ՀՀ Մուտք Գործող Անձը Պէտք է 72 Ժամ Վաղեմութեան Covid-19-ի Բացասական Արդիւնք Ներկայացնէ

Այլեւայլ, Հայաստան

Կառավարութեան որոշումով՝ ՀՀ մուտք գործելու ինքնամեկուսացման եւ «քորոնա» ժահրի զննում յանձնելու գործընթացին մէջ կատարուած է փոփոխութիւնլ։ Այս մասին կը յայտնեն Առողջապահական եւ աշխատանքի տեսչական մարմինէն:

Եթէ ՀՀ մուտք գործող անձը ներկայացնէ առաւելագոյնը 72 ժամ վաղեմութեան «քորոնա» ժահրի բացասական զննման ու զայն հիմնաւորող փաստաթուղթեր, կ՝ազատուի ինքնամեկուսացումէ։

Եթէ առկայ չէ Covid բացասական արդիւնք, անձը պէտք է պարտադիր զննում յանձնէ օդակայանին մէջ կամ ցամաքային սահմանի անցման կէտին վրայ տեղակայուած նմուշառման կէտերուն մէջ եւ պարտադիր ինքնամեկուսացնայ՝ մինչեւ ՊՇՌ հետազօտութեան բացասական արդիւնքին ստացումը։