Փրկութեան Օպերատիւ Խորհուրդ. Բաց Նամակ Հայոց Մտաւորականութեան

Այլեւայլ, Հայաստան, Սփիւռք

Մեր կազմակերպութիւնը, ի թիւս միւս բոլոր մտածող կազմակերպութիւններու եւ մարդոց, արդէն յայտնած է իր յստակ դիրքորոշումը տեղի ունեցած դաւաճանութեան վերաբերեալ: Ցաւօք, ճիշդ գնահատականը չի փոխեր իրականութիւնը: Ժամանակն է, որ Մտաւորականութիւնը վերջապէս ստանձնէ ողջ պատասխանատւութիւնը՝ մեր ազգը համախմբելու, ազգի առջեւ ծառացած բարդ խնդիրները լուծելու եւ կրկին ողջ ազգով վերելք ապրելու՝  նոյնիսկ այս փլատակներէն, որոնց մէջ յայտնուած ենք:

Խոր ցաւով պէտք է փաստենք, որ Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ յարձակման պարտուելու պատճառով մենք ոչ միայն մեծ թիւով (որ դեռ յստակ չէ) զաւակներ կորսնցուցած ենք, ոչ միայն ալ աւելի մեծ թիւով վիրաւորներ կը խնամենք, ոչ միայն տնակորոյս հազարաւոր փախստականներ ունինք, ոչ միայն յանձնեցինք մեր Սուրբ հողերը՝ լքելով մեր գանձ-Սրբավայրերը… այլ նաեւ յայտնուած ենք անիշխանութեան, անօրինութեան եւ անկառավարելիութեան մէջ, որ մեր Հայրենիքին համար այս ծանր պահուն կրնայ կործանարար ըլլալ, քանի որ, բացի տնտեսական ու հասարակական դժուարութիւններէն, լրջագոյն օրհասական խնդիրները կարիք ունին հրատապ լուծման, եւ ՈՉ ՈՔ կը զբաղի այդ հարցերով: Մեր խորին համոզումով՝ այս սարսափելի իրողութեան մեղաւորները պէտք է ամբողջ խստութեամբ պատասխան տան Աստուծոյ, Օրէնքի եւ ժողովուրդի առջեւ, ուստի պէտք է քննութիւն սկսի՝ վերհանելու բոլոր միտումնաւոր եւ անմիտ սխալները. սակայն այս պահը կը պահանջէ նախ եւ առաջ խնդիրներու լուծումներ:

Մենք կ՝առաջարկենք ստեղծել Փրկութեան Օպերաթիւ (ներգործող, խմբ.) Խորհուրդ, ուր պիտի ընդգրկուին ոչ թէ իրենց սպառած զանազան քաղաքական ուժերը, այլ մտաւորականութիւնը՝ բոլոր անոնք, որոնք ողջ սրտով կը ցաւին Հայրենիքի ու ազգի համար եւ պատրաստ են անշահախնդիր աշխատելու՝ գտնելով այս ծանրագոյն ճգնաժամէն ազգն ու Հայրենիքը փրկելու ուղիները: Խորհուրդը պէտք է կարճ ժամկէտի մէջ համատեղ ուժերով մշակէ իւրաքանչիւր խնդրի հնարաւոր լուծումը եւ ընթացք տայ անոր՝ դիմելով թէ՛ Հայրենիքի ներուժի, թէ՛ արտաքին աշխարհի օգնութեան: Այդ խնդիրներու կարգաւորումէն ետք՝ մենք բոլորս հետամուտ պիտի ըլլանք մեր Հայրենիքի համակարգային լուրջ փոփոխութիւններուն…

Կը խնդրենք շտապ արձագանգել՝ հաւաքագրելով ներքօշարադրեալ խնդիրներու լուծումներու յստակ առաջարկներ: Կը խնդրենք նաեւ հնարաւորինս տարածել այս կոչը:

1. Հայաստանի ու Արցախի նոր սահմաններու որոշում (դէմարկացիայ), որ այժմ կ՝անցնի գրեթէ առանց Հայկական կողմի մասնակցութեան եւ Հայկական կողմի շահերուն հակառակ

2. Հայ գերիներու եւ դիերու անյապաղ վերադարձ

3. Հայկական տարածքներու զօրացած պահպանութիւն

4. Հայկական տարածքներու եւ յանձնուած տարածքներու մէջ հայ բնակչութեան անվտանգութեան ապահովում

 5. Տխրահռչակ Համաձայնագրի 9-րդ կէտին իբրեւ Հայաստանի սոււերենութեան եւ անվտանգութեան նկատմամբ ոտնձգութիւն որակում եւ ըստ այդմ անոր չեղարկում

6. Յանձնուած տարածքներու մէջ հայկական Սրբավայրերու եւ պատմական ու մշակութային յուշարձաններու պահպանման ապահովում

7. ՀՀ եւ Արցախի զինուած ուժերու վերակազմաւորում եւ զօրացում

8. Արցախի կարգավիճակի յստակեցում

9. Միջազգային բարձր բեմահարթակի վրայ Ազրպէյճանի դէմ Միջազգային շարք մը համաձայնագրերու եւ յայտարարութիւններու կոպիտ ոտնահարման մեղադրանքի եւ համապատասխան պահանջներու ներկայացում

10. Փախստականներու հարցի կարգաւորում

11. Արտաքին քաղաքականութեան վերադասաւորում եւ վերոյիշեալ հարցերու հնչեցում

12. Ներքին քաղաքականութեան եւ տնտեսութեան փլուզման յաղթահարման ուղիներու մշակում 13. Բարոյահոգեբանական մթնոլորտի մաքրում եւ բարելաւում

14. Սփիւռքի հետ համագործակցութեան վերաձեւակերպում

15. Պարտութեան պատճառներու եւ մեղաւորներու քննութիւն:

Յարգանքներով՝ “Նոր Հայաստան” հ/կ նախագահ Էլէոնորա Մանանդեան