Ժընեւի Մէջ Մեկնարկեց ՀՀ Արտաքին Գործոց Նախարարին Հանդիպումը Համանախագահներուն Հետ

Աշխարհ, Հայաստան

Ժընեւի մէջ մեկնարկեց ՀՀ ԱԳ նախարար Զոհրապ Մնացականեանի հանդիպումն ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներուն հետ․ այս մասին Ֆէյսպուքի մէջ գրած է ԱԳՆ խօսնակ Աննա Նաղտալեան եւ լուսանկար հրապարակած:

Հոկտեմբեր 29-ին Ժընեւի մէջ նախատեսուած էր Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի ԱԳ նախարարներու հանդիպումը, որ, սակայն, յետաձգուեցաւ:

Այսօր Ժընեւ ժամանած է նաեւ Ազրպէյճանի ԱԳ նախարար Ճէյհուն Պայրամովը:

Առայժմ յայտնի չէ, թէ արդեօք առանձին հանդիպում տեղի պիտի ունենայ Հայաստանի ու Ազրպէյճանի ԱԳ նախարարներուն միջեւ: