Պիտի Կատարուի Ճիշդ Այն, Ինչ Տեղի Ունեցած է Արցախեան Առաջին Պատերազմին Իբրեւ Արդիւնք. Հասրաթեան

Աշխարհ, Հայաստան

Մարտական թատերաբեմի վերածուած Արցախի մէջ այս օրերուն կը նկատուի հակառակորդի կողմէն վարուող գործողութիւններու աստիճանական «փասիւացում» (չէզոքութիւն), որ ամենեւին չի նշանակեր, որ թուրք-ազրպէյճանական հայաջինջ ծրագրերը նահանջ կ՝ապրին: Այս մասին յայտնած է Արցախի ՊԲ նախկին խօսնակ Սենոր Հասրաթեան:

«Անհերքելի է փաստը, որ պատերազմի սկզբնական շրջանին թշնամական ալեանսը, օգտուելով հայկական կողմին հանդէպ ունեցած մարդկային ու նիւթական գերազանցութենէն, մեծ կորուստներու գնով կրցաւ ռազմաճակատի որոշ հատուածներու վրայ հասնիլ որոշակի յաջողութիւններու, սակայն յետագայ օրերուն նոյն «սրնթացութեամբ» զարգացնել այդ ձեռքբերումները՝ այլեւս անզօր է:

Պաքու-Անգարա ռազմական դաշինքի ծրագիրը՝ «կայծակնային հարուածով» կոտրել հայկական զօրքերու դիմադրութիւնը եւ հաշուած օրերու ընթացքին լուծել Արցախի բռնազաւթման խնդիրը, կրախի մատնուեցաւ:

Արդէն իսկ ակնյայտ է, որ պատերազմը մտած է տեւական փուլ, իսկ ատիկա կը նշանակէ, որ հակառակորդի ակնկալած «դիւրին յաղթանակը» ոչ միայն ապագայ չունի, այլեւ պիտի կատարուի ճիշդ այն, ինչ տեղի ունեցած է Արցախեան առաջին պատերազմին իբրեւ արդիւնք: Պարզապէս, մեզի անհրաժեշտ է եւս քիչ մը համբերութիւն եւ մարտնչող հայուն յատուկ դիմադրողականութեան ոգի եւ ամէն ինչ լաւ պիտի ըլլայ»,- նշած է Հասրաթեան: