Սպանիոյ Քոնկրէսը ԼՂ Մարդասիրական Օգնութիւն Ուղարկելու եւ Ազրպէյճանին Զէնքի Վաճառքը Դադրեցնելու Ինիարիդուի Միջնորդութիւնը Ընդունած Է

Աշխարհ, Հայաստան

Սպանիոյ Քոնկրէսը ընդունած է Լեռնային Ղարաբաղ մարդասիրական օգնութիւն ուղարկելու եւ Ազրպէյճանին զէնքի վաճառքը դադրեցնելու՝ պատգամաւոր Ճոն Ինիառիդուի առաջարկ-միջնորդութիւնը։ Այս մասին կը յայտնէ Սպանիոյ մէջ Հայաստանի դեսպանութիւնը:

Սպանացի պատգամաւորը շեշտած է փախստական ​​ընտանիքներուն մարդասիրական օգնութիւն տրամադրելու հրատապութիւնը եւ միջազգային կազմակերպութիւններու ներգրաւուածութիւնը այդ հարցով:

«Աշխարհը չի կրնար շարունակել այլ կողմ նայիլ»,- նշած է պատգամաւորը: