Ապաշրջափակումէն Անդին. «Ազդակ»

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Խմբագրական

Եռակողմ յայտարարութեան մէջ կը թուի, որ  ամէնէն աշխարհաքաղաքական հնչեղութիւն ունեցող կէտը Թուրքիա-Ազրպէյճան ցամաքային կամրջումի վերաբերող համաձայնութիւնն է:

Յայտարարութեան 9-րդ կէտը կը բանաձեւէ` «Տարածաշրջանում բոլոր տնտեսական եւ փոխադրական կապերն ապաշրջափակուած են: Հայաստանի Հանրապետութիւնը ապահովում է փոխադրական կապեր Ազրպէյճանի Հանրապետութեան արեւմտեան շրջանների եւ Նախիջեւանի Ինքնավար Հանրապետութեան միջեւ` երկու ուղղութիւններով քաղաքացիների, փոխադրական միջոցների եւ ապրանքների անխոչընդոտ տեղաշարժը կազմակերպելու նպատակով: Փոխադրական հսկողութիւնն իրականացնում են Ռուսաստանի Դաշնութեան ԱԴS Սահմանապահ ծառայութեան մարմինները: Կողմերի համաձայնութեամբ կը տրամադրուի Նախիջեւանի Ինքնավար Հանրապետութիւնը Ազրպէյճանի արեւմտեան շրջանների հետ կապող նոր փոխադրական հաղորդակցութիւնների կառուցում»:

Այս առաջադրանքը ըստ էութեան երկու առիթով իբրեւ հիմնական հանգուցակէտ սեղան բերուած է  ամերիկացիներու կողմէ: Կոպըլի ծրագիրի տեսքով բայց ուղղակի նաեւ պաշտօնապէս Քի Ուեսթի մէջ: Օրուան արտաքին գործոց նախարար Օսկանեանի հաստատումով` Քի Ուեսթի առաջարկներով Լեռնային Ղարաբաղը մէկ անգամէն, ստորագրման պահէն, կը դառնար Հայաստանի տարածք Լաչինի միջանցքով: «Լաչինն ալ պիտի ունենար նոյն կարգավիճակը, իսկ ատոր դիմաց բանակցութիւններ կ՛ընթանային, որ Հայաստանը թոյլ տայ Ազրպէյճանին ազատ օգտագործելու իր տարածքով անցնող ճանապարհը Նախիջեւանի հետ հաղորդակցելու համար: Այս էր  նոր տարրը, որ կը փոխհատուցուէր Ղարաբաղը Լաչինի միջանցքով Հայաստանին միացնելու գաղափարին: Բայց ասիկա համազօր չէր տարածք տալուն: Ազատ օգտագործելով այդ ճանապարհը` Ազրպէյճանը կ՛ապահովէր իր կապը Նախիջեւանի հետ, ոչ թէ գերիշխան տարածք կը տրամադրէր Ազրպէյճանին»:

«Տարածք տարածքի դիմաց» կամ գուցէ «միջանցք միջանցքի դիմաց» բանաձեւը ներառուած է  նաեւ մատրիտեան սկզբունքներուն մէջ: Սկզբունքներու 7-րդ կէտը կ՛ըսէ, որ «Կողմերի միջեւ բաց եւ անարգել փոխադրական եւ հաղորդակցային կապերը խրախուսուելու են ողջ տարածաշրջանում` ներառեալ Ազրպէյճանի ուղիղ եւ անարգել ցամաքային կապը Նախիջեւանի հետ, բոլոր սահմանների բացումը եւ հաղորդակցային ուղիների վերագործարկումը»: Այստեղ առաջադրանքը քաջալերանքի տեսք ունի եւ պայմանաւորուածութեան պարտադիր յանձնառութիւն չ՛ենթադրեր:

Հիմա պէտք է մտածել, որ ամերիկեան ներշնչում եւ նախաձեռնութիւն ունեցող այս թուրանական կամրջումը ինչո՛ւ յայտարարութեան մէջ աւելի յստակ կերպով ամրագրուած է: Ճշդենք նաեւ, որ այս մէկը հրադադարի վերաբերող համաձայնութիւն է եւ ոչ թէ կարգաւորում. թէ՛ Քի Ուեսթի մէջ եւ թէ՛ մատրիտեան եւ հետագայ փաստաթուղթերուն մէջ այս հանգուցակէտը կարգաւորման բանակցութիւններու սեղանին արծարծուած է:

Ամերիկեան եւ թրքական-ազրպէյճանական շահագրգռութիւնը այս կամրջումին աներկբայօրէն յստակ է: Եւ եթէ Միացեալ Նահանգները Իրանի սահմանային փոփոխութիւն կ՛առաջադրեն այս ձեւով կամ իրանեան ելքի եզակիութիւնը կը չէզոքացնեն, ապա ի՛նչ կրնար առաջադրել Մոսկուան այս պարագային:

Ազրպէյճանը Թուրքիոյ կը միանար Վրաստանի ճամբով, եւ փոխադարձաբար. անկախ ռազմական նշանակութենէն եւ զինամթերքի կամ զինուորական արտադրութիւններու տեղափոխութենէն հիմնականին մէջ խօսքը ապրանքաշրջանառութենէ եւ տնտեսական գործառնութիւններէ Վրաստանին հասած շահոյթներու կրճատումն է: Իրանեան ելքին առընթեր վրացական ելքի այլընտրանքային ուղիի կառուցումը կամ ռուսական հայեցակէտէ Վրաստանի շրջանցումը:

Հայկական դաշտին մէջ խօսոյթի թեմայի կը վերածուի հետզհետէ համաթուրանական կամո՞ւրջ, թէ՞ երկրի ապաշրջափակում հարցադրումը: Ըստ էութեան հիմնովին պէտք է զատորոշել նաեւ առանց նախապայմաններու Թուրքիոյ փակած սահմանի բացման պահանջը, ներկայ մութ փապուղիի մէջ գտնուող թուրանական կամուրջէն: Թուրքիոյ հետ սահմանի բացումը ապաշրջափակում է առանց տրամադրելու Թուրքիա-Ազրպէյճան-թրքացեղ պետութիւններ կամրջումին: Այդ կամրջումի իրականացումը սպառնալիք է ո՛չ միայն Հայաստանին: