեակի անվտանգութեան հարթակի մասին` Հայաստանին ձգելով միանալու որոշումը: Նման յայտարարութիւն համազօր է միանալու դիմումի, եւ հաշուի առնելով տարածաշրջանին մէջ Մոսկուա-Անգարա մերձեցման ու գործողութիւններու համակարգման փաստը` Երեւանի ինքնուրոյն որոշում չկայացնելու իրականութեան:

Այս կը նշանակէ,  որ նման վերպետական կամ միջպետական  կազմակերպութիւններու անդամակցութեամբ` յատուկ ներքին կարգերով անդամ պետութիւններու սահմաններու եւ տարածքային ամբողջականութեան փոխճանաչում: Ահա խնդիրը: Հայկական կողմը կրնայ դէմ յանդիման գտնուիլ արձանագրութիւններու նոր տարբերակի մը:

Տեսնենք սակայն, թէ իրաւական առումով ի՛նչ պայմաններ պէտք է ամբողջանան նման քայլերու դիմելու համար:

Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանադրութեան յօդուած 205-ի  առաջին  կէտը կ՛ըսէ. «Վերպետական միջազգային կազմակերպութիւններուն Հայաստանի Հանրապետութեան անդամակցութեան եւ տարածքի փոփոխութեան հարցերը կը լուծուին հանրաքուէներով»:

Իսկ 205-ի երկրորդ կէտը կ՛ըսէ, որ սոյն յօդուածի առաջին մասով սահմանուած պարագային հանրաքուէ կայացնելու վերաբերեալ որոշումը կառավարութեան առաջարկով կ՛ընդունի Ազգային ժողովը` պատգամաւորներու ընդհանուր թիւի ձայներու մեծամասնութեամբ:

Սահմանամերձ դիրքերու եւ գիւղերու յանձնումը կամ ճանապարհային որոշ հատուածներ այլ երկրի զօրքերուն տրամադրելը 205 յօդուածի նկատմամբ յստակ հակասութեան մէջ է:

Նոյնը նաեւ վեցեակի հարթակի մասնակցութեան պարագային. անհրաժեշտ է հանրաքուէ, որոշուած` Ազգային ժողովին կողմէ:

Գործող Սահմանադրութիւնը նման ճակատագրական խնդիրներու համար նախատեսած է հանրաքուէ եւ այդ առումով արագ, յանկարծակի, պարտուողական որոշումներու գործընթացը կանխարգիլելու համար սահմանադրական դրոյթներ ճշդած: Այդ դրոյթներու շրջանցումը, խախտումը որեւէ պաշտօնատարի իրաւասութեան սահմաններէն դուրս է: Իսկ Սահմանադրութիւնը հակասահմանադրական ընթացքի մէջ գտնուող պաշտօնատարներուն համար պաշտօնազրկման ընթացակարգեր ճշդած է: