Արցախի Պատերազմին Իրանը Պէտք է Մէկ Կողմ Դներ Դիւանագիտական Պատշաճութիւնը եւ Աջակցէր Հայաստանին. Իրանի Պատգամաւոր

Աշխարհ, Հայաստան

Իրանի խորհրդարանի ազգային անվտանգութեան եւ արտաքին քաղաքականութեան յանձնաժողովի անդամ, պատգամաւոր Մահմուտ Ահմատի Պիղաշի կարծիքով՝ Հայաստանին աջակցիլը
պէտք է ըլլայ իր երկրի արտաքին քաղաքականութեան սկզբունքներէն մէկը: Այս մասին կը հաղորդէ Ermenihaber.am-ը՝ վկայակոչելով beyazgazete.com-ը։

«Արցախեան պատերազմին Իրանը պէտք է մէկ կողմ դներ դիւանագիտական պատշաճութիւնը եւ աջակցեր Հայաստանին: Այսօրուան Ազրպէյճանի Հանրապետութեան եւ Հարաւային Կովկասի որոշ մասեր պատմական փաստաթուղթերով մայր հայրենիք Իրանին մէկ մասն են։ Ապագային, եթէ բան մը ըլլայ, անոնք պէտք է յանձնուին Իրանին: Իրանը առանց նախապայմաններու պէտք է աջակցի Եւրոպայի եւ ԱՄՆ-ի կողմէ Թուրքիոյ դէմ պատժամիջոցներու սահմանման»,- մասնաւորապէս ըսած է պատգամաւորը։

Իրանցի այլ պատգամաւոր մը Ալի Ասքեր Հանին եւս՝ անդրադառնալով Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Էրտողանի՝ Ազրպէյճան այցին ժամանակ արտասանած ոտանաւորին, հասարակական ցանցի մէջ կիսուած է Իրաքի նախկին նախագահ Սատամ Հուսէյնի կախաղան բարձրացուելու պահին եղած լուսանկարով ու կցած հետեւեալ գրառումը. «Պարո՛ն Էրտողան, Իրանի հողերուն վրայ աչք դրած անձին վերջը այսպէս կ՝ըլլայ»: