Անդուլ Թափով Կը Շարունակուի Արցախի եւ Հայաստանի Համար Մարդասիրական Օգնութիւնը

Հայաստան, Սփիւռք

Յու­նաս­տա­նի ­Հայ ­Կա­պոյտ ­Խա­չի ու ­Մա­կե­դո­նիոյ եւ Թ­րա­կիոյ ­Հայ Գ­թու­թեան ­Խա­չի միա­ցեալ յայ­տա­տա­րու­թեան ըն­դա­ռա­ջե­լով, հե­տե­ւո­ղա­կան եւ անդուլ թա­փով կը շա­րու­նա­կո­ւի Ար­ցա­խի եւ ­Հա­յաս­տա­նի հա­մար մար­դա­սի­րա­կան օգ­նու­թեան հա­ւա­քու­մը։ Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ «ԱԶԱՏ ՕՐ»-էն։

Հ­րա­պա­րա­կո­ւած ցան­կին հա­մա­ձայն, շա­բա­թա­վեր­ջին մեկ­նար­կեց յու­նա­հայ մեր հայ­րե­նա­կից­նե­րուն կող­մէ տրա­մադ­րո­ւե­լիք ապ­րանք­նե­րու ամ­փո­փու­մը։ Ըն­դա­ռա­ջե­լով մեր խա­չու­հի­նե­րու կո­չին, յայ­տա­րա­րո­ւած ի­րե­րու զգա­լի բա­ժին մը մեր հայ­րե­նա­կից­նե­րուն կող­մէ փո­խան­ցո­ւե­ցաւ Ա­թէն­քի, ­Թե­սա­ղո­նի­կէի եւ Թ­րա­կիոյ հայ­կա­կան ա­կումբ­նե­րը գտնո­ւող եւ աշ­խա­տան­քը հա­մադ­րող խա­չու­հի­նե­րուն եւ պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րուն։

­Յու­նա­կան հա­սա­րա­կա­կան ու ըն­կե­րա­յին կազ­մա­կեր­պու­թիւն­ներ եւ կա­ռոյց­ներ եւս ըն­դա­ռա­ջած են մեր կա­նա­ցի միու­թեան կո­չին, մե­ծա­քա­նակ ծրար­ներ տրա­մադ­րե­լով։ Ա­նոնց կար­գին են «World Pharmacists/Φαρμακοποιοί του Κόσμου» կազ­մա­կեր­պու­թիւ­նը եւ հան­րա­ծա­նօթ «­Խա­ծի­քի­րիա­քիօ» որ­բա­նո­ցը, ո­րոնց մար­դա­սի­րա­կան օգ­նու­թեան ծրար­նե­րը ար­դէն հա­սան Հ.Կ.­Խա­չի մօտ։ Ա­ռա­ւել, ­Տո­տե­քա­նի­սա­յի (Եր­կո­տա­սան կղզի­ներ) ­Դե­ղա­հատ­նե­րու միու­թիւ­նը իր կա­րե­ւոր մաս­նակ­ցու­թիւ­նը ու­նե­ցաւ դե­ղե­րու եւ ա­ռող­ջա­պա­հա­կան ի­րե­րու ա­ռաք­ման աշ­խա­տան­քին։ «­Կը յայտ­նենք մեր ան­վե­րա­պահ ա­ջակ­ցու­թիւ­նը Ար­ցա­խի ժո­ղո­վուր­դին եւ կը մաղ­թենք՝ ա­նոնց ու­նե­ցած դժո­ւա­րու­թիւն­նե­րու շու­տա­փոյթ վե­րա­ցում», ը­սո­ւած է միու­թեան մամ­լոյ յայ­տա­րա­րու­թեան մէջ։

Ն­շենք, որ ըստ հրա­պա­րա­կո­ւած յայ­տա­րա­րու­թեան, ըն­թա­ցող շաբ­թո­ւան ամ­բողջ տե­ւո­ղու­թեան, մին­չեւ ­Կի­րա­կի՝ 6 ­Դեկ­տեմ­բեր, պի­տի շա­րու­նա­կո­ւի օգ­նու­թեան հա­ւա­քու­մը, որ­պէս­զի ­Դեկ­տեմ­բե­րի ա­ռա­ջին տաս­նօ­րեա­կի ա­ւար­տին, կա­րե­լի ըլ­լայ զայն ամ­բող­ջու­թեամբ ու­ղար­կել ­Հա­յաս­տան։