Արցախի ՊԲ-ն Գիշերը Մեծ Քանակով Թշնամական Զինամթերք եւ Մարդկային Ուժ Ոչնչացուցած է

Աշխարհ, Հայաստան

Արցախի պաշտպանութեան բանակի ստորաբաժանումներուն կողմէ ամբողջ գիշերուան ընթացքին շարունակուած են հակառակորդի խմբաւորումներու տեղաբաշխման շրջաններուն մէջ լրահետախուզման եւ կրակային խոցման գործողութիւնները, որոնց շնորհիւ ոչնչացուած է մեծ քանակով թշնամական զինամթերք եւ մարդկային ուժ: Այս մասին կը տեղեկացնէ Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը:

«Կէս գիշերէն ետք հակառակորդի ուժերը փորձած են նոր յարձակում ձեռնարկել հարաւ-արեւելեան ուղղութեամբ, որ կասեցուած է բանակային ստորաբաժանումներուն կողմէ: Թշնամական ուժերը յաջողութեան հասնելու փորձեր ձեռնարկած են նաեւ ճակատային գիծի հիւսիսային հատուածին վրայ, որ նոյնպես կասեցուած է: Այստեղ եւս թշնամական ուժերը կրած են լուրջ կորուստներ:

Հակառակորդը շարունակած է թիրախաւորել նաեւ խաղաղ բնակավայրերը:

Ներկայ դրութեամբ թշնամական խմբաւորումներու յայտնաբերման ու ոչնչացման գործողութիւնները կը շարունակուին»,- նշած են ՊՆ-էն: