ՏՈՄՍ.- «Թրքական Ապրանքները Շոգիացած Են…». Ս. Մահսէրէճեան

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Քանի մը վայրկեան առաջ, տիկինս շուկայէն վերադարձաւ լայն ժպիտով մը եւ՝

  • Քեզի լաւ լուր մը ունիմ,- նետեց, կարծես թէ թեթեւնալով:

Արցախէն ու Հայաստանէն հասնող լուրերը աւելի քան մէկ ամիսէ ի վեր բոլորիդ պէս իմ ալ մտահոգութիւններս շերտ-շերտ լեռնացուցած են, նեղցնելով տեղը այլ մտահոգութիւններու: Ուրեմն, կրնաք երեւակայել, թէ աչքերս եւ ականջներս ինչպիսի՜ լայնքով ընկերացուցի «խէ՞յր է» հարցումիս:

  • Հայկական գեր-նպարատուն մը գացեր էի: Գիտե՞ս ինչ տեսայ: Դարակներուն վրայէն թրքական արտադրութիւնները շոգիացեր են: Նկատեցի, որ անոնց տեղը բռնած են Հայաստանի եւ արաբական կարգ մը երկիրներու արտադրութիւնները,- բացատրեց՝ աչքալուսանքի շեշտով մը:

Ուրախութիւնս փորձեց հաւասարիլ իր գոհունակութեան: «Ուշ լինի, նուշ լինի», անցաւ միտքէս: Կասկած չունիմ, որ նոյնը կը պատահի նաեւ այլ երկիրներու եւ քաղաքներու մէջ:

Յետոյ մտածեցի. արդեօք չե՞նք կրնար նա՛եւ ոչ-հայկական գերվաճառատուներէն ու տարածուն շուկաներէ՛ն ալ վանել տալ թրքական արտադրութիւնները՝ սննդանիւթ, հագուստեղէն եւ այլ: Ահա դաշտ մը՝ որ գործի կը հրաւիրէ հաւասարապէս տարեցն ու երիտասարդը, այրն ու կինը, միութիւններն ու կազմակերպութիւնները, բոլո՛րը, բոլո՛րը: Կայ հնարքներու անծայրածիր հորիզոն, իսկ հայուն հնարամտութիւնը ընդհանրապէս աւելի՛ լաւ կը բանի նեղ օրերուն…:

Ոճրագործ Թուրքիան պէտք է զգայ հայուն հասցնելիք տնտեսակա՛ն ցաւն ալ, իսկ զայն աւելի՛ եւս խորացնելու համար, անհրաժեշտ է այս արշաւին միացնել ամերիկացին ու եւրոպացին, արաբն ու ասիա-ափրիկեան ժողովուրդները, հասնիլ մինչեւ Ծայրագոյն Արեւելք:

…Եւրոպան արդէն սկսած է մորթին վրայ զգալ թրքական ներշնչումով ոճրային ահաբեկչութեան ցաւերը: Պէտք է բոլորը մղել խօսքէն գործի անցնելու: Եւ՝ կրնա՛նք յաղթել: