Ակնարկ.- Հայաստան Եւ Արցախ՝ Յետ Նիկոլ Եւ Արայիկ Փուլի Սեմին. Ս. Մահսէրէճեան

Յօդուածներ – Զրոյցներ

«Վերջին մի քանի օրերի ընթացքում, պահի հրամայականին համահունչ, քաղաքական խորհրդակցութիւններ եւ մի քանի տասնեակ հանդիպումներ եմ անցկացրել խորհրդարանական եւ արտախորհրդարանական ուժերի, հասարակական տարբեր կազմակերպութիւնների ու անհատների հետ: Հեռախօսազրոյցներ եմ ունեցել Սփիւռքի տարբեր կառոյցների և մեր հայրենակիցների հետ:

«Հանդիպման մասնակիցների բացարձակ մեծամասնութիւնը համակարծիք է մէկ հարցում՝ Սահմանադրութեանը համապատասխան վարչապետի հրաժարական կամ պաշտօնավարման դադարեցում եւ արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններ»:

Վերի տողերը ուղղակի վերցուած են Հայաստանի հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի կոչէն, որ արձակուեցաւ Երկուշաբթի, 16 Նոյեմբերին: Ան նախ անդրադարձած է 10 Նոյեմբերի տխրահռչակ պայմանագիրով Հայաստանի ու Արցախի վիճակուած կացութեան, իսկ յիշեալ հաստատումէն ետք, կոչ ուղղած է բոլորին, մասնաւորաբար երկրի ապահովութեան ուժերուն, որպէսզի կանխարգիլեն որեւէ ցնցում:

Նախագահին (որ այլապէս ունեցած է թերութիւններ) այս կոչը երկար մեկնաբանութիւններու չի կարօտիր: Անիկա չի գար անձէ մը, որ «աթոռ ձեռք բերելու համար» կը պահանջէ Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականը եւ այժմու իրողական վիճակը յանձանձելու ատակ մարդոցմէ կազմուած կառավարութիւն մը: Ո՛չ ոք կրնայ նախագահը դասել «նիկոլասէր» կամ «հականիկոլ» խմբաւորումներու շարքին, իսկ եթէ մէկը մտածէ, թէ ան «սեւեր»էն է կամ «հիներ»-էն, «հակայեղափոխականներէն», պէտք է յիշէ, որ ան ընտրուեցաւ «Թաւշեայ յեղափոխութեան» ստեղծած եւ մեծ յոյսեր բարձրացուցած ժամանակաշրջանին. անոր կոչ ապացոյց է, որ այդ յեղափոխութիւնը ինքզինք ու Հայաստան-Արցախը հասցուցած է սնանկութեան, ժողովուրդին մէջ աւելի քան 2.5 տարի առաջ արդարօրէն ստեղծուած լաւատեսութիւնն ու իսկական բարեփոխումի յոյսերը շոգիացած են: Սա նաեւ յստակ պատգամ է, որ 10 Նոյեմբերի վատահամբաւ համաձայնագիրը ինքնագլուխ եւ ո՛չ ոքի կարծիքը նկատի ունենալով  ստորագրած երկրի թիւ մէկ պատասխանատուն այլեւս ինքնարդարացման եւ մեղքերը մեղմացնելու որեւէ տեղ չունի, որքան ալ որ ան փորձէ Ազգային ժողովի ամպիոնէն կամ իրերայաջորդ հարցազրոյցներու ճամբով չքմեղանքներ, թզենիի տերեւներ փնտռել: Ան հասած է, դժբախտաբար եւ ցաւ ի սիրտ, իրականութիւնները չտեսնելու այնպիսի կէտի մը, ուր կը կարծէ, թէ «ամբողջ յանցաւորը ես եմ, ժողովուրդը պիտի դատէ զիս» ու նման արտայայտութիւններով, դարձեալ իր կողքին պիտի ունենայ այն բազմութիւնները, որոնք Ապրիլ 2018-ին կանգնեցան իր կողքին, զինք հասցուցին երկրի գերագոյն աթոռին, այն արդար յոյսովու անխառն հաւատքով, որ ներքին բարեկարգումներ պիտի իրականացնէ, պիտի պահպանէ սահմանադրութիւնն ու օրէնքը, որոնք կը սահմանեն հայրենիքի հողերուն ամբողջականութիւնն ու գերիշխանութիւնը: Եւ ահա, աւելի քան 40 օրերու պատերազմը եւ անոր աւարտին՝ բոլորէն գաղտնի ստորագրուած համաձայնագիրը դառն իրականութեան առջեւ կը դնեն հայրենիքն ու ազգը, որոնց «ՄԵԾԱՄԱՍՆՈՒԹԵԱՆ ԿԱՐԾԻՔԸ» կը հրապարակէ նախագահը: Մինչեւ իսկ եթէ պահ մը մտածենք, որ Արցախէն զիջում կատարելը տեղ մը անխուսափելի էր (հակառակը պնդողները գիտակ եւ բանիմաց մարդիկ են), ապա ինչպէ՞ս արդարացնել Հայաստանի հողերէն Ազրպէյճան-Նախիջեւան «անցք»ի մը տրուած համաձայնութիւնը, որ ո՛չ միայն գերիշխանութեան զիջում է, այլ եւ ունի մարտավարական եւ շրջանային ահաւոր հետեւանքներ (այս մասին կ’անդրադառնանք այլ առիթով): Ի՞նչ որակում տանք նման քայլ առնողին…

***

Թերեւս ոմանք մտածեն, թէ Ա. Սարգսեան վրէժ կը լուծէ, որովհետեւ Փաշինեան առանց իրեն իմաց տալու ստորագրած է փաստաթուղթը: Նման մանկունակ մտածողութիւն՝ պարզապէս վարչապետին յանցապարտութիւնը աստիճան մը եւս կը խորացնէ, եթէ անշուշտ տակաւին տեղ մնացած է խորանալու:

Իսկ ի՞նչ ըսել գործնական այլ բողոքներու մասին: Արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեան հրաժարական տուած է, «Իմ քայլը» խորհրդարանական խմբակէն հրաժարականներու շարքը ծայր տուած է, կառավարական վարչամեքենայէն եւ զինուժէն եւս հրաժարականներու ու հեռացումներու կծիկը սկսած է քակուիլ: Արտաքին գործոց նախարարութիւնը, առանց բառը գործածելու՝ ստախօս կը հռչակէ վարչապետը, անդին, պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը հակազդէ խորհրդարանի պաշտպանութեան յանձնաժողովի նախագահ Անդրանիկ Քոչարեանի անճիշդ արտայայտութիւններուն, զայն անատակ կը հռչակէ պատասխանատու եւ ճշմարիտ խօսք ըսելու:

Հրաժարականներ կ’արձանագրուին Արցախի մէջ եւս: Նախագահի խորհրդական ու նախարար կը հեռանան Արայիկէն: Հոն ալ կծիկներ կրնան քակուիլ…

Այս բոլորը նախատեսել կու տան մէկ բան: Նիկոլ Փաշինեանի եւ Արայիկ Յարութիւնեանի վարչախումբերը սկսած են փուլ գալ ներսէն: Եթէ տակաւին դիտողներ կան, թէ խորհրդարանական ընդդիմութիւնն ու արտախորհրդարանական ուժերը պետական հարուած կը նիւթեն՝ աթոռներ ձեռք բերելու համար, նախագահին կոչն ու իրերայաջորդ հրաժարականները պէտք է աւելի քան բաւարար ըլլան, թէ այլեւս չենք խօսիր նիկոլականութեան-հականիկոլականութեան մասին, այլ մեր օրակարգին վրայ է Հայաստանի ու Արցախի լինելութեան, մեր արժանապատիւ պետականութիւնը վերականգնելու հարցը: Պէտք է մեր աչքերն ու միտքերը բանանք, թէ՝ նախագահին յանձնարարած՝ միասնական եւ ատակ կառավարութեան մը կազմութեամբ, երկրին ղեկը յանձն առնողը ինչպիսի՜ հերքիւլեան տաժանք պիտի դիմագրաւէ, այդ աթոռը պիտի ըլլայ իսկական կրակարան, որ կրնայ խորովել հոն նստողներն իսկ…

Թէ այս ընթացքը քանի՞ ժանէն կամ օրէն աւելի պիտի զարգանայ, երկրին ապահովութիւնն ու անվտանգութիւնը պահպանելու՝ նախագահին յորդորը ի՞նչ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ հետեւութիւններու պիտի հասնի՝ կարելի է միայն բարի տրամադրութեամբ նախատեսութիւններ կատարել: Սպասելի է, որ ուժային կառոյցներն ալ, ինչպէս եղաւ 2018-ի Ապրիլին, ունենան յստակատեսութիւն եւ շրջահայեացութիւն, վարչապետը ուղղորդելու, որ միանձնեայ այս ընթացքը հասած է իր վախճանակէտին: Ժողովուրդը բերաւ, նոյն ժողովուրդն ալ վար կ’առնէ: Այս բոլորը պէտք է արձանագրել ցաւով, որովհետեւ ո՛չ ոք, մինչեւ իսկ Փաշինեանի հանդէպ լոկ վերապահութիւն ունեցողներ պէտք է տեսնեն, որ ան մտած էր եւ կը մնայ խորհրդային տարիներու տրամաբանութեան կօշիկներուն մէջ: Ատենին, աղէտներ եւ երկիր վտանգող գայթակղութիւններ լիովին կամ երկար ատեն գաղտնի կը պահուէին խորհրդային ժողովուրդէն, որովհետեւ «պետութիւնն ու անոր վարիչը՝ թիւ մէկը», հռչակուած էին անթերի ու անսխալական: Օդանաւի արկած մը կամ Չեռնոպիլ մը գաղտնի պահելու փորձ կը կատարուէր…: Նոյն «գաղտնապահութիւնը» կիրարկեցին Փաշինեան եւ Յարութիւնեան, ամբողջ 40 եւ աւելի օրեր ճակատներու իրական վիճակը քողարկելով մեր ժողովուրդէն: Մինչեւ իսկ եթէ անոնք բարեմիտ էին (հոս բարեմիտ եզրը կը ստանայ նոր սահմանում), այսօր պարզօրէն կը տեսնենք, որ անոնք մտրակահարած են ժողովուրդի զայրոյթն ու հիասթափութիւնը…:

***

Հայաստան եւ հայութիւնը, աշխարհով մէկ, պէտք է գիտակցին, որ արդէն կը կանգնի յետ-փաշինեանական եւ յետ-արայիկեան փուլի սեմին: 10 Նոյեմբերը, այո՛, ահաւոր եւ դառն վերջակէտն էր մեր պատմութեան ժամանակակից մէկ փուլին, սակայն մեր պատմութիւնը հոն կանգ չառաւ, մեր յոյսերն ու քաղաքական կամքը չեն ոչնչացած: Հայաստան, Արցախ եւ ամբողջ Սփիւռքը անկասկած որ ունին կարողութիւններ, որոնք պիտի ստեղծեն բազմաճիւղ կարելիութիւններ, աւելի բարձր մակարդակի պիտի հասցնեն հայուն ՊԵՏՈՒԹԻՒՆ հասկացութիւնը, պիտի աշխատին իր ճիշդ հունին վերադարձնելու մեր ազգի կառաշարը, որ ահա երկաթուղիէն մասամբ դուրս եկած է 10 Նոյեմբերի համաձայնագիրով, այլապէս կիրարկման ճամբու մէջ դնելով այն վատահամբաւ եւ վնասակար ծրագիրները, որոնք խմորուած էին շուրջ 30 տարի առաջ, Լեւոն Տէր Պետրոսեանի օրով, երբ մեր ժողովուրդին մէջ կը փորձէին տարածել «Արցախը բեռ է» եւ «Ազրպէյճանէն Նախիջեւան գօտի մը զիջիլը Հայաստանին համար նպաստաբեր կրնայ ըլլալ» սնանկ մտածումները: Իսկ արդեօք մոռցա՞ծ ենք թէ «Թաւշեայ յեղափոխութենէն» ետք, Հայաստան այցելող տխրահռչակ Պոլթըն մը ինչպիսի՜ յանձնարարութիւններ արձակեց, որպէսզի Հայաստան խզուի Իրանէն…:

Պետական վարչամեքենան ու անոր կողքին համախումբ կեցուածքով միասնութեան կոչուած հայութիւնը ո՛չ միայն պաշտօնէ պիտի հեռացնէ անհատներ, այլ ՊԱՐՏՈՒՈՂԱԿԱՆ, ԶԻՋՈՒՄԻ մտածողութիւնը: Հրաւիրուած ենք վերաքաղը ընելու յետ-Արցախեան Շարժումի (եւ ո՛չ միայն յետ-անկախութեան) տարիներու մեր բոլոր դրական քայլերը, իրագործումներն ու բացթողումները, աշխատինք մեր քայլերն ու ծրագիրները համաչափել աշխարհի մօտակայ եւ հեռաւոր իրադարձութիւններուն հետ, ՄՈՒՏՔ ԳՈՐԾԵԼ, բառին ամէնէն բովանդակալից առումով՝ մտնել միջազգային խաղերուն կրկէսը, ստուգել, թէ ինչպիսի՛ ալիքներ կրնան նպաստել մեր իրաւունքներուն իրականացման: Այս բոլորը ընելու համար, մեր նոր մեկնակէտը պիտի ըլլայ Հայաստանի ժողովուրդի կեանքէն արտաքսումը սահմանափակ ուղեղով իշխանաւորներու, աւելի՛ եւս՝ ամէն տեսակի խտրականութեան, սեւ-ճերմակի բաժանման մտածողութիւններուն, այլ ընդհակառակն՝ հայութեան ամբողջական ներուժը պէտք է լծենք մեր ԳՈՐԾԻՆ, անկախ անկէ, թէ ա՛յլապէս բնական տարակարծութիւններ եւ գաղափարական մրցակցութիւններ ինչպէ՞ս կրնանք դրական շարժումի վերածել, վերջ տալ զիրար ջլատելու ձախաւեր ընթացքներուն:

…Հայաստանն ու հայութիւնը յաճախ գտնուած են սիզիֆեան պատիժ(*) դիմագրաւելու կացութեան մէջ: Եթէ յունական առասպելին հերոսին պատիժը յաւիտենական է, մենք նման դաժան դատապարտութեան ենթակայ չենք, այլ կրնանք մէկ առ մէկ փշրել այսօրուան աշխարհի աստուածներուն շղթաները:

(*) Սիզիֆոսը (Սիզիֆ) յունական առասպէլի այն հերոսն է, որ հակառակ իր բազում հնարամտութեանց՝ չարագործութիւններուն հետեւանքով աստուածներու զայրոյթը հրաւիրած է իր վրայ եւ արդրաշխարհի մէջ դատապարտուած է ահաւոր պատիժի մը. ան պարտաւորուած է հսկայ ժայռ մը գլորելով բարձրացնել բլուրն ի վեր, երբ գագաթին կը մօտենայ, ժայռը կը գլորի վար, ու ան պարտաւոր է այդ ժայռը վերստին տաժանքով գլորել բլուրն ի վեր: Անոր պատիժը վախճան չունի:

Related