Ո՞վ Պիտի Սանձէ Սուլթանի Ձին. Գէորգ Պետիկեան

Յօդուածներ – Զրոյցներ

bedig43@aol.com

Էական եւ այժմէական հարցում մը: Բայց պատասխանէն առաջ ըսեմ , որ դիւանագէտ կամ քաղաքական հարցերու վերլուծող կամ գործիչ մը չեմ, ոչ ալ եղած եմ կամ ուզած եմ ըլլալ: «Այդ էր պակասնիս, ըսած էր ողորմած հայրս եւ աւելցուցած, «դուն ո՜ւր, քաղաքականութիւն ըսուածը ուր»: Ճիշդ էր: Բայց փառք Աստուծոյ, գոհ եմ, այն ինչ որ եմ: Նաեւ համեստօրէն ըսեմ, որ իմ «գիտցածս» եւ ազատ ժամերուս «փնտռածս», պարզապէս պատմութեան քայլերուն հետեւիլս է, պատմական յիշողութեանս կողքին: Այսչափ:
Ու նախաբանս աւելի կարճ կապելու համար ըսեմ, որ իբրեւ մտքի հոսքի տեւական ճամբորդ,
առ ի հետաքրքրութիւն, շատերու նման ես ալ երբեմն կը փորձեմ աչք մը «նետել» աշխարհի մեծ
ու փոքր պետութիւններու չոր ու ցամաք եւ կամ արիւնոտ քարտէզներուն վրայ: Իսկ գալով այս օրերուն, երբ մեր պապենական հողերուն վրայ պարտադրուած պատերազմ մը կար, գրեթէ այդ լուրերէն «կախուած» կ՚ապրէի: Ու բոլորդ ալ տեղեակ էք, թէ այս օրերուն ինչե~ր կատարուեցան եւ տակաւին կը կատարուին մեր երկրէն ներս եւ շուրջը: Նորութիւններ չեն այլեւս, այլ՝ ուղղակի ապշեցուցիչ: Յստակ է, թէ այս պատերազմին պատճառով մեր երկրի կեանքի թելն ալ կորսուեցաւ, որովհետեւ թրքական մահիկը կլանեց գրեթէ մեր բոլոր դէպքերու թափը: Ու անէծք սատանային, աշխարհին ու յատկապէս մեզի ծանօթ կարմիր սուլթանը, իր ձիով հասած էր մեր դռներուն, եւ նոյնիսկ հիմա լսելի էր նոյն այդ իր անօրինակ ձիուն խրխինջն ու անոր անհանդարտ սմբակնե-րուն արձագանգը:
Իսկ հիմա.- յետոյ ի՞նչ: Մինչեւ ե՞րբ մարդկային եւ ընկերային այս հոգեկան քանդում-կոտորածը: Մինչեւ ե՞րբ քաղաքականութեան աղտոտ այս խաղերը, որոնք կու գան խառնել մեզ բոլորս եւ ստեղծել շփոթ կացութիւն: Վախազդու, ամօթալի եւ սարսափելի, բայց իրական:
Պատասխանը, հաստատապէս եւ սակայն դժբախտաբար՝ մօտս չէ:
Ու եթէ փորձենք նշեալ սուլթանին եւ անոր ձիուն ահարկու եւ մահացու «արշաւանքներուն» աւելի մօտէն հետեւիլ, Փոքր Ասիայէն մինչեւ Իրաք եւ Սուրիա, հասնելու համար Լիպիա եւ ապա մեր հողերուն, արդէն հաստատած կ՚ըլլանք ամէն «բան»: Ու ի սէր Աստուծոյ, գէթ անգամի մը համար փորձենք կարդալ պատմութիւնը եւ հասկնալ թէ ան մեզի այս առթիւ ինչե~ր պիտի յուշէ: Այսպէս.-
«Քսաներորդ դարու սկիզբին եւ մանաւանդ Սեւրի դաշնագիր-պայմանագրի «անկումով», ոչ միայն Թուրքիոյ վերադարձուեցաւ կայսերական իր նախկին իրավիճակը, այլ նաեւ Խորհրդային իշխա-նութիւններուն ալ տրուեցաւ առաւել ամրանալու առիթը, Կովկասի եւ յատկապէս Ազրպէյճանի մէջ: Ու դժուար է պատկերացնել Խորհրդային տնտեսութեան զարգացումը առանց Պաքուի նաւ-թահորերու շահագործման: Աւելին՝ դար մը առաջ, Ռուսիա ոչինչէն ստեղծած էր կործանուող Թուրքիան, որուն դիմաց Քեմալը օգնած՝Ազրպէյճանի եւ Աբխազիոյ խորհրդայնացման հարցին եւ միւս կողմէ նպաստած Կարմիր բանակին, որ գրաւէ Վրաստանն ու Հայաստանը: Եւ ահա ճիշդ այդ օրերուն էր, երբ Թուրքիոյ առաջնորդ Քեմալ Աթաթուրք՝ Մեծ Եղեռնի իբրեւ հետեւանք, Արեւմտեան Հայաստանի հայութենէ դատարկուած տարածութիւններու հարցը յարուցած էր: Ան Վան, Կարս եւ Արարատ լեռ «կլլելէ» ետք, նաեւ պահանջած էր, որ սովետական Ազրպէյճանին յանձնուէին Նախիջեւանն ու Արցախը: Ու այսպէս, Աթաթուրք-Լենին դաշինքի համաձայն, հայերուս հաշւոյն, մեր պապենական հողերը իրարու մէջ «եղբայրօրէն» բաժնուած էին»:
Ահա պատմութեան էջերէն քաղուած տխուր, բայց նաեւ ճշգրիտ իրականութիւնը:
Հաւանաբար շատերդ ինծի հետ միասին պիտի յիշէք, թէ դար մը առաջ ինչպէ՞ս Եւրոպան իր մէջ բաժնած էր Օսմանեան ժառանգը: Ու համաձայն կարգ մը աղբիւրներուն, նոյն այդ Եւրոպան, թէեւ այս օրերուն ալ, իբրեւ թէ «մօտէն» կը հետեւէր Թուրքիոյ ամէն տեսակի շարժումներուն, կարծես միւս կողմէն ալ կը սպասէր, որ թուրքը իր սահմանային կարկինը աւելի լայն բանար, որպէսզի ապագային այդ աւարը, նախկինին նման՝ «յօշոտէր»:
Իսկ հիմա, մեզի համար ամէնէն էականն է, թէ ո՞վ պիտի սանձէ այս սուլթանն ու անոր ձիուն «ախորժակները»: Ըսէ՛ք: Ամերիկա՞ն, որ ՆԱԹՕ-ի արդիական զէնքերով օժտած էր ներկայ Թուրքիան: Հաւատալի չէ: Հապա ո՞վ.- Եւրոպա՞ն, Անգլիա՞ն, Ռուսիա՞ն: Չեմ գիտեր: Ըսէ՛ք, ո՞վ: Ամէն մէկը կ՚ուզէ առիւծի իր բաժինը ստանալ, որովհետեւ մէջտեղը կայ ազէրի սեւ ոսկին՝ նաւթը, որուն դիմաց նոյն այս Եւրոպան կը խոնարհի՝ կամովին:
Հապա մե՛նք: Մե՛նք այս բոլորին մէջ ո՞ւր ենք: Արդեօ՞ք չենք տեսներ մեր հայրենիքի ներկայ սահմաններու իրավիճակը: Անշուշտ կը տեսնենք: Նաեւ անշուշտ ազգովին կը մտահոգուինք: Անկասկած: Պաշարուած երկիր մը դարձած ենք: Աւելի ճիշդ, մենք զմեզ ալ պաշարած ենք: Որովհետեւ կարծես թէ մեզի համար, հիմա ուրիշ «բաներ» ա՛լ աւելի կարեւոր են: Մենք թէեւ սգաւոր ենք, բայց ասոր կողքին չենք մոռցած եւ առաջնահերթ նկատած ենք մեր հին ու նոր ե՛ւ սուր ե՛ւ անհատնում վէճերը: Մեր նախանձն ու անձնասիրութիւնը: Աթոռի սիրոյն, մեր լայն «ախորժակները»: Արդեօ՞ք չենք տեսներ, որ թշնամին իր ծանր ոտքը դրած է հայ կուրծքին վրայ:
Կո՞յր ենք: Այո՛: Կոյր դարձած ենք: Ահա՝ ազգային եւ ներքին մեր տագնապը: Եւ յանկարծ դարձեալ վրէժխնդիր հաշիւներ: Անկայուն հոգեկան վիճակ: Մարդիկ, հայ մարդիկ, սկսած են այլեւս զիրար չլսել եւ քալել ուրիշ երազներով: Ահա մեր հայրենիքէն ներս, յետ պատերազմեան մեր ապրած կեանքը: Մարդոց աչքերէն թէեւ սուգը «կը վազէ», սակայն կարծես հոնկէ հեռացած է գերագոյն նպատակի հորիզոնը: Որովհետեւ մեր պատմութեան անիւը ծռած է: Որովհետեւ մեր երկրին վրայէն դարձեալ ողբերգութիւնը իր երկաթէ ոտքերով անցած է եւ մեզ շուարումի մատնած: Ու տակաւին չեմ գիտեր, թէ ե՞րբ պիտի գիտակցինք եւ քաջութիւնը պիտի ունենանք զգաստանալու:
Ու թէեւ այս անբնական կացութեան իբրեւ հետեւանք, թէեւ ազգովին մեր աչքերը ինչպէս միշտ դարձեալ դէպի վեր բարձրացուցած՝ երկնքին հետ սկսած ենք խունկով եւ աղօթքով խօսիլ բայց, միւս կողմէ ալ կորսնցուցած ենք մեր կապը աշխարհի իրականութեան հետ: Կարծես «անգլուխ» եւ սակայն անձնական նպատակներու տէրեր դարձած ենք: Կեանքի հեգնա՞նք, թէ ո՛չ անձնասիրու-թիւն եւ փառք: Աթոռամոլութեան մոլո՞ւցք: Չեմ գիտեր: Բայց մէկ բան յստակ գիտեմ, որ այլեւս մենք չենք այն, ինչ, որ էինք: Վկայ՝ մեր ներքին իրավիճակը: Գերաններու նման, ինկած ենք դէպքերու ալիքներու վրայ: Կեանքը մեր քովէն փախած է եւ մենք, մեր ազգային գրեթէ բոլոր յատկանիշներէն մերկացած ենք ու չենք անդրադառնար, որ աշխարհը իր աչքերը լայն բացած, մեզ կը դիտէ ու կը ծիծաղի մեր «մերկութեան» վրայ:
Այս բոլոր ծանր ու դառն ցնցումներէն ետք, տակաւին մեր բոլորին մօտ վարանում ալ կայ: Զարմանալի է, չէ՞: Ուստի սթափումի ճիգ է պէտք: Բայց ո՞ւր է եւ կամ ո՞վ պիտի ըլլայ այդ բարի եւ պատմական նախաձեռնողը, մեզ ազգովին զգաստացնողը: Մինչեւ ե՞րբ, իբրեւ մեր «նոր փրկիչ», այդ մարդուն պիտի սպասենք:
Արցունքով կը յայտնենք, որ արդէն մեր երկրի սահմանները կծկուած են: Փոքրացած ենք թիւով, հողով եւ սահմանով: Ու մեծ վտանգ կայ, նաեւ ամէն բան կորսնցնելու: Տեսանելի է՛, չէ՞…: Լաւ է, որ օր առաջ մեր ներքին ականջը լարենք: Բայց, որո՞ւ կ՚ըսես: Ո՞վ կը կարդայ այս տողերը: Ժամանակն է, որ մեր ներքին աչքն ալ բանանք, որովհետեւ այնպէս կ՚երեւի, թէ մեր մտքի բանալին իսկապէս, որ կորսնցուցած ենք: Ցաւալի է ու մեզի համար՝ ամօթալի:
Արդ եւ որպէսզի մեր հաւատքի թափը չկտրի, էական է ունենալ նոր հայութիւն, նոր ժամանակնե-րու ցեղին աւազանին մէջ մկրտուած: Վերանորոգ մտքերով, ազգային մեր էութեան ինքնաճանաչումով միատեղ: Կը հաւատամ, որ մեր այս շատ ցաւոտ վէրքերը միասնաբար ամոքելու համար հարկաւոր ենք զիրար սիրել, յարգել, լսել եւ իրար կապել ամէն յոյս եւ երազ: Լոյս տալ հայու մեր ազգային գիտակցութեան ու վերագտնելով կորսուած մեր ազգային արժանապատուութիւնը, հայ կեանքը պարտէզի վերածել ցանկալ: Մտածումի նոր ակօսներ բանալ: Մեր «եսը», «մենք»ով փոխարինել: Հայրենիքի վերակենդանացման եւ մանաւանդ վերաշխուժացման ի խնդիր կեանքի մեր նոր պայքարին, լրջօրէն մասնակից դառնալ: Գիտենք, որ խոր ցնցումը մեր ներսն է, մեր ենթագիտակցութեան մէջ: Բայց եւ այնպէս ժամանակն է, որ նոյնանանք, այլապէս սուլթանը արդէն իր ձին թամբած պատրաստ կը սպասէ, մեր՝ իրեն ընձեռնելիք յարմար առիթին:
Արդ, բոլոր այս «պէտք է» ներէն առաջ եւ վերջ, էականը կը մնայ պատերազմի տխուր հետեւանք-ները չափել, զիրար ամոքել, ցաւակցիլ, կարեկցիլ, հարցերուն ծանրութիւնը միասնաբար կշռել դատել եւ ապա գործի անցնիլ: Լա՛ւ յիշենք: Արդէն երէկը չկայ, յուշ դարձած է, իսկ վաղն ալ ուշ է արդէն: Ուստի, կարեւորը այսօրն է: Հիմա: Բայց որո՞ւ կ՚ըսես: Ազգը եւ հայրենիքը ապրեցնելու ժամանակն է, կը կրկնենք ու միշտ ալ կրկնած ենք: Ահա առաջին պայմանը՝ մեր աշխատանքնե-րուն վերսկսելու: Ասոնց կողքին եւ անպայման սերունդները իրենց արմատներուն կապելն է հարկաւոր: Տրամադրուիլ: Բարի կամեցողութիւն ունենալ: Գուրգուրալ եւ հաղորդակցիլ եւ յատկապէս՝ լսել ու հաւատք դնել ժողովուրդի վրայ: Զոհուած հերոս զինուորներու արիւնը, ինչպէս նաեւ պապենական հողերու կորուստը, բոլորիս համար թանկ է եւ սուղ:
Լաւ յիշենք: Վկայ՝ Եռաբլուրն ու ներկայ Արցախը: Այս մէկուն արդեօ՞ք լրջօրէն կրցած ենք անդրադառնալ: Չեմ գիտեր: Դո՛ւք ըսէ՛ք:
Պատերազմի պատճառով հայ կեանքը քալած է շատ ծանր եւ յարափոփոխ ընթացքով, որովհետեւ այնպէս կ՚երեւի, թէ ցարդ ազգովին, պատմութենէն դաս մը իսկ չենք սորված: Անոր համար մեր նոյն այդ պատմութիւնը ինքզինք կրկնած է ու կը կարծեմ, որ եթէ այս ընթացքը շարունակենք՝ ան միշտ պիտի կրկնէ, մինչեւ որ օր մը «մեր խելքը, մեր գլուխը գայ», ինչպէս, որ յաճախ խրատած են մեր մեծերը: Ու այսպէս, 44 օրերու պատերազմը, անգամ մը եւս եկաւ ապացուցել, թէ հայը դաշնակից չունէր: Մինակն էր մեծ ուժերու դիմաց: Առանձինը՝ ազէրի, թուրք, ՆԱԹՕ.ի զէնքերով եւ վարձկաններով: Եւ այս մէկը կատակ չէր: Երբե՛ք: Ու ո՛չ ոք մեզի օգնութեան հասած էր: Ո՛չ մէկ «դաշնակից»: Բայց այս բոլորի փոխարէն միայն առատօրէն ստացած էինք առատ եւ աժան «կոչեր» եւ ձրի «թելադրանքներ»: Ու յետոյ, իբրեւ մխիթարանք, կը կարծենք, որ ի տես մեր հազարաւոր հերոս նահատակներուն, մեր Աստուածն ալ, մեզի հետ լացած էր: Հաւատացէ՛ք:
Բայց, միւս կողմէ չմոռնանք, որ ամէն ճգնաժամ նոր հնարաւորութիւն կը ստեղծէ: Արդ, այս առի-թէն օգտուիլ գիտնանք: Միասնաբար գտնենք հայու արժանավայել էութեան բանալին: Ճիշդ է, որ տակաւին հարցերը չեն լուծուած, բայց լաւ պէտք է գիտնանք, որ սուլթանն ու իր ձիուն ախորժակը տակաւին տեղն են: Հարցը այն է, թէ ո՞վ պիտի կարենայ այս երկուքը «սանձել», զսպել: Աշխա՞րհը: Եւրոպա՞ն: Ռո՞ւսը: Ամերիկա՞ն: Վրաս գրէ՛: Միայն այն գիտեմ, որ այս օրերուն համար մեզի էական է մեր մտքերու «ձիերուն» համախմբումը: Չմոռնանք, որ ամէն «փորձանքէ» ետք, մենք մի՛շտ վերապրած ենք: Ուստի հարկ է ականջ տալ եւ լրջօրէն լսել ու մտիկ ընել մեր երկրի խորերէն մեզի հասնող հայու զգաստութեան արձագանգին:
Հաւատացէ՛ք, օր մը չէ օր մը, ուշ կամ կանուխ, մենք անպայման պիտի կարենանք այս սուլթանը զսպել եւ իր ձին ալ սանձել: Կարեւորը եւ նախապայմանը՝ մեր երկրին նոր ապագայ մը կերտելն է: Եւ այս մէկը անպայման մեր միասնական ոգիով եւ ճիգով լեցուն հաւատքով, ու մեր խօսքին՝ ընկերացող յարատեւ գործով:
Ահա մեր յաջողութեան ազգային դեղատոմսը: Ուստի…գործի:

Related